Առաջնորդարանէն, Կաթողիկոսարանէն

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Կիրակի, 28 Յունիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 31-ամեակի առիթով, յընթացս Ս. Պատարագի Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գտնուող բոլոր թեմերէն ներս։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Պատարագին պիտի մասնակցի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ պիտի քարոզէ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձին առիթով։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրահանգով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս տեղի պիտի ունենայ Հայրապետական Մաղթանք։

Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է առ Բարձրեալն Աստուած, որ Նորին Սրբութեան պարգեւէ քաջառողջ կեանք եւ ծաղկեալ պահէ Հայրապետական գաւազանը, որպէսզի մեր ժողովուրդը առաջնորդէ՝ լի երկնային իմաստութեամբ, ազգիս համար  ճակատագրական այս շրջանին մեր։

Մեր հաւատացեալները կրնան հետեւիլ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Անթիլիաս) Ս. Պատարագին ուղիղ սփռումով։