Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 2 Յուլիսին, Երեւանի մէջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ գտնուեցաւ միջնադարեան արուեստի բազմավաստակ մասնագէտ Հրավարդ Յակոբեանի ծննդեան 95-ամեակի յոբելինական հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ։

Յետ պատշաճ ընդունելութեան, Անուշաւան Սրբազան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Մատենադարանի տնօրէն՝ Արա Խզմալեանին, փոխ-տնօրէն՝ փրոֆ. Վահէ Թորոսեանին, եւ տնօրէնի խորհրդական՝ Գուրգէն Գասպարեանին, հետ։ Խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մատենադարանին միջեւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Մատենադարանին ձեռագրաց հաւաքածոն հարստացնելու միջոցները։

Պաշտօնական այս այցի կողքին, Սրբազան Հայրը լրացուցիչ աշխատանք տարաւ, ձեռագրատան վարիչ Դաւիթ Ղազարեանի օժանդակութեամբ, ամբողջացնելու իր լայնածաւալ ուսումնասիրութիւնը՝ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Լամբրոնացիի «Մեկնութիւն Սաղմոսաց»ի քննական հրատարակութիւնը, որ ի մօտոյ լոյս պիտի տեսնէ։

Առ ի ծանօթութիւն, Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի կապը Մատենադարանին կէս դարու վաղեմութիւն ունի, երբ 1976 թուականին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրաց ցուցակի պատրաստութեան գծով, Մատենադարանի երկարամեայ տնօրէն՝ Լեւոն Խաչիկեանի տնօրինութեամբ, ան պատեհութիւնը ունեցաւ աշխատելու ձեռագրագէտ Օննիկ Եգանեանի հետ։ Այնուհետեւ, 1992 թուականին՝ Գոլումպիա համալսարանին մէջ դոկտորական աւարտաճառի՝ Ներսէս Լամբրոնացիի «Մեկնութիւն Իմաստութիւն Սողոմոնի» պատրաստութեան համար, Մատենադարանի տնօրէն՝ Սէն Արեւշատեանի տնօրինութեամբ, Սրբազան Հայրը աշխատեցաւ ձեռագրատան վարիչ՝  Գէորգ Տէր-Վարդանեանի հետ։

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը, որպէս մշակոյթի տաճար, այն վայրն է, ուր սերունդներ ամբողջ հայ հանճարի մտքի ճառագայթումով կը լուսաւորուին եւ կը լուսաւորեն հայ կեանքը։

Նկարին մէջ, ձախէն աջ՝ յոբելեար Հրավարդ Յակոբեան, Վահէ Թորոսեան՝ փոխ-տնօրէն, Արա Խզմալեան՝ տնօրէն, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Մատենադարանի գիտաշխատող Արուսեակ Թամրազեան։