Լուրեր

ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ

“Hyperallergic” արուեստի առցանց հանդէսը, որ 2009ին հիմնուած է Վիգէն Կէյիկեանի եւ Հրակ Վարդանեանի կողմէ, իր Փետրուար 28ի թիւը նուիրած է Արցախի մէջ հայկական վտանգուած ժառանգութեան եւ ինքնութեան անտեսուած հարցերու։

Հանդէսին խմբագրապետը՝ Հ. Վարդանեան, ընդհանուր ներածութիւն մը գրած է, ինչպէս եւ յօդուած մը՝ լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեանի կողմէ Արցախի պատկերային հետազօտութեան, 10 Նոյեմբերի զինադադարէն ետք։

Հանգուցեալ արուեստի քննադատ՝ Նիրի Մելքոնեան, ներկայացուցած է Հրայր Սարգիսեանի կողմէ 2015ին լուսանկարուած Արցախի հանդարտ օրերը, իսկ Մաշինկա Ֆիրունց Յակոբեան կը քննէ բռնագրաւուած Շուշիի թանգարաններուն մէջ այժմ սպառնալիքի տակ գտնուող հայկական ժառանգութեան ճակատագիրը։

Ղարաբաղի կարպետներու մասին գրելով, Հրակ Աւետանեան կ՚անդրադառնայ Ատրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութեան եւ անոր յարուցած սպառնալիքին՝ գորգագործութեան հնօրեայ մեր արուեստին։ Պատմաբան Ռէյչըլ Կօշկարեան կը քննէ Գանձասարի վանքի շինարար՝ արցախցի իշխան Հասան Ջալալի կենսագրութիւնը, անդրադառնալով Կովկասի ինքնութեան բազմազան խաւերուն։

Արուեստի պատմաբան Քրիստինա Մարանճի վերլուծած է մօր եւ մանկան անսովոր պատկերագրութիւնը՝ Քարվաճառի շրջանի Հանդաբերդի խաչքարի մը մէջ (12-13րդ դարեր)։ Իրաւաբան Ելենա Համբարձումեան՝ Պաքուի 1990ի ջարդերու վերապրող մը, կը բացատրէ, թէ ինչո՞ւ հայոց մշակութային ժառանգութիւնը սպառնալիք մըն է Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ատրպէյճանի անհիմն պնդումներուն։

Վերջապէս, Նեւտոն Ժամկոչեան հարց կու տայ, թէ «արուեստի լուացում»ը կ՚օգնէ՞ Ատրպէյճանի միջազգային դիմագիծի մաքրագործման՝ ժամանակակից արուեստի ու ճարտարապետութեան համար միլիոններու ծախսով։ Իսկ Սիմոն Մաղաքեան կը թելադրէ, որ հայ ճարտարապետի մը կողմէ շինուած իսլամական սրբավայր կրնայ առիթ տալ տարբերութիւններ կամրջելու։

Հանդէսի այս համարը կարդալու համար, սեղմեցէք այստեղ։