Առաջնորդարանէն

ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՔՀՆ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ

Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) պատուակալ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր ժողովները դարերու ընթացքին» գիրքին անգլերէն տարբերակը։ Հայերէն բնագիրը լոյս տեսած էր 2024-ին։ Գիրքը կը պարունակէ տեղեկութիւններ 354-1361 թուականներուն տեղի ունեցած 16 կարեւոր ժողովներու մասին։  

Նախաբանին մէջ, Տէր Հայրը կը նշէ, թէ միջ-եկեղեցական շարժումին մասնակցող ամէն հայ եկեղեցական լաւագոյնս պիտի արդիւնաւորէ իր գործունէութիւնը, եթէ լաւապէս ճանչնայ իր ներկայացուցած եկեղեցւոյ ինքնութիւնն ու անցեալը։ «Դժուար է գործակցիլ մէկու մը հետ որ չի գիտեր թէ ո՞վ է ինք, եւ ընդհակառակը, շատ հաճելի է աշխատիլ մէկու մը հետ որ շատ լաւ գիտէ իր անցեալը»։

Գիրքը տրամադրելի է Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Պատուիրելու համար, կրնաք սեղմել այստեղ (հայերէն) կամ այստեղ կամ գրել books@armenianprelacy.org հասցէին։