
News
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Կիրակի, 29 Մարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագած, քարոզած եւ Դռնբացէքի արարողութիւնը կատարած էր Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։ Երկուշաբթի, 30 Մարտին, հանդիպած էր Պոսթոնի կաթոլիկ Առաջնորդ՝ Ռիչըրտ Արք. Հեննինկին։
Երեքշաբթի, 31 Մարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահած էր Տասը Կոյսերու արարողութեան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս), իսկ Չորեքշաբթի, 1 Մարտին՝ Կարգ Մատնութեան արարողութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս)։
* * *
Հինգշաբթի առաւօտեան հանդիպելէ ետք Փրաւիտընսի կաթոլիկ Առաջնորդ Պրիւս Եպս. Լեւանտովսկիի, նոյն օրը երեկոյեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), զոր մատոյց Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Ապա տեղի ունեցաւ Կարգ Ոտնլուայի։ Սրբազան Հայրը լուաց տասներկու առաքեալներու ոտքերը, այնուհետեւ հովիւին, սարկաւագաց, դպրաց դասի, հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Արանց Ակումբի անդամներու ոտքերը, նաեւ Ռոտ Այլընտի նահանգային ծերակուտական Տէյվիտ Թիքոյեանի ոտքը։ Սրբազան Հայրը յատկապէս Ոտնլուային հրաւիրած էր մեթր Տէյվիտ Գափրիոն, զաւակը՝ հանգուցեալ հռչակաւոր դատաւոր Ֆրէնք Գափրիոյի, որ երկու տարիներ առաջ անձամբ դիմաւորած էր Վեհափառ Հայրապետը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ եւ այդ առիթով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը խնդրած էր։
Կարճ դադարէ ետք, Կարգ Խաւարման յատուկ արարողակարգը տեղի ունեցաւ։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Քրիստոսի անզուգական սիրով յանձն առած հնազանդութեան՝ Հօր կամքի կատարման, ի խնդիր մարդկային ցեղի փրկութեան։ Ուստի, հրաւիրեց հաւատացեալները, որ իրենց կեանքին մէջ մեր Տիրոջ ուղիով ընթանան։
Ուրբաթ, 3 Ապրիլին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիտոսի Թաղման արարողակարգին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս)։ Իր հոգեւոր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ մեր Տէրը իր ուսուցած վարդապետութիւնը միշտ գործնապէս արտայայտած է։ Առ այդ, ի հետեւումն իր այն առակին, «ցորենի հատիկը եթէ մեռնի, բազում արդիւնք կու տայ», նմանապէս ան թաղուեցաւ, որպէսզի աշխարհով մէկ տարածուի քրիստոնէական աստուածախարիսխ լոյս հաւատքը։

Շաբաթ, 4 Ապրիլի առաւօտեան, Սրբազան Հայրը նախագահեց Քրիստոսի գերեզմանի կնքման արարողութեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ, Մէչէսուսէթս), մասնակցութեամբ հաւատացեալներու եւ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան։ Սրբազան Հայրը, իր խօսքը ուղղելով յատկապէս աշակերտներուն, յայտնեց, թէ այսօրուան խորհուրդը մեզի կը սորվեցնէ կարեւոր գործնական դաս մը, այն, որ որեւէ անկարելիութեան առջեւ չվհատին, այլ Քրիստոսով զօրանան եւ գործեն։
Շաբաթ երեկոյեան, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), որ մատոյց Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Աւարտին, հրաւիրեց բոլոր ներկաները անդադար աղօթելու, որ Հօր Աստուծոյ կամքը կատարուի ինչպէս երկնքի մէջ, նաեւ երկրի վրայ, որպէսզի փոթորկալից ներկայ աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատուի։
Կիրակի, 5 Ապրիլին, Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք), ։ Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Աւետարանէն մեզի փոխանցուած Սուրբ Յարութեան պատմական եղելութեան, որ անդրանցնելով ժամանակի եւ տարածքի ամէն հասկացողութիւն, մեր կեանքը կերպարանափոխող ճշմարտութիւն մըն է, որ կ՚առաջնորդէ մեր անձնական եւ հաւաքական կեանքը՝ Անոր հետքերով, որ յայտարարեց «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։ Ան յորդորեց հաւատացեալները, որ ներկայ ազգային եւ միջազգային կեանքի վերիվայրումներուն մէջ, միշտ գօտեպնդուին մահուան յաղթահարող Յարութեան հաւատքով եւ յոյսով։






