
News
ՏՈՔԹ. ԱՐԹԸՐ ՔԻՒՊԻՔԵԱՆ ԵՒ ՏԻԿ. ՆԱՅՏԱ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ

Ուրբաթ, 15 Մայիսին, հիւրընկալութեամբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ճաշկերոյթը «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան։ Ամերիկեան եւ հայկական փառերգերը մեկնաբանեց Անն Մարի Հազարեան, որուն յաջորդեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւանի աղօթքը։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց տիկ. Անիթա Ներսէս՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետուհի, որ անդրադարձաւ նախորդ օրերու ժողովին եւ իբրեւ մեր հաւատքին մէջ արմատաւորուած ընտանիք հաւաքուելու կարեւորութեան։

Իր կարգին, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, նոյնպէս բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ուրախութիւն յայտնելով, թէ անգամ մը եւս Ս. Սարգիս եկեղեցին կը հիւրընկալէ Առաջնորդարանի գերագոյն մարմինը հանդիսացող այս ժողովը։
Երեկոյթին գեղարուեստական բաժինը ապահովեցին ջութակահար Անկելինա Թոզլեան, որ Պախէն եւ Կոմիտաս Վարդապետէն գործեր մեկնաբանեց, եւ Անն Մարի Հազարեան, որ երգեց «Երեւան-Էրեբունի» եւ «Բարի արագիլ» երգերը։
Երեկոյեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Առաջնորդարանի արծիւ» մրցանակը յանձնեց տոքթ. Արթըր Քիւպիքեանին։ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, խորհրդածեց մեծարեալին տասնամեաներու ծառայութեան մասին թէ՛ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ թէ՛ մեր համայնքին։ Խօսք առնելով, տոքթ. Քիւպիքեան սիրալիր խօսքերով յիշեց շուրջ հինգ տասնամեակներու իր կապը եկեղեցւոյ հետ։
Այնուհետեւ, առաջին անգամ ըլլալով տիկ. Նայտա Ոսկերիչեան «Տարուան կինը» մրցանակով պարգեւատրուեցաւ Սրբազան Հօր կողմէ։ Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Շեշտեց տիկ. Ոսկերիչեանի արտակարգ կարողութիւնը՝ անձնական ցաւը վերածելու կարեկցութեան եւ ծառայութեան աղբիւրի, եւ նուիրումը՝ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս մեր համայնքին։ Տիկ. Ոսկերիչեան, որ նաեւ Թեմիս Ազգային Վարչութեան անդամ եղած է, իր խօսքով անդըադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ իր վրայ ունեցած խոր ազդեցութեան՝ Հալէպի մանկութեան օրերէն մինչեւ ընտանեկան կեանքի կերտումը Նիւ Եորքի մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքով խօսեցաւ հաւատքի ու ծառայութեան հիմնական դերին մասին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ճաշկերոյթը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով։


