
News
Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կիրակի, 31 Մայիսին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ եւ հայկական վարժարանները կատարեցին իրենց ամավերջի հանդէսը «Փաշալեան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին դպրոցներու տեսչական եւ ուսուցչական կազմը՝ տիկիններ Լուիզ Քանեան, Մարիա Եփրեմեան եւ Ռիթա Թովմասեան, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի տնօրէնուհի՝ տիկ. Հերա Մախուլեան, աշակերտներ, ծնողներ եւ ծխականներ։
Աշակերտներու «Հայր Մեր»ի արտասանութենէն ետք, հայկական վարժարանի տնօրէնուհին՝ տիկ. Մարիա Եփրեմեան, բարի գալուստի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանին, հոգաբարձութեան, տիկ. Մախուլեանին եւ ծնողներուն իրենց մնայուն աջակցութեան համար։ Տիկ. Մախուլեան իր գնահատանքի խօսքով նաեւ քաջալերեց շրջանաւարտները՝ Մկրտիչ Ազիզեան, Անոյշ Ազիզեան եւ Տաթեւ Մանուկեան, որ պահեն ու պաշտպանեն իրենց հայկական ինքնութիւնը։ Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի՝ տիկ. Լուիզ Քանեան, քաջալերանքի ու շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղեց աշակերտներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանին, ինչպէս եւ ծնողներուն։
Տէր Մեսրոպ եկեղեցւոյ անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ուսուցիչներուն ու ծնողներուն եւ քաջալերեց, որ բոլորը շարունակեն սատարել հայկական ու քրիստոնէական ինքնութեան կազմաւորման մեր համայնքի մանուկներուն մէջ։
Տեղի ունեցան արտասանութիւններ աշակերտներուն կողմէ, որուն յաջորդեց շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։ Աւարտին, ուսուցիչներու նուէրնր յանձնեցին աշակերտներուն եւ իրենց կարգին նուէրներ ստացան Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. եւ երէցկին Օժէն Լագիսեաններէն։
