Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Շաբաթ, 16 Մայիսին, իր աւարտին հասաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը երեք օրուան աշխատանքներէ ետք։ Ժողովը վերընտրեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, պաշտօնավարութեան երրորդ քառամեակի մը համար։ Ընտրութիւնը պէտք է վաւերացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի կողմէ։ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը Թեմակալ Առաջնորդն է 2018-էն ի վեր։

Երեսփոխանական Ժողովի եզրափակիչ նիստին տեղի ունեցան նաեւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու մասնակի ընտրութիւններ։ Կրօնական Ժողովի անդամներ ընտրուեցան Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան եւ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան, իսկ Քաղաքական Ժողովի անդամներ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան (վերընտրեալ), Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան (վերընտրեալ), Ռաֆֆի Սամքիրանեան եւ Ալպըրթ Սուլթանեան։ Այս ընտրութիւններն ալ ենթակայ են Վեհափառ Հայրապետի վաւերացման։