ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԵՆՍԱՀԻՒԹԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, Փետրուար 7)
Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան յաջորդող չորրորդ Կիրակի օրուան աւետարանական ընթերցումը՝ ըստ Յովհաննու 7.37-52։ Աւետարանիչը մեզի կը նկարագրէ բաւականին լուրջ դէպք մը մեր Տիրոջ կեանքէն: Տօնի վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս, ոտքի կանգնելով, բարձրաձայն կ՚ըսէ․ «Ով որ ծարաւ է, թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս սուրբ գիրքը կ’ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բխին» (Եզեկ․ 47. 1-12, Զաք․ 14.8): Այս յայտարարութիւնը ներքին վէճ կը յառաջացնէ ներկաներուն մէջ։ Ոմանք կ՚ըսեն՝ Յիսուս «Մարգարէն» է , ուրիշներ՝ «Մեսիան», իսկ այլք կ՛առարկեն, ըսելով, թէ Մեսիան Դաւիթի Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ պիտի ծնի։ Ժողովուրդին զուգահեռ, հրեաներու գերագոյն ատեան հանդիսացող Սանհետրիոնի մէջ եւս տարակարծութիւն կը ստեղծուի։ Երբ աւագ քահանաներ տաճարի պահակները կը հարցադրեն, թէ ինչո՞ւ զինք չձերբակալեցին, պատասխանը կ՚ըլլայ՝ «այս մարդուն պէս խօսող երբեք չենք տեսած»։ Քահանաները կը սաստեն զիրենք ըսելով՝ «ինչ, դո՞ւք ալ խաբուեցաք»։ Ժողովականներէն մին՝ Նիկոդեմոս, որ նախօրօք գիշերանց այցելած էր Յիսուսի, կը յիշեցնէ պաշտօնակիցներուն, որ որեւէ ձերբակալութիւն օրինական որոշ գործընթացք կը պահանջէ։ Քահանաները բացայայտօրէն դժգոհելով նման վերյիշումէ, կը պատասխանեն. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլեայէն ես. քննէ՛ Սուրբ գիրքերը եւ պիտի տեսնես, թէ Գալիլեայէն մարգարէ չ՚ելլեր»։
Լաւագոյնս հասկնալու համար Յիսուսի հանդիսաւոր այս յայտարարութիւնը՝ յատկապէս այս օրուան առթիւ, կարեւոր է անոր պատմական ենթահողը ունենալ, որ ծանօթ է «Տաղաւարահարաց տօն» անունով։ Այդ օր, եբրայեցիները կը տօնախմբէին անապատին մէջ վրաններու տակ ապրող իրենց նախահայրերուն հանդէպ Աստուծոյ տածած հոգատարութիւնը։ Այդ առթիւ, հարուստ ծիսակատարութիւն կը կատարուէր։ Քահանաներ Սելովամի աւազանէն ջուր կը կրէին, ի յիշատակ Աստուծոյ ջուր հայթայթելուն ժայռէն (Ելք 17.1-7)։ Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրն էր, անոնք եօթն անգամ վրանին շուրջ դառնալով կ՚արտասանէին Սաղմոս 118.25. «Տէ՜ր, փրկէ մեզ, կ՛աղաչենք Քեզի։ Տէ՜ր, կ՛աղաչենք Քեզի մեզի յաջողութիւն պարգեւէ»։
Սուրբ գրային այս ծանօթութիւնը ունենալէ ետք, Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ մեր հոգիներու ծարաւը մենք եւս յագեցնենք, խորանալով կարգ մը մանրամասնութեանց մէջ։
ա․Այս տօնը լաւագոյն առիթն էր նման յայտարարութեան մը համար, որպէսզի քառասուն տարի անապատին մէջ ապրող սերունդին ժառանգորդները առաջնորդուէին ուղիղ ճամբով ընթանալու եւ ճանչնալու Աստուծոյ նախախնամութիւնը, որ անցեալին խորհրդանշական ձեւով յայտնուած էր, իսկ ներկային թանձրացեալ կերպով՝ Յիսուս Քրիստոսի ըմդմէջէն։
բ․ Մանանան՝ երկինքէն ղրկուած հացը, եւ ժայռէն բխած ջուրը, կոթողական եւ անմոռանալի զոյգ հրաշքներն էին, որոնք ապահոված էին գերութենէ դէպի խոստացեալ երկիր ընթացող սերունդին գոյութիւնը։ Երկինքէն հայթայթուած հացն ու ժայռէն բխող ջուրը լաւագոյն առհաւատչեաներն էին որ կեանքի Պարգեւատուն է՛ նաեւ հոգատարը ստեղծագործութեան, եւ իր կամքը գործադրելու համար ոչինչ անկարելի էր։ Յիսուս կանխօրօք ինքզինք նոյնացուցած էր երկնային հացին, իսկ այս յայտարարութեամբ կը բացայայտէր ո՛չ միայն թէ ո՞վ է Ինք, այլ նաեւ ի՞նչ է Ինք մեր կեանքին մէջ։ Հացը եւ ջուրը, պատմութեան ողջ ընթացքին, որեւէ ընկերութեան մէջ հանդիսացած են գոյութենական բնոյթ ունեցող կենսական տարրեր։ Անոնք կը նկատուին մեր մարմնի, մտքի ու հոգիի գործունէութեանց եւ ստեղծագործութեանց հիմնական նիւթերը։ Ուստի, Յիսուս ամենայն անկեղծութեամբ եւ թափանցիկութեամբ կը պատգամէ մեզի, որ դիմաւորենք Զինք, որպէս մեր կեանքի հիմնական կենսահիւթը, եւ ըստ այնմ վայելենք Իր կենդանարար բարիքները մե՛ր իսկ բարօրութեան ու բարգաւաճման համար։
գ․ Ժողովուրդին հակազդեցութիւնը թէպէտ այլազան է, բայց եւ այնպէս ակնկալելի է։ Արդարեւ, ականջալուր եւ ականատես ըլլալէ ետք Անոր ուսուցումներուն եւ կատարած հրաշքներուն, ոմանք զինք կ՚ընդունէին որպէս «Մարգարէ»ն, շատ հաւանաբար Եղիան, որ կ՚ակնկալուէր որ գար Մեսիայէն առաջ (Մր 9.11), իսկ ուրիշներ՝ որպէս երկարատեւ սպասուած նոյնինքն Մեսիան։ Հետաքրքրական է երրորդ խմբակի մօտեցումը, որ կ՚ենթադրէ որոշ սուրբ գրային պաշար, այն հասկացողութեամբ, որ անոնք կ՚առարկէին, թէ Մեսիան պէտք է Բեթղեհէմի մէջ ծնած ըլլայ։ Վերեւի բոլոր մօտեցումներն ալ սուրբ գրային որոշ հիմք կ՚ենթադրեն։ Արդարեւ, երախտապարտ պէտք է ըլլանք Աւետարանիչներուն, որ նման թանկագին մանրամասնութիւններ ընդգրկած են իրենց գրութեանց մէջ, որպէս ժամանակակիցներու լիիրաւ վկայութիւններ՝ անկախ դասակարգային նկատառումներէ, անաչառ կերպով փոխանցելով Յիսուս Քրիստոսի պատկերը ո՛չ միայն իրենց, այլ նաեւ ժողովուրդին կողմէ դիտուած։
դ․ Քահանաներու եւ փարիսեցիներու հակազդեցութիւնը տաճարի պահակներուն, ինչպէս նաեւ իրենց պաշտօնակից՝ Նիկոդեմոսի առարկութեանց, իրա՛ւ որ քամահրելի է։ Իսկութեան մէջ, անոնք ժողովուրդին բոլոր հարցումներու պատասխաններուն քաջատեղեակ էին։ Իրենց հեղինակութեան սպառնալիք հանդիսացող ո՛չ աւանդական այս Ռաբբիին երեւման սկիզբէն իսկ անոնք՝ վստահ որ սերտած էին Անոր ընտանեկան ծառը, եւ քաջ գիտէին որ Ան՝ Յովսէփի որդին, ծնած էր Բեթղեհէմի մէջ, Դաւիթ թագաւորէն շառաւիղ ըլլալով։ Դժբախտաբաը, ուրանալով ճշմարտութիւնը, անոնք նոյնինքն Սուրբ Գրքի դատապարտութեան կ՚ենթարկէին իրենք զիրենք, որպէս «խստապարանոցներ», ինչպէս կը կարդանք Ելից գրքին մէջ (32.9)։ Պօղոս Առաքեալի խօսքով, թէ «Աստուծոյ մասին ինչ որ կարելի է գիտնալ՝ գիտեն արդէն, քանի Աստուած ինք յայտնեց անոնց» (Հռ 1.19), որպէս գերագոյն հեղինակութիւն Սուրբ Գրքի մեկնաբանութեան, ականատես ըլլաով հանդերձ մարգարէութեանց իրականացման, իրենց գիտակից տգիտութիւնը դատապարտելի էր, եւ ո՛չ մէկ արդարացում ունէր։
Աւետարանի այսօրուան համար ճշդուած այս ընթերցումը, ուր կը տեսնենք դրական եւ ժխտական մօտեցումներ, թող որ առաջնորդէ մեզ ո՛չ թէ նենգամտութեան, անապահովութեան, եսակեդրոն մարդկային դատողութեամբ, այլ ինչպէս հովը նաւակի առագաստներուն հետ միախառնուելով, զայն կ՛առաջնորդէ խաղաղ նաւահանգիստ, նմանապէս Սուրբ Հոգին, որ նաեւ ներկայացուած է Ծննդոց գրքին մէջ որպէս հով (Ծն 1.2), մեր հոգիներու առագաստին հետ գիրկընդխառնուելով, արժանի ընէ մեզ դիմաւորելու «երկնքի եւ երկրի Անբաւելի»ն, եւ Զայն մեր մաքուր սրտերուն մէջ ընդունելու, որպէսզի երկնային Հացով ու Ջուրով սնանելով, ուրախութեամբ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս։ Ամէն։