
News
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Հինգշաբթի, 14 Մայիսի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ 2026-ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին բացումը Double Tree հիւրանոցին մէջ (Էլմհըրսթ), նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւանի, եւ հիւրընկալութեամբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Ժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 16 Մայիս։ Թեմիս կրօնական եւ աշխարհական երեսփոխաններու մասնակցութեամբ, Երեսփոխանական ժողովը պիտի քննէ վերջին տարուան անցած ուղին եւ ճշդէ Ազգային Առաջնորդարանի հոգեւոր եւ վարչական ուղղութիւնը։ Հոգեւորականաց համագումարը, նոյնպէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք, ժամանակաւոր դիւան մը նշանակուեցաւ՝ յանձինս մեթր Մովսէս Շրիգեանի (ատենապետ) եւ տիկ. Պի Մովսէսեանի (ատենադպրուհի)։ Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ երեսփոխաններու լիազօրագիրներու վերաբերեալ զեկոյցը եւ կատարուեցաւ ընտրողական յանձնախումբի ընտրութիւնը։ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, եւ տիկ. Անիթա Ներսէս՝ հոգաբարձութեան ատենապետուհի, բարի գալուստ մաղթեցին հիւրընկալ եկեղեցւոյ կողմէ։
Այնուհետեւ, ժողովականները լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ձայնագրուած ուղերձը։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ այս տարի հռչակուած է Հոգեւոր Վերանորոգման Տարի, շեշտելով, թէ «ոգեղէնութիւնը եկեղեցի ըլլալու էութիւնն է եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան կորիզը»։

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ուղղուելով ներկաներուն, խորհրդածեց հոգեւոր վերանորոգման հրամայականին մասին, արձագանգելով Վեհափառ Հայրապետի այս տարուան հռչակագրին։ «Կը խնդրեմ բոլորիդ, իբրեւ այս բարձրագոյն մարմնի դեսպանները, որ վերադառնալով ձեր համայնքները, բորբոքեցէք ձեր ծխակիցներուն սրտերը, ջանադրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ, հոգեւոր վերանորոգման պատգամի հուրով», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ «Բոլորս, իբրեւ Առաջնորդարան, եկեղեցիներ եւ քոյր կազմակերպութիւններ, պէտք է զարկ տանք հոգեւոր գարնան մեր ընտանիքներուն եւ համայնքներուն մէջ»։

Տեղի ունեցաւ մնայուն դիւանի ընտրութիւն։ Մայքլ Կիւզէլեան եւ Սիմոնէ Թոփուզեան համա-ատենապետներ ընտրուեցան, իսկ Պերճ Պարտիզպանեան եւ Շիրլի Սարեան՝ ատենադպիրներ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Արժպ Տ. Աբրահամ Քհն. Մալխասեան՝ էջմիածնական Արեւելեան Թեմի անունով, եւ Կարօ Թաշճեան՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անունով։ Գնդ. Արամ Սարաֆեան՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետը, ներկայացում մը կատարեց Ամերիկայի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ պատմոթեան մասին, իսկ Սթիվըն Հարոյեան խօսեցաւ «Թռչնիկ» կազմակերպութեան բերած նպաստին մասին Սիւնիքի սահմանային գիւղերուն։
Առաջին նիստը աւարտեցաւ գնդ. Սարաֆեանի կողմէ Ազգային Վարչութեան զեկուցման ներկայացումով։
“Crossroads”-ի յաջորդ թիւերով պիտի շադրունակենք անդրադառնալ Երեսփոխանական Ժողովի րնթացքին ու որոշումներուն։



