ՀԱՐՑՈՒՑԷՔ CROSSROADS-ԻՆ

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ՝ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ՍՈՒՐԲԵՐԸ ԺԵ. ԴԱՐԷՆ Ի ՎԵՐ

Մեծ Եղեռնի նահատակներուն սրբադասումը 23 Ապրիլ 2015-ին շրջադարձային երեւոյթ հանդիսացաւ Հայ Եկեղեցւոյ համար։ Մինչ այդ, վերջին սուրբերը եղած էին Յովհան Վարդապետ Որոտնեցի (1315-1386) եւ Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1409), որոնք կ՚ենթադրուի, թէ մեր եկեղեցւոյ սրբոց դասին մէջ ընդգրկուած են Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոսի 1774-ին կազմած եւ տպագրած տօնացոյցին մէջ։

Ապրիլեան նահատակներուն համար, 2005-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ստեղծուած Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբադասման յանձնախումբ մը հաստատուեցաւ սրբադասման կարգի վերականգնման եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասմամբ առնչուող գործերը կառավարելու համար։ Եղեռնի նահատակներուն համար որոշուեցաւ հաւաքական սրբադասման սկզբունքը։

Ի տարբերութիւն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Հայ Եկեղեցին սրբադասման յստակ ձեւաչափեր կամ կանոնագրութիւն չունէր կամ ցայսօր չեն յայտնաբերուած։ Մինչեւ Ապրիլեան նահատակներու սրբադասումը, պատմութեան օրինակներէն կարելի է նշմարել սրբադասման երկու ճանապարհ մեր Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ.

  1. ժողովրդական ճանաչում, որ կ՚արտայայտուի ժողովուրդի ինքնաբուխ մեծարանքով, ուխտագնացութիւններու կազմակերպութեամբ:
  2. Եկեղեցական ճանաչում, որ իր կարգին կը բաժնուի երկու ճիւղի՝ եկեղեցական տեղական ճանաչումը եւ եկեղեցական կեդրոնական իշխանութեան կողմէ րնդհանրական ճանաչումը: Երկու մօտեցումներն ալ առանձնապէս կամ միասին կրնան գործել ոեւէ սուրբի պարագային: Զարեհ եպիսկոպոս Ազնաւուրեան նշած է. «Կարգ մը սուրբեր անհատական նախաձեռնութեամբ անցած են Յայսմաւուրքներու մէջ եւ այդպէս տօնելի դարձած ամբողջ եկեղեցիին համար»։

Կարեւոր է յիշել, որ մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Սրբոց Վարդանանցի տօնը հաւաքական սրբադասման կարեւորագոյն նախադէպն է։ Ան նուիրուած է 451 թուականի մայիսի 26-ին Աւարայրի ճակատամարտին նահատակուած Վարդան Մամիկոնեան զօրավարի և 1.036 հերոսներու յիշատակին։

Հետաքրքրական է, սակայն, որ մեր պատմութեան ընթացքին ուրիշ հաւաքական սրբադասման դէպքեր եղած են, որ սակայն այլեւս չեն նշուիր։ Յիշատակենք այստեղ հայ-պարսկական պատերազմ մը, որ տեղի ունեցաւ 339/340-ին, երբ մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայրապետ մը՝ Վրթանէս Ա. Պարթեւ Կաթողիկոս, սուրբ կը հռչակէ հաւատքի եւ հայրենիքի համար ինկած մարտիկները, եւ անմիջապէս տօն կը հաստատէ։  Նաեւ Յովհաննէս Դ. Ովայեցի Կաթողիկոս  տարեկան տօն սահմանած էր ի յիշատակ Ատոմեանք նահատակաց՝ շուրջ 150 երիտասարդներու, որոնք Նոյեմբեր 853-ին, կապանքներով, բանտարկութեամբ եւ զանազան խոշտանգումներով Դուինի մէջ նահատակուեցան:

Ապրիլեան նահատակաց սրբադասմամբ, մեր Եկեղեցին արդէն որդեգրած է նոր կանոն, որով պիտի առաջնորդուին ապագայ կարգերը։ Անիկա նաեւ կ՚ենթադրէ, ի միջի այլոց, սրբապատկերի օծում, մասունքներու խնկարկում, տուեալ սուրբին կամ սուրբերուն նուիրուած շարականի երգեցողութիւն եւ բարեխօսական աղօթք: Ցեղասպանութեան նահատակներուն համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Զարեհ Արք. Ազնաւուրեանի հեղինակած սքանչելի «Հրաշացան» շարականը որդեգրուեցաւ իբրեւ կանոն։