
News
ՀԱՅ ԶՈՀ ՄԸ՝ ՍՊԱՀԱՆԻ ՄԷՋ

Սպահանի մէջ սաստիկ հրթիռակոծումներու իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է հայ զոհ մը՝ Սիմոնեան մականունով։ Տեղեկութիւնը փոխանցուեցաւ Թեհրանէն՝ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքին։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ առօրեայ կապ հաստատել պատերազմի մէջ յայտնուած երկիրները գործող մեր բոլոր թեմերու պատասխանտուներուն հետ։
Թեհրանի Թեմի պատասխանատուները Վեհափառ Հայրապետին յայտնեցին, թէ վերջին օրերուն սաստիկ հրթիռակոծումներու կ՚ենթարկուին Թեհրանն ու Սպահանը։