
News
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇՒՐԱԶ (ծնունդ՝ 27 Ապրիլ, 1915)

Յովհաննէս Շիրազ Հայաստանի ու Սփիւռքի ամենէն ժողովրդական բանաստեղծը եղած է 1950-1980-ական թուականներուն։
Բուն անունով՝ Օննիկ Կարապետեան, ծնած է 27 Ապրիլ, 1915-ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ (այժմ՝ Գիւմրի)։ Մեծցած է աղքատութեան մէջ։ Առաջին գիրքը՝ «Գարնանամուտ» վերնագրով, հրատարակուած է 1935 թուականին։ Վիպագիր Ատրպետը տաղանդաւոր բանաստեղծին տուած է «Շիրազ» գրական անունը, որովհետև «այս երիտասարդի բանաստեղծութիւնները Շիրազի թարմ եւ ցօղով ծածկուած վարդերի բուրմունքն ունեն» (Իրանի Շիրազ քաղաքը յայտնի է իր վարդերով եւ բանաստեղծներով)։ Շիրազ նոյն տարին մտած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան մէջ։ Ուսանած է Երեւանի համալսարանի բանասիրական ճիւղին մէջ (1941-1947) եւ ապա հետեւած է Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկի գրական բարձրագոյն դասընթացքներուն (1952-1954)։
Շիրազի առաջին կինը բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանն էր։ Անոնց տղան՝ Արա Շիրազ, յայտնի քանդակագործ էր։ Շիրազ իր երկրորդ կնոջմէն՝ Շուշանէն եօթը երեխայ ունեցած է, որոնցմէ Սիփան Շիրազը բանաստեղծ էր։
Շիրազ գրած է հանրայայտ հայրենասիրական ու քնարական բանաստեղծութիւններ։ Հրատարակած է շուրջ 40 հատորներ աւելի քան կէս միլիոն տպաքանակով եւ թարգմանուած՝ 58 լեզուներու։ «Քնար Հայաստանի» գիրքին երեք հատորները (1958, 1965, 1974) կը ներառնեն Շիրազի բանաստեղծութեան լաւագոյն նմոյշները։ Գրած է «Հայոց Դանթէական» մեծածաւալ վիպերգը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, նիւթ մը, որ արգիլուած էր Խորհրդային Միութեան մէջ։ Այս գործին առաջին տարբերակը գրուած է 1941-ին։ Վիպերգի կարճ հատուածներ միայն լոյս տեսած են Շիրազի ողջութեան Երեւանի մէջ եւ քանի մը գլուխներ՝ Պէյրութի եւ Թեհրանի մէջ։ Ամբողջութիւնը՝ աւելի քան 8.000 տող, լոյս տեսած է 1990-ին, Երեւանի մէջ։
1974-ին, երբ յայտնի քննադատ Սուրէն Աղաբաբեան Շիրազին յայտնած է Լենինի շքանշանով պարգեւատրելու որոշման մասին, պատասխանը եղած է. «Եւ փոխարէնը ի՞նչ են նրանք ուզում։ Իմ լռութիւնը գնե՞լ»։
Յովհաննէս Շիրազ մահացած է 14 Մարտ, 1984-ին, Երեւանի մէջ։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնը։ Անոր անունով կը կոչուին Երեւանի մէջ դպրոց մը եւ Նոր Ջուղայի մէջ փողոց մը։ Գիւմրիի մէջ հիմնուած է անոր նուիրուած տուն-թանգարան մը։