Առաջնորդարանէն

ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱԳԷՏ ՌԱՖՖԻ ՔՈՐԹՈՇԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 1 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Երեւանի Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող Հիմնադրամի համատնօրէն՝ ճարտարագէտ Ռաֆֆի Քորթոշեանի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մըն էր քննակելու հայկական ճարտարապետական կոթողներու վաւերագրման ու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։ Այցելուին կ՚ընկերանային Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամ՝ տիկ. Արեւիկ Գաբրիէլեան, եւ Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի անդամ՝ պրն. Հրայր Պարոնեան։