
News
«ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԸ ՄԵՐ ՀՈԳԻԻՆ». ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Սիրելի երեսփոխաններ եւ հիւրեր,
Խոր հրճուանքով կ՚ողջունեմ ձեզ բոլորդ 2026-ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, զոր կը հիւրընկալէ Նիւ Եորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։ Հաւաքուած ենք իբրեւ Ազգային Առաջնորդարանի ընտանիքը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ, վեր բերելու քրիստոնէական մեր միասնութիւնը, համատեղ քննարկելու հաւաքական մեր իրագործումները եւ բաժնեկցելու աւելի արդիւնաւէտ ապագայի մեր տեսլականը։
Երախտապարտ եմ Ամենակալ Տիրոջ մեզի շնորհած տեսանելի եւ անտեսանելի բարիքներուն, որոնք թոյլ կու տան որ առաւել եւս կազմակերպուինք եւ շարունակենք մեր ծառայութիւնը։ Կ՚ուզեմ որդիական յարգանքս արտայայտել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ արժանաւորապէս մեզ կ՚առաջնորդէ մարդկային պատմութեան այս տագնապալի ժամանակաշրջանին։ Սրտանց երախտապարտ եմ իմ բոլոր գործակիցներուս՝ Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, հովիւներուն, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի երեսփոխաններուն, հոգաբարձութիւններուն եւ ծխական օժանդակ մարմիններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն եւ հաւատացեալներուն ընդհանրապէս, որոնք կ՚իրականացնեն հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լեցուն մեր հաւաքական երազները։
Կ՚ուզեմ յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնել մեր բոլոր համայնքներու ղեկավար մարմիններուն, որոնք ջերմօրէն ընդունեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2023-ի եւ 2024-ի հովուապետական այցելութեան ընթացքին, իսկ անցեալ տարի Վեհափառ Հայրապետի ընտրութեան եւ կաթողիկոսական օծման 30-ամեակը տօնախմբեցին։ Վեհափառ Հայրը այս սրբազան լուծը ստանձնած էր ճգնաժամային պահու մը, երբ, դժբախտաբար, կեղծ տարաձայնութիւններ կը նախատեսէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վախճանը։ Խորապէս երախտապարտ ենք, որ Նորին Սրբութեան առաջնորդութեամբ, Սուրբ Աթոռը ո՛չ միայն շարունակեց, այլ ընդարձակեց իր առաքելութիւնը, խորացնելով մեր ծառայութեան տարողութիւնը եւ զայն թարմացուց ազգային ու միջազգային մակարդակներու վրայ։ Լիբանան վերադարձին, մեր համայնքներուն մշակութային, ընկերային, մարդասիրական եւ, առաւելաբար, հոգեւոր կեանքի կենսունակութեան ականատես ըլլալէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը 2026 թուականը հռչակեց «Հոգեւոր վերանորոգման տարի»։ Կ՚ուզեմ այս թեման դարձնել իմ խորհրդածութեանս կորիզը, աւելի գործնական մերձեցումով, որ հեռու մնայ անոր անդրանցական ոլորտէն, եւ հոգեւոր վերանորոգման գաղափարը մեզի աւելի մօտեցնէ, նոյնիսկ երբ ծանրաբեռնուած ենք այս դարու մարտահրաւէրներով։
Քրիստոսի Մարմնին՝ Եկեղեցւոյ ծառայութեան կէս դարու փորձառութեանս ընդմէջէն անդրադարձած եմ, որ Ոգեղինութիւնը արեւային ուժանիւթի նման է։ Շնորհիւ անոր, իբրեւ Ամենակալ Աստուծոյ տնտեսներն ու նոյնիսկ աշխատակիցները, մենք կը դառնանք մեզ կը դարձնէ աւելի յստակատես, նպատասկալաց, դրական եւ արդիւնաւէտ, ամբողջ Արարչութիւնը ընդգրկող համապարփակ հասկացողութեամբ։
Կասկած չկայ, որ հաւատքը ըստ էութեան այն աղբիւրն է, որուն ընդմէջէն մարդ էակը կը վայելէ աստուածային բարիքները երկրի վրայ։ Մինչ հոգեպէս միացած կը մնանք մեր Երկնային Հօր հետ, այսուհանդերձ, այս փորձառութիւնը իր արտայայտութիւնը կը գտնէ նաեւ այլ ձեւերով։ Մեր պատմութեան համառօտ ակնարկ մը կը վկայէ, որ մեր հաւատքը, ուղղահայեաց հաղորդակցութիւն մը հաստատելով Կենդանի Ամենակալ Աստուծոյ հետ, ներգործած է մեր կեանքի բազմազան երեսներուն վրայ։ Քրիստոնէութեան դարձը կրօնական եւ ծիսական հաւատքի որդեգրումը չէ եղած միայն, այլ հայ կեանքի ամբողջական վերափոխումը, ինչպիսին էր դպրոցներու, բարեսիրական հաստատութիւններու, հիւանդանոցներու եւ ընկերութենէն մերժուած մարդոց, օրինակ՝ բորոտներու նուիրուած կեդրոններու կառուցումը։ Այս շարժումը շարունակուեցաւ 405-ի հայ գիրերու գիւտով, մեր ինքնութեան բիւրեղացումով եւ, աւելի՛ն, յաջորդ դարերուն մշակութային հարուստ ժառանգութեան ստեղծումով, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս, գրաւելով աշխարհի մասնագէտներու ուշադրութիւնը։ Մեր եզակիութիւնը խթանող հաւատքի այս գործընթացը քննութեան ենթարկուեցաւ 451-ին, երբ զոհաբերութեան պատրաստ ազգ մը համարձակօրէն յայտարարեց, ի հետեւումն Պօղոս Առաքեալի խօսքին (Հռ 8.38-39), թէ «այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած…», այս ձեւով մեր հաւատքը Արարատի նման դարձնելով անսասան։
Դարերով, կենդանի հաւատքը արտայայտուած է խաչքարերով, որոնց տրուած է միստիկ լեզու մը՝ Արարիչը փառաբանելու։ Կենդանի հաւատքը ձեւաւորած է ճարտարապետութիւնը՝ խաչաձեւ եզակի նախագիծով եկեղեցիներու շինութեամբ, բոլոր հոն մտնողներուն միշտ յիշեցնելով երկնային անսահման սէրը։ Ներշնչած է բոլոր ժամանակներու գրիչներն ու ծաղկողները, որ իրենց ձեռագիրները նկարազարդեն, ինչպէս Թորոս Ռոսլինի, Սարգիս Պիծակի եւ այլոց գլուխ գործոցները, որոնք կ՚առինքնեն ժամանակակից արուեստագէտները իրենց կենսունակ գոյներով։ Նոյն այս հաւատքը քաջալերած է հոգեւոր ղեկավարներ, ինչպէս Յովհան Օձնեցի Կաթողիկոսը, որ 8-դ դարուն դէպի Դամասկոս երկար ճամբորդութեան ձեռնարկէ, Օմար խալիֆային հանդիպելու եւ Հայաստանը ազատելու հալածանքներու եւ հարկատուութեան ծանր լուծէն։ Կամ ինչպէս Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսը, որ խաղաղութեան միջ-եկեղեցական երկխօսութեան սկսած է Բիւզանդիոնի կայսր Մանուէլ Կոմնենոսի հետ։
Կենդանի այս հաւատքը զարմանալիօրէն կապած է գիւղացին իր հողին։ Խրիմեան Հայրիկ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ քաջածանօթ է իր հայրենասիրական նուիրումով, օրինակ մըն է բոլոր բնապահպաններուն, որոնք մեզ կը զգուշացնեն մայր բնութիւնը խնամելու կարեւորութեան։ «Պապիկ եւ թոռնիկ» հատորին մէջ, մեծ հայրը խանդավառօրէն կ՚ուսուցանէ ու կը փոխանցէ ընտանեկան դարաւոր արժէքները եւ գիւղացիներու հայրենի հողի սէրն ու խնամքը իր սիրասուն թոռնիկին։ Կոմիտաս Վարդապետ այս ժառանգութեան ուրիշ երես մը կը վերյայտնէ իր «Հոռովել»ով։ Անմեղ ու սրտաշարժ երգ մը, զրոյց մը գիւղացիին ու եզին միջեւ, ուր առաջինը ողջունելով արեւածագի լոյսը, իր ուրախութիւնը կը կիսէ գործակիցին հետ, զայն խթանելով նոր ակօսներ բանալու բերրի հողին մէջ։
Ոգեղինութիւնը դրսեւորուած է տարբեր ձեւերով ո՛չ միայն անոնց կեանքին մէջ, որոնք հազարամեակներ շարունակ ծնած ու ապրած են Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ, բայց նաեւ այն նորահաս սերունդին մէջ, որ ծնած ու մեծցած է Ամերիկայի մէջ։ Նորագոյն փորձառութիւն մըն էր անցեալ Ապրիլ 24-ին «Հայկական Ժառանգութեան Ճեմուղիի» (Armenian Heritage Walk) բացումը Ֆիլատելֆիոյ մէջ։ Ապշած մնացի, երբ տեսայ, թէ ինչպէս Ֆիլատելֆիոյ արուեստի թանգարանին կից Փոքր Մհերի արձանի համեստ պարտէզը դարձած էր երկարամեայ երազի մը բծախնդիր իրագործումը՝ խորհրդանիշերով լեցուն։ Ժառանգութեան Ճեմուղին նախագծուած է ցոյց տալու Նոյեան տապանի հանգստեան վայրը Արարատ լերան վրայ։ Ժառանգութեան Ճեմուղիի երկարութիւնը՝ 301 ոտք, մեզի կը յիշեցնէ Հայաստանի քրիստոնէութեան դարձի պատմական թուականը։ Նախագիծի չափերը՝ երեք թուանշանին վրայ հիմնուած, կը յղուին Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդին, որ միահիսուած է Ճեմուղիի հոսքին։ Քարերու, ծաղիկներու եւ թուփերու հարուստ հաւաքածոն ներածուած է հայոց աշխարհէն, ուր Եփրատ ու Տիգրիս գետերը ոռոգած էին աստուածաշնչական Դրախտը։ Կոթողական այս իրագործումը կոչած եմ ազատ եւ փառայեղ հայ ոգիի մարմնաւորումին ճախրանքը Ազատներու երկրին՝ Ամերիկայի ցամաքամասին վրայ։
Պէտք է երախտապարտ ըլլանք Ամենակալ Տիրոջ, որ մեզ առաջնորդած է մաս կազմելու Իր Մարմնին՝ Առաքելական, Ուղղափառ, Տիեզերական Եկեղեցւոյ։ Շնորհակալ ենք Աստուծոյ, որ մեզի տուած է Հայ Եկեղեցին՝ Վահան Թէքէեանի բառերով, «ծննդավայրը մեր հոգիին», ուր այս բոլոր գանձերը պահպանուած են դարերու ընթացքին, աւելի՛ն, դարձնելով Եկեղեցին ո՛չ միայն ծննդավայրը, այլ, ինչպէս կ՚ըսէ նոյն բանաստեղծը, «հայ հոգիին զրահանդերձը»։
Ի՜նչ հոյակապ մարգարէական ձայն։ Եկեղեցին մեր հոգիներու եւ ինքնութեան զրահը նկատուած է ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ ոչ-հայերու կողմէ։ Արդարեւ, անցեալ տարի աշխարհը ականջալուր եղաւ մեր դրացի երկրի կրօնական ղեկավարի յայտարարութեան, թէ «Հայ Եկեղեցին արգելք մըն է շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման»։ Այս յայտարարութիւնը կը յստակացնէ, որ Եկեղեցին ո՛չ միայն հին ժամանակներուն, այլ արդի շրջանին դիտուած է իբրեւ մեր գոյութեան գերագոյն միջնաբերդը։ Այս յայտարարութենէն ետք, դժբախտաբար, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու բարձրագոյն հոգեւորականութիւնը թիրախ դարձնելու պատրուակով, կոյր, կատաղի ու բիրտ հալածանք մը խթանուած է հայրենի ղեկավարութեան կողմէ տկարացնելու համար երկհազարամեայ Հայ Եկեղեցին եւ զայն ենթարկելու աշխարհիկ իշխանութեան քմայքին։ Ահա թէ ինչու հաւաքական զարթնումի գոյութենական կոչ մըն է ասիկա, որպէսզի մեր բոլոր կազմակերպութիւնները զօրաշարժի ենթարկեն իրենց բոլոր կարողականութիւնները, Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու եւ ներկայի ու ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։
Հայ Եկեղեցին, ինչպէս բոլոր դարերուն, այսօր եւս Սուրբ Հոգիի ուղեցոյցով եւ վերանորոգիչ ուժով կը շարունակէ այն դերը, որ իրեն վստահուած է, հաւատարիմ մնալով իր արմատներուն եւ աստուածային արարողակարգին, ուսուցանելով աստուածաշնչական արժէքները եւ զարկ տալով բազմակողմանի երեսներով հոգեւոր կեանքին, խարսխուած՝ Խաչին վրայ արտայայտուած Սիրով։
Ազգային Առաջնորդարանը հոգեւոր այս դերակատարութիւնը կ՚ իրագործէ բազմաթիւ ծրագիրներով, ինչպիսին են «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը, «Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական առաքելութիւնը, համալսարանական առաքելութիւնը, Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնները, Մեծ Պահքի դասախօսութիւնները, «Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ» լսարանը՝ համայնքի դաստիարակութեան եւ հոգեւորականութեան պատրաստութեան լծուած, «Կեդրոնասոյզ Աղօթք» ծրագիրը, «Աղօթք ժողովուրդի հետ», աստուածաշնչական հատուածներու ամէնօրեայ ընթերցումները, դաստիարակչական գրքոյկները, այլ նախաձեռնութիւններու կարգին։ Վերջապէս, մեր բարեսիրական ծրագիրները Հայաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կը ներկայացնեն ոգեղինութեան գործնական արտայայտութիւնը։
Ուստի, տկար ձայնս միացնելով Հայրապետական պատգամին, կը խնդրեմ բոլորէդ, իբրեւ այս բարձրագոյն մարմնի դեսպանները, որ վերադառնալով ձեր համայնքները, ջանադիր եւ նախանձախնդիր կերպով բոցավառէք ձեր ծխակիցներուն սրտերը հոգեւոր վերանորոգման պատգամով։ Բոլորս՝ իբրեւ Առաջնորդարան, եկեղեցիներ եւ քոյր կազմակերպութիւններ, պէտք է զարկ տանք հոգեւոր գարնան ծաղկումին մեր ընտանիքներուն եւ համայնքներուն մէջ։ Գոհունակ սրտով կը յայտարարեմ, թէ այս տարուան Սեպտեմբերին պիտի տօնենք «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի 40-ամեակը, իսկ յառաջիկայ տարի, կամօքն Աստուծոյ՝ «Աղ եւ լոյս» երիտասարդական առաքելութեան տասնամեակը։ Այնքան ուրախ եմ տեսնելով բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք մեծ թիւով կը ծառայեն մեր ծուխերուն մէջ։ Սիրտս ուրախութեամբ կը յորդի երբ կը տեսնեմ երիտասարդութիւնը որ կը սպասարկէ խորանին վրայ եւ այնուհետեւ կը շարունակէ իր նուիրական ծառայութիւնը իբրեւ հոգաբարձութիւններու կամ ՀՄԸՄ-ի եւ AYF-ի նման քոյր կազմակերպութիւններու անդամ, սիրոյ ճաշերու ընթացքին։
Ի հետեւումն Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին, եկէք բոլորս տօնենք այս տարին սաղմոսերգուին հետ, որ կ՚ըսէ. «Այսօր Տիրոջ յաղթանակին օրն է. եկէք ցնծանք եւ ուրախանանք» (Սղ 118.24)։ Եկէք տօնենք ո՛չ միայն մեր շրթներով, այլ մեր առօրեայ գործերով՝ մեր Երկնաւոր Հայրը բերելով մեր ընտանիքներուն մէջ, ամէն Կիրակի հանդիպելով մեր Տիրոջ ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին մեր հաւաքական տան՝ Եկեղեցւոյ մէջ, եւ վերանորոգելով մենք մեզ Սուրբ Հոգիի ներուժով՝ կեանքէ Կեանք մեր ուխտագնացութեան մէջ, միշտ շնորհակալ ըլլալով Անոր նախախնամական հոգատարութեան համար Մարդկութեան հանդէպ ընդհանրապէս եւ մեր ազգին ի մասնաւորի։