Առաջնորդարանէն

«Ս. ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Ս. Սահակ-Մեսրոպ» լսարանի յայտագիրը, խորանի ծառայողներու մասնակցութեամբ, շարունակուեցաւ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանի՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն), Ս. Պատարագի ոգեղինութեան մասին դասախօսութիւններով, որոնք տեղի ունեցան առցանց, 9 Ապրիլէն մինչեւ 21 Մայիս։

Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) հոգեւոր հովիւ, պիտի ներկայացնէ երեք դասախօսութիւններու շարք մը «Հաշտութեան խորհուրդը. Խոստովանութեան աղօթքը» նիւթին շուրջ, 28 Մայիսին, 4 Յունիսին եւ 11 Յունիսին։