
News
ՆԻԿԻՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿԻ ՄԱՍԻՆ ՎԱՐԺԸՆԹԱՑԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ

Երկուշաբթի, 20 Ապրիլին, վերջ գտաւ Ազգային Առաջնորդարանի կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու առցանց վարժընթացը Նիկիոյ հանգանակին մասին։ Հինգ մասերէ բաղկացած յայտագրին մասնակցեցան 20 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ։ Յայտագիրը պատրաստուած էր Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սր. Գազանճեանի «Նիկիոյ ժողովը եւ Նիկիոյ հանգանակը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ» անգլերէն գրքոյկի հիմամբ, որ վերջերս լոյս տեսած է։
Շանթ Ա. Սրկ. քննարկեց Նիկիոյ հանգանակը ինչպէս որ բանաձեւուած է Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ Նիկիոյ տիեզերական ժողովին (325), հանգանակին հայերէն ընդլայնուած տարբերակը որ կ՚արտասանուի Սուրբ Պատարագի ընթացքին եւ , հանգանակի դերը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։
Վերջին երկու դասերուն յաջորդաբար 7րդ-10րդ եւ առաջին-վեցերորդ դասարաններու գործնական աշխատանիստեր տեղի ունեցան, զորս ներկայացուցին Նայիրի Պալճեան-Պէլ (Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոց, Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) եւ Մարինա Թէքէեան (Սրբոց Վարդանանց եկեղեւոյ կիրակնօրեայ դպրոց, Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։
