ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ
Շաբաթ, 14 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար առցանց նիստը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ համա-ատենապետութեամբ Տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեանի (Լիբանան) եւ Գրիգոր Մահսերէճեանի (Ապու Տապի)։ Օրակարգը քննեց համավարակին հետեւանքները, Լիբանանի հայութեան վերականգնումը եւ Արցախի պատերազմին յառաջացուցած տագնապը։ Ժողովի գլխաւոր կէտերէն էին.
ա) Հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, Մայրավանքէն ներս, ինչպէս մեր բոլոր թեմերուն մէջ, եկեղեցական արարողութիւնները կանոնաւոր կերպով կը կատարուին եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններու ու Սուրբ Գրոց սերտողութիւններու ճամբով հոգեւոր սնունդ կը տրուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
բ) Վեհափառ Հայրապետը ցաւով անդրադարձաւ, որ համաճարակին զոհ գացած են համայնքային պատասխանատուներ ու ազգայիններ, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներ՝ գրեթէ բոլոր գաղութներէն ներս։
գ) Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով ողջունեց առաջնորդարաններուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէ կատարուած մարդասիրական աշխատանքները համավարակի ընթացքին, հպանցիկ կերպով անդրադառնալով Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն, յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ։
դ) Հայրապետը յոյժ կարեւոր նկատեց Լիբանանի հայութեան վերականգնումը, յատկապէս բնակարաններու վերանորոգման ուղղութեամբ։
ե) Անդրադառնալով Արցախի պատերազմին ստեղծած կացութեան, Վեհափառը կրկնեց, թէ ամէն գնով բեւեռացումներէ հեռու պէտք է պահել Հայաստանը, նոր ընտրութիւն կազմակերպելով եւ նոր իշխանութիւն հաստատելով. միաժամանակ, լծուելով Արցախի անկախութիւնը ապահովելու աշխատանքներուն։
զ) Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ 2021 տարին հռչակած է «Արցախի Տարի», շեշտելով Արցախի կարիքներուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ Արցախի անկախութեան համար յատուկ աշխատանքներ տանելու հրամայականը։
է) Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Կաթողիկոսարանին դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն, հրամայական նկատելով թեմերուն կողմէ Աթոռատուրքի գծով յատուկ ճիգ մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը։
ը) Սիսի Կաթողիկոսարանին վերադարձի գծով Թուրքիոյ պետութեան դէմ Կաթողիկոսարանի դատին անդրադառնալով, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց վերջին զարգացումներուն եւ թրքական դատարանին կողմէ կատարուած յետաձգումներուն, յայտնելով, որ դատի թուական ճշդուած է 21 Մարտ, 2021ը։
թ) Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ յայտնեց, որ հակառակ գործնական դժուարութիւններուն, Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոնները կը գործեն առցանց, իսկ Դպրեվանքը, «Թռչնոց Բոյն»ը, Ազգ. Ծերանոցը եւ Ազգ. Բուժարանը բնական կերպով կը շարունակեն կատարել իրենց աշխատանքները։