Առաջնորդարանէն

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ՝ ԹԱՅՄԶ ՍՔՈՒԷՐԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 26 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բացման աղօթքը կատարեց ու իր պատգամը տուաւ Թայմզ Սքուէրի մէջ (Նիւ Եորք) Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի ձեռնարկին, զոր կազմակերպած էին Վարդանանց Ասպետներն ու Վարդանանց Դուստրերը, հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ ցեղասպանութիւն «ո՛չ վրէժխնդրութիւն զօրացնելու եւ ո՛չ թշնամանք յաւերժացնելու նպատակ ունի, այլ մեզ ու աշխարհը գիտակից դարձնել, թէ նման վայրագութիւններ վերջ գտած չեն։ Փաստը այն է, որ Թուրքիոյ կողմէ 1915-ին եւ յաջորդող տարիներուն գործադրուած ցեղասպանութիւնը այսօր կը շարունակուի անոր անպատժելիութեան եղբօր՝ Ատրպէյճանի արարքներուն դմէջէն»։ Սրբազան Հայրը թուարկեց 1988-էն ասդին գործադրուած ցեղասպանական արարքները հայութեան դէմ՝ Սումգայթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ Մարաղայի ջարդերէն մինչեւ Ատրպէյճանի հայութեան տեղահանումը, Նախիջեւանի մշակութային եղեռնէն մինչեւ արցախահայութեան բռնի վտարումը եւ Արցախի եկեղեցիներու եւ մշակութային կոթողներու նորօրեայ քանդումը, կոչ ուղղելով անպատժելիութեան վերջ տալու։

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ինքնանպատակ չէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, այլ կը նպաստէ այսօրուան անարդարութիւններու դիմակայութեան եւ կ՚օգնէ կանխել ապագայ ցեղասպանութիւններ. «Մեր դատը տարբեր չէ աշխարհի բոլոր փոքրամասնութիւններու դատերէն, որոնք կը կրեն անարդարութեան, խտրականութեան եւ բռնակալութեան վէրքերը՝ համաշխարհային անտարբերութեան դէմ յանդիման»։ Ան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ երիտասարդ սերունդին որ արիաբար դիմագրաւէ ճշմարտութիւնը, ճամբայ բանալով, որ իշխանութիւնները ստանձնեն իրենց նախնիներուն պատասխանատուութիւնը, առաջնորդելով դէպի արդարութիւն ու խաղաղութիւն։

«Ոճրագործներու ժառանգներդները եւ ոճրային լռութեան անոնց գործընկերները պէտք է գիտակից ըլլան», ըսաւ Սրբազան Հայրը, «որ ժխտում, խեղաթիւրում եւ ճնշում պիտի չարգիլեն մեզ, որ քալենք աշխարհի մէկ ծայրէն դէպի միւսը՝ մեր իրաւունքը հռչակելու, որովհետեւ մեր դիմացկունութիւնը սահման չունի»։