
News
ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ՝ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԱՏԻԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի այցելութիւնը Վատիկան եւ անոր հանդիպումը Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապի հետ երկու աթոռներու միջեւ յարաբերութիւններու անկիւնադարձային պահ մը կազմած է, ամրացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պատմական կապերը եւ յառաջ տանելով միջ-եկեղեցական օրակարգն ու երկխօսութիւնը։ Լեւոն ԺԴ. Պապը յատկապէս վեր առած է Արամ Ա. Կաթողիկոսի բերած նպաստը այդ երկխօսութեան։
«Այցելութիւնը ընդգծած է եկեղեցական դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը, ինչ որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մշակած է երեք տասնամեակներու գահակալութեան ընթացքին, զինք վերածելով միջ-եկեղեցական առաջնակարգ ղեկավարի մը», յայտնեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ մաս կը կազմէր Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին։ «Աշխարհաքաղաքական հիմնական կերպարանափոխումներու այս ժամանակաշրջանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հռոմի Աթոռին միջեւ համագործակցութեան վերանորոգ յանձնառութիւնը մեզի կ՚օգնեն դիմագրաւելու նոր մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յադիման կը գտնուին հայ ազգն ու Եկեղեցին»։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի առցանց բացառիկ նիստը վերջերս քննարկեց այցելութիւնը։ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Գերշ. Տ. Նարեկ Արք․ Ալեէմէզեան մանրամասն զեկուցեց Նորին Սրբութեան գլխաւորած պատուիրակութեան Վատիկան այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն, խորհրդակցութիւններուն ու քննարկումներուն մասին։
Արձանագրուեցաւ, որ այցելութիւնը աննախադէպ էր իր տարողութեամբ, Վատիկանի արարողակարգային բաժանմունքին բարձր մակարդակի ընդունելութեամբ, Հայրապետ-Պապ համատեղ ժողովրդային հանդիպումի առիթի ընձեռումով, Պապին Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ կատարած գնահատականով՝ յատկապէս միջ-եկեղացական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան շրջածիրին մէջ Նորին Սրբութեան ներդրած աւանդին առումով եւ այս առիթով սուրբ Ներսէս Շնորհալին կաթոլիկ եկեղեցւոյ սուրբերու տօնացոյցին ներառելու պաշտօնական յայտարարութեամբ։
Ժողովը քննարկեց Վատիկանի մէջ Վեհափառ Հայրապետի բարձրացուցած հարցերը.
— Ատրպէյճանի մէջ Արցախի եկեղեցիներու եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը,
— Արցախի ժողովորդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ,
— Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը,
— Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան դիմագրաւած խնդիրները
— Լիբանանցի ժողովուրդին ապրած ողբերգրութիւնը։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանգամանօրէն պարզաբանեց Վատիկանի թէ՛ իբրեւ եկեղեցի եւ թէ՛ իբրեւ պետութիւն գործելու իւրայատկութիւնները, Ատրպէյճանի կողմէ դէպի Վատիկան տարբեր միջոցներով թափանցելու փորձերը եւ հայկական կողմը շահագրգռող հարցերը բարձրացնելու նրբերանգները։ Ժողովը արձանագրեց ներկայ ժամանակներուն ու պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ եւ իր տարողութեամբ աննախընթաց այս այցելութեան կարեւորութիւնը։