Առաջնորդարանէն

ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՅՈՅՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ

Չորեքշաբթի,  10 Յունիսի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, ներկայ եղաւ Նորին Ամենապատուութիւն Բարթողոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի անուանակոչութեան տօնին նուիրուած համերգի մը՝ Պրուքվիլի (Նիւ Եորք) Սուրբ Յարութիւն յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։ Համերգի ընթացքին, օրուան գլխաւոր բանախօսն էր մետրոպոլիտ Միւռոնը՝ Նոր Զելանտայի Առաջնորդը։ Երկար կեանք եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն մաղթելէ ետք Պատրիարքին, Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին եւ Ամերիկայի Անտիոքեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Սապա Արքեպիսկոպոսին, իրենց ներկայութեան համար։