Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՊԵՐՃ ՊՌՕՇԵԱՆ (ծնունդ՝ 3 Յունիս, 1837)

Պերճ Պռօշեան կը նկատուի արեւելահայ վիպագրութեան ռահվիրաներէն, որուն վրայ ազդած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ի գործը, տպուած՝ 1858-ին։

Բուն անունով՝ Յարութիւն Տէր Առաքելեան, ծնած է Աշտարակ, 3 Յունիս, 1837-ին։ 1851-ին աւարտելէ ետք գիւղական վարժատան ընթացքը, Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսի միջնորդութեամբ, իբրեւ անվճար աշակերտ արձանագրուած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը։ 1855-ին յաջողութեամբ ամբողջացուցած է ուսման ընթացքը եւ նուիրուած՝  ուսուցչութեան, Աշտարակի մէջ։ Պաշտօնի բերումով շրջած է գիւղէ գիւղ եւ դիտած է մեր ժողովուրդի կեանքը, մօտէն հաղորդ դառնալով անոր ապրելակերպին եւ սովորութիւններուն։

1858-ին հրաւիրուած է Թիֆլիս, ուսուցչական պաշտօնով, եւ յաջորդ տարի իր բանաստեղծական առաջին փորձը լոյս տեսած է «Մեղու Հայաստանի»ի մէջ։ 1860-ին մաս կազմած է «Կռունկ» պարբերաթերթի խմբագրութեան։ Պաշտօնավարած է նաեւ Շուշիի եւ Ագուլիսի մէջ, ուր հիմնած է աղջկանց վարժարան մը, 1876-ին։ Նոյն տարին փոխադրուած է Աստրախան, ուր ծխական վարժարան մը հիմնած է, իսկ 1879-ին Երեւանի Թեմի եւ Կարսի շրջանի կրթական քննիչ նշանակուած է։

1885-ին, երբ ռուսական կառավարութիւնը փակած է հայկական վարժարանները, նիւթական դժուարութեան մատնուած է։ Պաշտօնի հրաւիրուած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ եւ 1898-ին՝ հանգստեան կոչուած։ 1907-in վերադարձած է իր ծննդավայրը՝ Աշտարակ։ Անկէ անցած է Պաքուի, ուր մահացած է 23 Նոյեմբեր, 1907-ին։ Թաղուած է Թիֆլիսի Խոջիվանքի գերեզմանատունը։

Պռօշեան առաւելաբար արտադրած է վիպական գործեր։ Ամենէն նշանաւորները եղած են «Սօս եւ Վարդիթեր» սիրային վէպը (1860) եւ «Հացի խնդիր» իրապաշտական վէպը (1879)։ Հրատարակած է նաեւ «Կռուածաղիկը» (1877), «Սկիզբն երկանց» եւ ուրիշներ։

1948-ին Պերճ Պռօշեանի տուն-թանգարանը հիմնուած է Աշտարակի մէջ։