
News
ՀՕՄ-Ի «ՇԱՔԷ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 11 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Հայ Օգնութեան Միութեան Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղի 111-ամեակի տօնակատարութեան։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ ՀՕՄի դերակատարութիւնը սփիւռքահայ իրականութեան մէջ մեր ժողովուրդի բարօրութեան ի խնդիր, յատկապէս այս տագնապալի օրերուն։
