Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆ

Վեհափառ Հայրապետը քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Վատիկան 17 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հովանիին տակ գտնուող միւս Թեմերու առաջնորդներուն ընկերակցութեամբ։

Երկուշաբթի, 18 Մայիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ առանձին հանդիպումի ընթացքին անդրադարձան Արցախի հարցին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող լարուածութեան եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն։

Պապին հետ հանդիպումին ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ, եկեղեցիներու եւ պատմական կոթողներու պահպանումը՝ միջազգային օրէնքին համաձայն, եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նախ անդրադարձաւ հետեւեալ նիւթերուն՝ Զատկուան միացեալ թուականի ճշդում, բոլոր նահատակներու յիշատակութեան օր եւ Վատիկան Գ. Համաժողովի գումարում՝ կարեւորութեամբ ընդգծելով յիշեալ նիւթերուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը համաքրիստոնէական կեանքէն ներս:

Վեհը նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ միջ-եկեղեցական շարժումի մասին, այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ նկատելով՝ աստուածաբանական հարցերու առընթեր, բարոյագիտական խնդիրներու յատուկ կարեւորութիւն տալու առաջնահերթութիւնը:

Վերոյիշեալ կէտերուն գծով Պապը իր հասկացողութինն ու զօրակցութիւնը յայտնեց, իր կարգին տալով անհրաժեշտ բացատրութիւններ:

Այս առանձին հանդիպումին յաջորդեց պաշտօնական խօսքերու փոխանակումը՝ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամներուն եւ Վատիկանի ներկայացուցիչներուն ներկայութեան:

Կաթողիկոսը անդրադարձաւ Հայ եկեղեցւոյ ու Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան, որ աւելի լայն ծաւալ ստացած է Կիլիկիոյ հայկական պետութեան շրջանին, 11-րդ դարէն ետք: Այս յարաբերութիւնը աւելի զարգացաւ միջ-եկեղեցական շարժումի յառաջացումով եւ իր արտայայտութիւնը գտաւ աստուածաբանական երկխօսութիւններու եւ միջ-եկեղեցական հանդիպումներու ու գործակցութեանց ճամբով:

Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման գծով Վատիկանի ցուցաբերած նեցուկին, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի զօրակցութեան գծով:

Լեւոն ԺԴ. Պապը իր պատգամին մէջ դարձեալ անդրադարձաւ յատկապէս կիլիկեան շրջանին Հայ Եկեղեցւոյ ու Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ յարաբերութեան եւ ապա անոր զարգացման, երբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը փոխադրուեցաւ Անթիլիաս: Այս ծիրէն ներս ան նաեւ ողջունեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կարեւոր դերը միջ-եկեղեցական շարժումի ծիրէն ներս, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհակին Խորհուրդին ճամբով եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հետ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու առումով: Իր խօսքին մէջ ան նաեւ յիշեց Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետը՝ որպէս ախոյեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց, եւ Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան առիթով, առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց, թէ Կաթոլիկ եկեղեցին, Ս. Ներսէս Շնորհալի մեծ հայրապետը ներառած է իր Յայսմաւուրքին մէջ եւ այսուհետեւ անոր յիշատակութիւնը պիտի կատարուի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կողմէ եւս։ Պապը նաեւ ընդգծեց Լիբանանի կարեւորութիւնը թէ՛ շրջանի քրիստոնէութեան համար եւ թէ՛ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան իմաստով:

Պաշտօնական խօսքերու փոխանակումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց պատուիրակութեան անդամ Սրբազան Հայրերը։ Յաջորդիւ, Առաքելական Ապարանքի Ուրբանոս Ը. մատրան մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապի եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միացեալ եկեղեցական արարողութիւն մը, որ պատրաստուած էր յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ ծէսէն առնուած աղօթքներով ու շարականներով:

Վեհափառ Հայրապետը եւ իր պատուիրակութիւնը նաեւ հանդիպեցան Ծիրանաւոր Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը դարձեալ շեշտեց Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքի հրամայականը ու կոչ ուղղեց Վատիկանի աջակցութեան: Խօսակցութեան ընթացքին, Կաթողիկոսը եւ Ծիրանաւորը անդրադարձան Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը առիթ ունեցաւ առանձին զրոյց ունենալու՝ կարգ մը զգայուն բնոյթ ունեցող խնդիրներու շուրջ:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպեցաւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի պատասխանատու Ծիրանաւոր Քուրթ Քոխին։ Այս հանդիպումին  ընթացքին Կաթողիկոսը ընդգծեց, թէ անհրաժեշտ էր ձեւաւորել միջ-եկեղեցական նոր մտածողութիւն, մօտեցում ու շեշտաւորում, որոնք ըլլան համապատասխան ներկայ աշխարհի պայմաններուն եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ակնկալութիւններուն: Այսօր, անցեալէն ժառանգուած դաւանաբանական ու աստուածաբանական հարցերը այնքան հրատապ չեն եկեղեցիներուն համար, որքան բարոյագիտական հարցերը, որոնք դարձած են գոյութենական ներկայութիւն անոնց կեանքին մէջ: Հետեւաբար, հարկ է, որ այս հարցերը առաջնահերթ դառնան միջ-եկեղեցական գործակցութեան մէջ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Վատիկանի Կրէկորեան եւ Արեւելեան համալսարաններու տնօրէնութեան հրաւէրով, Երեքշաբթի, 19 Մայիսի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ։ Մանրամասնութիւնները կարելի է կարդալ այստեղ։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան, Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: