Առաջնորդարանէն

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՈՐԱՆԻ ՆՈՐ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ

Կիրակի, 19 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վըդ. Թահանեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, պատարագեց ու քարոզեց։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց խորանի նոր վարագոյրի օրհնութեան, որուն բարերարութիւնը ստանձնած էին տիկ. Մարի Արապեան, զաւակներն ու թոռները, իսկ Դաւիթ Սրկ. Թորամանեան սիրայօժար կատարած է սարքաւորման աշխատանքը։