
News
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ ՈՒ ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԸ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ

Եզրափակելով Վատիկան կատարած իր պատմական այցելութիւնը 17-21 Մայիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ իր երախտապարտութիւնը յայտնեց Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին ջերմ ընդունելութեան եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն մէջ կատարուած յառաջընթացին համար։ 20 Մայիսին թուակիր իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը գրեց.
«Աւարտելով Վատիկան այցելութեան յայտագիրը, կ՚ուզեմ ջերմ ու խորին շնորհակալութիւնս յայտնել Նորին Սրբազնութեան, որ ինծի տուած է մասնաւոր ունկնդրութիւն մը, որուն ընթացքին առիթը ունեցանք տեսակէտներ փոխանակելու հասարակաց մտահոգութիւն ներկայացնող հարցերու մասին։ Յատկապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ծիրանաւորներ Փարոլինի, Քոխի, Կուճերոթիիի եւ Քուվաքատի անոնց հետ ունեցած շահեկան ու արդիւնաւէտ քննարկումներուն համար՝ միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական հարցերու, ինչպէս եւ Լիբանանի, Արցախի ու Միջին Արեւելքի վերաբերող խնդիրներու մասին։
Մեր քննարկումներուն կորիզն էր մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան ամրացումն ու ընդարձակումը։ Կարեւոր է, յերադարձ հայեացքով, մենք մեզ յիշեցնել մեր երկարամեայ յարաբերութիւններուն մասին, եւ նոյնքան կարեւոր է դէպի առաջ նայիլ ու հետազօտել գործակցութեան նոր ձեւեր, այսպէսով դէպի առաջ շարժելով մեր միջ-եկեղեցական հասարակաց ուղեւորութեան մէջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, իր բաց, լայնամիտ եւ երկխօսութեան հակամէտ կեցուածքով, միշտ էքիւմեքնիք եղած է։ Էքիւմենիզմը այլեւս ընտրութիւն մը չէ աշխարհի մէջ, այլ պարտականութիւն մը։ Նմանապէս, ներ-կրօնական երկխօսութիւնը այլեւս պերճանք մը չէ, այլ անհրաժեշտութիւն մը։ Այս ոգիով ու յանձնառութեամբ, պիտի շարունակենք մեր էքիւմենիք ուղեւորութիւնը, Եկեղեցւոյ տեսանելի միութիւնը համարելով վերջին նպատակը էքիւմենիք շարժումին, իսկ կրօնքներու խաղաղ եւ ներդաշնակ գոյակցութիւնը՝ հաւատքներու միջեւ երկխօսութեան ու գործակցութեան բուն նպատակը»։
ՆՈՐ ՓՈՒԼ
Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական բաժանմունքի տնօրէն, արժեւորում մը կատարած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Վատիկան պաշտօնական այցելութեան եւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին հետ հանդիպումներուն։ Կաթողիկոսարանի կայքէջը լոյս տեսած յօդուածը կը սկսի Սաղմոս 133.1ի մէջբերումով. «Ի՜նչ գեղեցիկ է, եւ ի՜նչ հաճելի՝ երբ եղբայրներ միասին կ՚ըլլան»։
Վատիկան քանիցս անդրադարձաւ, թէ Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 1967-ին՝ 59 տարի առաջ՝ Վատիկանի մէջ այցելած էր Երանաշնորհ Պօղոս Զ. Քահանայապետին, հանդիսանալով Պապի մը հետ հանդիպող Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիի մը առաջին Հոգեւոր Պետը։
Առաւել, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախապէս երեք պաշտօնական այցելութիւն տուած էր Վատիկան եւ հանդիպած երեք Քահանայապետերու հետ. Երանաշնորհ Յովհաննէս Պօղոս Բ. (1997), Երանաշնորհ Բենեդիկտոս ԺԶ. (2008) եւ Երանաշնորհ Ֆրանսիս (2014)։ Առաւել, ինչպէս նախկին այցելութիւններու ընթացքին, այս անգամ եւս Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարին եւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու, Միջ-կրօնական յարաբերութիւններու եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութիւններու Նախագահ Կարտինալներուն ու անձնակազմերուն եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիի Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին հետ։
Վեհափառ Հայրապետին շքախումբին մաս կազմեցին Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան (Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Թեմի), Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան (Առաջնորդ Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի), Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Պատասխանատու Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական Յարաբերութիւններու), Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան (Առաջնորդ Հիւս. Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի), Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան (Առաջնորդ Գանատայի Թեմի), Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան (Առաջնորդ Լիբանանի Թեմի), Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան (Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի), Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի), Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան (Առաջնորդ Յունաստանի Թեմի), Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան (Դիւանապետ), Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան (Վարիչ Տեղեկատուականի) եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան (Գաւազանակիր)։
Միջ-եկեղեցական գործունէութեան ծաւալում
Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին՝ Կիլիկեան Ս. Աթոռի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները նոր տարածք ու խորացում ունեցան, եւ գործակցութեան ամուր հանգրուան թեւակոխեցին։ Վեհափառ Հայրապետը բանիւ եւ գործով միշտ հաստատեց, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը կեանք ու առաքելութիւն է, եւ բոլոր եկեղեցիներ պարտաւոր են զայն որպէս աստուածատուր պարգեւ ընկալել եւ ըստ այնմ առաջնահերթութիւն ընծայել անոր։
Լեւոն ԺԴ. Պապ թէ՛ Առաքելական Պալատին մէջ կայացած պաշտօնական հանդիպումի ընթացքին եւ թէ՛ հրապարակային ունկնդրութեան ժամանակ՝ ուրախութեամբ անդրադարձաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջ-եկեղեցական երկարամեայ դերակատարութեան ու վաստակին, երբ ըսաւ. «Դուք առանձնակիօրէն կը փայլիք ձեր միջ-եկեղեցական անխոնջ նախանձախնդրութեամբ՝ թէ՛ տեղական մակարդակի վրայ, որպէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի հիմնադիրներէն մէկը, եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մէջ, ուր դուք ստանձնած էք բարձր պատասխանատուութիւններ»։
Իր հերթին, Վեհափառ Հայրապետը նախ ընդգծեց Հայ Եկեղեցիի ու Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւնները, որոնք աւելի լայն ծաւալ ստացան Կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին, 11-րդ դարէն ետք։ Ապա ան Անթիլիասի տեղական, շրջանային ու միջազգային միջ-եկեղեցական մասնակցութիւնը լուսարձակի տակ բերաւ, եւ այս առիթով յատուկ կերպով շեշտեց Կաթողիկէ Եկեղեցի եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներ պաշտօնական աստուածաբանական երկխօսութեան եւ Հայ Եկեղեցի ու Կաթողիկէ Եկեղեցի սերտ յարաբերութիւններուն շարունակական ընթացքը։ Հոս ան նաեւ ակնարկեց այն սիրալիր յարաբերութիւններուն, որոնք գոյութիւն ունին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին ու Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին ﬕջեւ։
Նորին Սրբութիւնը նաեւ համաքրիստոնէական շրջագիծ մը բացաւ այս մարզին մէջ, երբ առաջարկեց ամէն տարի Ս. Զատիկը ﬕասնաբար նոյն ճշդուած թուականին տօնելու հարցը, քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուածներուն համար տարեկան «Մարտիրոսներու Օր» մը սահմանելը եւ Վատիկանի Գ. Ժողովին գումարումին հրամայական այժմէականութիւնը համաքրիստոնէական կեանքէն ներս` ի տես Եկեղեցիներուն դիմագրաւած հասարակաց մարտահրաւէրներուն։
Կաթողիկէ Եկեղեցի եւ Հայ Եկեղեցի միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը յատկանշուեցաւ նաեւ, երբ Պապը Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան առիթով առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց, թէ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը՝ որպէս ախոյեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու՝ ներառնուած է Կաթողիկէ Եկեղեցիի Յայսմաւուրքին մէջ եւ այսուհետեւ ամէն տարի անոր յիշատակը պիտի պանծացուի 13 Օգոստոսին։
Միջ-կրօնական երկխօսութիւնը գործակցութեան վերածելու շեշտադրում
Միջ-կրօնական երկխօսութեան ծիրին մէջ, յատկապէս իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութիւններու պարագային, մեր Ս. Աթոռը երկար տարիներու գործուն մասնակցութիւն, առաջնորդողի դերակատարութիւն եւ կամրջողի փորձ ունի։ Արամ Ա. Կաթողիկոս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի եւ թեմական ու այլ շրջագիծերու մէջ, ո՛չ միայն այս երկխօսութեան ջատագովը, այլ նաեւ նախաձեռնողն ու Եկեղեցիներու մղիչ ուժը եղաւ։ Վատիկանի մէջ Վեհափառ Հայրապետը թէ՛ իր հանդիպումներուն եւ թէ՛ Քահանայապետական Արեւելեան Համալսարանին մէջ տուած դասախօսութեան ընթացքին՝ ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւններուն «կեանքի երկխօսութիւն» ըլլալը ամբողջ աշխարհի տարածքին ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, եւ կոչ ուղղեց միջ-կրօնական երկխօսութիւնը գործակցութեան վերածելու։ Ան կարեւորեց համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ խաղաղ համակեցութիւն ու կառուցողական գործակցութիւն ստեղծելը կրօններու միջեւ՝ աշխարհը յուզող հարցերու շուրջ: Նորին Սրբութիւնը նաեւ հաղորդեց, թէ մեր Ս. Աթոռը բազմաթիւ միջազգային, շրջանային ու տեղական միջ-կրօնական մարմիններու անդամ է, եւ մեր ժողովուրդը երկար դարեր ներդաշն ապրած է իսլամութեան հետ եւ կը շարունակէ ապրիլ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ։
Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու զօրակցութիւն
Յատկապէս Սրբազան Քահանայապետին եւ Պետական Քարտուղար՝ Բիեթրօ Փարոլին Կարտինալին հետ հանդիպումներուն ընթացքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս համապարփակ պատկերը պարզեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական դարաւոր ներկայութեան եւ թուարկեց այն ակնկալութիւնները, որ շրջանի Եկեղեցիները ունին Վատիկանէն՝ որպէս զօրակցութիւն իրենց վկայութեան։ Իսկ իր դասախօսութեան մէջ, նոյնինքն «Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները» վերնագրէն մեկնելով, Վեհափառ Հայրապետը վերյիշեցուց քրիստոնեաներուն բնիկ տարր ըլլալն ու զանազան մարզերու մէջ բերած նպաստը՝ մանաւանդ ծանրանալով կրթական եւ բարեսիրական բնագաւառներուն վրայ։ Ան հաստատեց, թէ հակառակ արտագաղթի ալիքին՝ քրիստոնեաներ միշտ պիտի շարունակեն մնալ քրիստոնէութեան ծննդավայրին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն՝ իրենց գործակցութիւնը աւելի սերտացնելու, Միջին Արեւելքի պետական պատասխանատուներուն՝ իրենց քրիստոնեայ քաղաքացիներուն կարելիութիւն ընծայելու աւելի գործուն մասնակցութիւն բերելու իրենց երկիրներու հասարակաց կեանքին, Արեւմտեան երկիրներուն՝ իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու շրջանի Եկեղեցիներուն նկատմամբ, Եկեղեցիներու սփիւռքներուն՝ իրենց հաւատարմութիւնը գործնական միջոցներով ցոյց տալու իրենց Մայր Եկեղեցիներուն եւ հայրենիքներուն նկատմամբ:
Լիբանանի գերիշխանութեան հաստատումը բոլոր շրջաններուն մէջ
Արամ Ա. Կաթողիկոս Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին խօսեցաւ եւ ընդգծեց Լիբանանի պետութեան գերիշխանութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ հաստատելու հրամայականը, Իսրայէլի հեռացումը Լիբանանի հարաւէն եւ զինադադարի լրիւ յարգումը: Ան նաեւ շեշտեց Լիբանանի բոլոր համայնքներուն միջեւ ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, եւ ջերմօրէն ողջունեց Լիբանանի գծով Վատիկանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը: Պապը եւս ընդգծեց Լիբանանի կարեւորութիւնը թէ՛ շրջանի քրիստոնէութեան եւ թէ՛ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան համար, յորդորելով. «Աղօթենք նաեւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, որոնք դարձեալ յօշոտուած են բռնութեամբ եւ պատերազմով»։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Վատիկանի նեցուկը Լիբանանի գծով՝ յիշեցնելով, թէ ան ամբողջ հայութեան կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունի, որովհետեւ եղած է Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդի վերազարթօնքին կիզակէտը: Ան Լիբանանը բնորոշեց որպէս այն տիպար երկիրը, որ աշխարհին կ՚ապացուցէ թէ կարելի է կողք-կողքի գոյատեւել ու խաղաղութեամբ ապրիլ իսլամութեան եւ բոլոր կրօններուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը Լիբանանի իրավիճակը Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական պրիսմակէն դիտելով՝ ընդգծեց քրիստոնեաներուն ամուր կապուածութիւնը իրենց ապրած երկիրներուն, համայնքային կեանքի վերակազմակերպումն ու վերակենսաւորումը, կրօնական ինքնութեան եւ ազգային ինքնութեան փոխ-կապակցութիւնը, փոքրամասնութիւն ըլլալու հասկացողութեան յստակեցումը, քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը, սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակէն դուրս գալն ու գործողի դերակատարութիւն ստանձնելը եւ ինքնակղզիացումէ ու ինքնապաշտպանութենէ ձերբազատուելով մասնակցութիւն բերելը։ Այս բոլորը իրագործելու համար ան կենսական նկատեց քրիստոնէական միասնականութիւնը ամուր պահելը։
Արցախի հարցի արծարծում
Իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Արցախի հարցին եւ շեշտեց Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ, եկեղեցիներու եւ պատմական կոթողներու պահպանումը՝ միջազգային օրէնքին համաձայն եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակումը: Ան այս բոլորը որպէս Հայ Եկեղեցիի եւ ազգի արդար պահանջ բնորոշեց։ Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս Վատիկանի պատասխանատուներուն յիշեցուց, թէ Կրէկորեան համալսարանին մէջ շուրջ տարի մը առաջ Ազրպէյճանի կազմակերպած համագումարի ընթացքին Արցախի եւ Հայ Եկեղեցիի հասցէին կատարուած վերագրումները չեն մոռցուած հայորդիներուն կողմէ: Ան դարձեալ ընդգծեց, որ ակադեմական կեդրոններ առարկայական մօտեցում պէտք է ունենան իրենց յարկին տակ քննարկուող նիւթերուն գծով: Վատիկան խոստացաւ Նորին Սրբութեան արծարծած հարցերուն շուրջ անհրաժեշտ միջոցներու դիմել եւ զօրավիգ կանգնիլ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն՝ անոր կրօնական եւ մշակութային ինքնութեան ու ժառանգութեան պահպանումին ի խնդիր։
Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ իրաւունքներու վերատիրացումի զօրակցութիւն
Արցախի հարցը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ մեր իրաւունքներու ձեռքբերումին առնչելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Պապին եւ Վատիկանի պատասխանատուներուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացումին գծով միջազգային հարթակներու վրայ անոնց ցուցաբերած շարունակական զօրակցութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ հայկական պահանջատիրութիւնը արդարութեան վերատիրացումի համահայկական պայքար է, եւ բոլոր հայորդիներ անոր կամաւոր զինուորներն են՝ մինչեւ մեր իրաւունքներուն ամբողջական վերատիրացումը։
Հոս կ՚արժէ նաեւ աւելցնել, թէ Առաքելական Պալատի Ուրբանոս Ը. մատուռին մէջ եւ հրապարակային ունկնդրութեան ժամանակ տեղի ունեցան եկեղեցական արարողութիւնենր, ինչպէս նաեւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ու Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձաններուն մօտ եւ Ս. Պետրոս մայր տաճարին ու Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Ս. Նիկողայոս եկեղեցիին մէջ:
Առաւել, Նորին Սրբութեան այցելեցին Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու նախկին պատասխանատուներ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական հարցերու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի յարաբերութիւններուն մասին։ Վատիկանի Լիբանանի նորանշանակ դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին այցելեց իր իջեւանած պաշտօնական հիւրերու յատուկ հիւրանոցին մէջ: Իսկ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատուիրակութեամբ այցելեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանատուն եւ ընդունուեցաւ դեսպանին եւ անձնակազմին կողմէ:
Այս բոլոր նշումներուն լոյսին տակ կ՚եզրակացնենք, թէ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Վատիկան այցելութիւնը քաղաքավարական պաշտօնական բնոյթ չունէր, այլ հանդիսացաւ Կաթողիկէ Եկեղեցի եւ Հայ Եկեղեցի-Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն բարձրագոյն մակարդակի վրայ քրիստոնէական սիրով եւ փոխադարձ յարգանքով զսպանակուած յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան յառաջընթաց քայլ մը, երբ Ս. Պետրոս մայր տաճարի հրապարակի բեմին վրայ, Սրբազան Քահանայապետն ու Վեհափառ Հայրապետը, «Ահաւասիկ ես եւ մանկունք իմ զոր ետ ինձ Աստուած» (Ես 8.18) զգացումով օրհնեցին մեծաթիւ հաւատացեալները եւ եղբայրական սիրոյ ողջագուրումով իրարու հրաժեշտ տուին:
Ծիրանաւորներու հետ հանդիպումներ
Ծիրանաւոր Փարոլինի կողքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հանդիպեցաւ միջ-կրօնական յարաբերութիւններու վարիչ՝ ծիրանաւոր Ճորճ Քուաքատի հետ։ Այս հանդիպումը շարունակութիւնն էր նախորդ քննարկումները, զորս երկու կողմերը ունեցած էին անցեալ ամառ Քազախստանի մէջ, աւելի խորացնելով միջ-կրօնական հարցերու ընթացիկ երկխօսութիւնը։
Քրիստոնէական միութեան բաժանմուքի վարիչ՝ ծիրանաւոր Քուրթ Քոխի հետ հանդիպումը, յատկապէս արդիւնաւէտ էր։ Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու բաժանմունքի վարիչ՝ ծիրանաւոր Գլաուտիօ Կուճերոթիի հետ առանձին հանդիպումին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Արցախի հարցը արծարծեց եւ շեշտեց հայ գերիներու ազատագրութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ծիրանաւոր Կուճերոթիի՝ հայոց պատմութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ մասնագէտ, լաւատեղեակ է կացութեան եւ, Ատրպէյճան այցելած ըլլալով, վերջին լուրերուն բաժնեկից դարձուց Վեհափառ Հայրապետը։
Վերջին երեկոյեան, Չորեքշաբթի, 20 Մայիսին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն Վատիկանի Սանթա Մարթա հիւրանոցին մէջ։
Ճաշկերոյթը առիթ հանդիսացաւ մտերմիկ խօսակցութիւն ունենալու ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Կաթոլիկ եկեղեցւոյ յարաբերութեան մասին:







