ՆԻՒԹԱԿԱՆՈՎ ՇԱՀԻՆՔ ԱՆՆԻԻԹԱԿԱՆԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 7 Մարտ, 2021)
Մեծ Պահոց չորրորդ Կիրակին ծանօթ է Տնտեսի Կիրակի անունով, ի հետեւումն այն առակին, զոր Քրիստոս պատմեց Աշակերտներուն։ Հարուստ մարդ մը տնտես մը՝ գործավար մը ունէր, որուն սխալ ընթացքին մասին լուր կը հասնի իրեն։ Տնտեսը շուտով կը կանչուի հաշուետուութեան, եւ որովհետեւ գիտէր թէ երբ արձակուի պաշտօնէն, որեւէ գործ չի կրնար ընել ոչ ալ մուրալ, շուտով կը կանչէ բոլոր անոնք, որոնք պարտք ունէին կալուածատիրոջ, եւ բացառիկ պատեհութիւն մը կ՚ընծայէ անոնց, որպէսզի զեղչով իրենց պարտքը վճարեն, այն յոյսով որ՝ իր անգործութեան ժամանակ կ՚օգնեն իրեն։ Հարուստ մարդը, երբ կը լսէ անցուդարձը, փոխանակ զայրանալու, կը գովէ զինք։ Յիսուս, եզրակացնելով առակը, կ՛ըսէ․ «Այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները։ Եւ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին» (Ղկ 16.1-9)։
Այս առակը, որքան որ աշխարհիկ զբաղումի ցոլացում է, միաժամանակ կ՚առաջնորդէ մեզ խորհրդածելու Կեանքին մասին, որ զերծ է զբաղումներէ եւ իտէալ երջանկութեան վայելքի խոստումն է։ Ուստի, երկնաւորին իմաստութենէ քաղուած պատգամով երկրաւոր մեր կեանքը ճոխացնենք, միշտ մեր աչքերը յառելով երկնաւորին։
ա․ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիսոտսի վարդապետութեան կորիզր Երկնքի Արքայութիւնն է, եւ միշտ ուղղուած է անոր հոգեւոր ու յաւերժական կեանքի ճշմարտութեան բացայայտման։ Այսուհանդերձ, զայն հասկնալի դարձնելու համար մեկնակէտ ունի միշտ այս կեանքը իր բոլոր տարրերով։ Ուստի, Անոր առակները, առնուած ըլլալով կեանքի տարբեր փորձառութիւններէ, ամենայն ներդաշնակութեամբ մեզ կ՚առաջնորդեն նիւթականէն՝ հոգեւորին, երեւելիէն՝ աներեւոյթին, իմանալիէն՝ անիմանալիին։ Արդարեւ, անզուգական Վարդապետը երկրաւոր իր առաքելութեան սեմին ամենայն յստակութեամբ յայտարարեց, թէ «Երկնքի Արքայութիւնը մօտեցած է» (Մտ 4.17): Այլ խօսքով, որքան որ մեր աչքերը յառած ենք ապագային՝ Քրիստոսի միւս անգամ գալստեան, միաժամանակ մասնակից ենք անոր աստիճանական զարգացման՝ ներկայիս, երկրաւոր այս կեանքին մէջ, այս երկրագունդին վրայ։ Յիսուս երբե՛ք չտատամսեցաւ բոլոր տարրերը գործածել այս հոյակերտ արարչագործութեան, որ իր կարգին Ամենազօր Աստուծոյ յաւիտենական ծրագրին մաս կը կազմէ։
բ․ Տնտեսին չարաշահութիւնը իր իսկ դատումով անարդարանալի է։ Ափսո՜ս, որ այս վերաբերումը ընդհանրացած է։ Ագահութեան եւ աւելիին տիրելու մոլուցքէն մղուած, մարդիկ դժբախտաբար կը շահագործեն իրենց հանդէպ վստահութիւնը։ Սկիզբը՝ փոքր հնարամտութիւններ գործածելով, յետագային՝ իրենց յաջողութիւններէն քաջալերուած, ճակատագրական քայլեր կ՚առնեն, վարկաբեկելով իրենց համբաւը եւ իրենք զիրենք։ Ահա նման կացութեան մէջ, պաշտօնը կորսնցնելու սպառնալիքը անյուսութեան չ՚առաջնորդեր տնտեսը, ընդհակառակը, ան զօրաշարժի ենթարկեոլվ իր հնարամտութիւնը, բաւականին յանդուգն քայլի մը կը ձեռնարկէ։ Անմիջապէս իր մօտ կը կանչէ պարտապանները եւ առաջինին կը հարցնէ. «Որքա՞ն պարտք ունիս տիրոջս»: Անիկա կը պատասխանէ. «Երկու հարիւր թիթեղ ձէթ»: Տնտեսը կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ անմիջապէս գրէ՝ հարիւր»: Յետոյ կը հարցնէ միւսին. «Դուն որքա՞ն պարտք ունիս»: Անիկա կը պատասխանէ. «Չորս հարիւր յիսուն պարկ ցորեն»: Տնտեսը կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ գրէ՝ երեք հարիւր յիսուն»: Անշուշտ այս առատաձեռնութիւնը կ՛ըլլայ տանտիրոջ հաշուոյն։ Ոեւէ ունկնդիր կամ ընթերցող վստահ որ պիտի կռահէ այս ապօրէն փոխանցումներուն հետեւանքը։ Այժմ տեսնենք մեծահարուստին հակազդեցութիւնը։
գ․ Տէրը երբ տեղեակ կ՛ըլլայ այս վերջին պատահարէն, զարմանալի կերպով, փոխանակ դատապարտելու այս անպատասխանատու քայլը, որ ինքնին ակնյայտ ապացոյցն էր անոր անօրէն գործառնութեան, կը գովէ անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար: Այս ընթացքով, մեծահարուստը արդեօք կը քաջալերէ՞ր անոր չարաշահումները։ Անշուշտ ո՛չ, բայց այս պարագային՝ այո՛, որովհետեւ վնասաբեր թուելով հանդերձ, անիրաւ տնտեսը հետաքրքրական կերպով գործնական հասարակաց շահի մը կը միտէր։ Այլ խօսքով, տնտեսին պաշտօնազրկումը որքան ալ անխուսափելի էր, եւ վերջին ըրած կարգադրութիւնը ակնյայտօրէն կնիքն էր ըստ կամս իր առած որոշումներուն, այնուհանդերձ ատիկա միայն ի՛ր շահին համար չէր միայն, այլ նաեւ՝ տիրոջ։ Պահ մը մտածենք, որ կալուածատէրը դատի տար այս պարագան. ի՞նչ կրնար շահիլ, ոչի՛նչ։ Բացի վնասաբեր կորուստէ, ո՛չ մէկ բան կրնար ակնկալել։ Մինչդեռ այս ձեւով ապահոված էր գանձելիք պարտքին շօշափելի մասը։
Այս առակը, որքան ալ երկու հազար տարիներ առաջ պատմուած է, սակայն հոն գործադրուած սկզբունքը բոլոր դարերու առեւտուրի աշխարհի մէջ կիրարկուած երեւոյթ մըն է։ Օրինակով խօսելու համար, գիտենք, թէ ամէն եղանակներուն, բայց մանաւանդ մեծ տօներու նախօրեակին 30%, 50%, երբեմն նոյնիսկ70%. զեղչ-վաճառքի շռնդալից յայտարարութիւններ կ՚ողողեն ամէնուրեք։ Արդեօք ասիկա ասիկա սնանկութեան նշա՞ն է, բացարձակապէս ո՛չ, այլ շուկայի գործառնութեանց ընթացիկ ձեւն է, ուր առձեռն գումար ունենալը նախընտրելի է, քան շտեմարանի մէջ ամբարուած ապրանք պահելը, որուն ճակատագիրը կրնայ անորոշ մնալ։
Այս հասկացողութեամբ, տնտեսին առակը, եթէ ոչ կատարեալ, բայց եւ այնպէս ուրախ աւարտ մը կ՚ունենայ, ուր բոլոր մասնակիցներն ալ՝ հարուստը, տնտեսը եւ պարտապանները, առաւել կամ նուազ չափով հասարակաց շահ մը կ՚ապահովեն։ Կալուածատէրը գոհ կը զգար անոր համար որ՝ փոխանակ անորոշ վիճակի մէջ մնալու, պարտքերուն կարեւոր մասը ապահովուած էր։ Տնտեսը ինքզինք վարձատրուած կը զգար, որովհետեւ իր ակնկալածէն աւելին ձեռք ձգած էր, այլ խօսքով՝ բարեկամութեան կողքին նաեւ իրաւատիրոջ գնահատանքը։ Պարտապանները իրենց կարգին ուրախ էին այս անսովոր զեղչեալ նուէրին համար։
դ․ Այս առակին ամենէն ուշագրաւ երեսը սակայն, մեր Տիրոջ մեկնաբանութիւնն է այս գործառնութեան առթիւ։ Յիսուս ո՛չ միայն կը գովէ տնտեսը, այլ բաղդատելով հրեշտակներուն հետ, կը գերագնահատէ մարդոց տաղանդը, ըսելով․ «Այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են, քան լոյսի որդիները»:
Եկեղեցւոյ հայրերը «լոյսի որդիներ» ակնարկութեամբ միշտ հասկցած են հրեշտակները։ Կասկածէ վեր է, որ մարդիկ չեն բաղդատուիր հրեշտակներու հետ, որոնց յարաբերական կեանքը լրիւ տարբեր է այս մեղաւոր ու ապականած աշխարհի փոխ-յարաբերական կեանքէն։ Կը հաւատամ, որ Քրիստոս կ՚ուզէր շեշտել հետեւեալը։ Տնտեսը թաւալած էր կորուստի վիհին մէջ․ ո՛չ մէկ վստահութիւն կար իրեն հանդէպ, ո՛չ մէկը պիտի ուզէր բարեկամ ըլլալ, ո՛չ մէկ դրական յոյս կար ապագայի աւելի լաւ պաշտօնի համար։ Այլ խօսքով՝ անյուսութեան յատակը կը գտնուէր։ Ահա այս վիճակին մէջ, ան չի յանձնուիր յուսահատութեան ամենակործանիչ մեղքին, այլ յոյսի վերջին նշոյլով կ՚իրագործէ ծրագիր մը, որով աւելիով կ՚արժանանայ իր տիրոջ գնահատանքին։ Արդեօք այս քայլը այլապէս չի՞ յիշեցներ մեզի Անառակ որդիին կերպարը, որ յուսալքումի նման կացութեան մէջ փոփոխութեան քայլի մը ձեռնարկեց, որ բարձրօրէն գնահատուեցաւ հօր կողմէ։ Եւ համաձայն մեր Տիրոջ պատգամին, «եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւ մը պիտի տայ» (Ղկ 11.13)։
Քրիստոս այս առակը երբ պատմեց, կրկնակի պատգամ փոխանցեց իր ունկնդիրներուն մէջէն բոլոր դարերու հաւատացեալներուն։
- Անոնք, որոնք կեանքի ահաւոր վերիվայրումներուն մէջ ինչ-ինչ պատճառներով մեղանչած, շնորհազրկուած եւ յուսալքուած են, բացարձակապէս պէտք չէ յանձնուին յուսահատութեան, որովհետեւ Աստուծոյ ողորմութեան ձրի պարգեւը անտեսած կ՚ըլլան, կորուստի անդունդէն դուրս գալու յոյսի լարը կը կտրեն, ինչ որ մեծագոյն ցանկութիւնն է Չարին։ Ընդհակառակը, որպէս Աստուծոյ պատկերը՝ պէտք է ապաւինին Աստուծոյ սիրոյն եւ ներողամտութեան, որ միայն ու միայն կեանք եւ ուրախութիւն կը պարգեւէ։
- Քրիստոս իր առաքելութեան սկիզբը յայտարարեց «երանի՜ աղքատներուն», համաձայն Ղուկաս Աւետարանիչին (Ղկ 7.23), իսկ «երանի հոգիով աղքատներուն», համաձայն Մատթէոս Աւետարանիչին(Մտ 5.3)։ Այլ առիթով, հարուստ երիտասարդ մը, որ ամենայն լրջութեամբ հետաքրքրուած էր Երկնքի արքայութեամբ, անոր համար ըսաւ. «Շատ աւելի դիւրին է որ ուղտը ասեղի ծակէն մտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը» (Ղկ 18.24-27)։ Այս մէջբերումներուն բացատրութիւնը քարոզի մեր սահմաններէն դուրս է, սակայն ներկայ առակի շրջագծին մէջ կրնանք հետեւեալը ըսել, թէ երբ դրամը, այսպէս կոչուած «անիրաւ մամոնան», երբ բարի նպատակներու համար գործածուի՝ բուժելու եւ ո՛չ վիրաւորելու, շինելու եւ ո՛չ քանդելու, յարաբերութիւններ կամրջելու եւ ո՛չ այրելու, օգնելու եւ ո՛չ տիրապետելու համար, ահա ինքնին կ՚արձագանգէ այն ճշմարտութիւնը, որ արարչագործութիւնը իր բոլոր տարրերով բարի է (Ծն 1.4)։ Եւ նոյնիսկ, եթէ չարաշահուի անոր գործածութիւնը,որովհետեւ բարի նպատակի համար եղած է, կրնայ մեզ առաջնորդել յաւիտենական բարիքներու։
Այս Կիրակին բոլորիս կր յիշեցնէ որ անխտիր տնտեսներ ենք։ Տարբեր մակարդակներով, կարողականութեամբ, պաշտօններով, ամէնքս ալ Աստուծոյ կողմէ տնտեսներ կարգուած ենք, որպէսզի հոգ տանինք մեր ընտանիքի անդամներուն, աշակերտներուն, հիւանդներուն, գործին, պաշտօնեաներուն, ի մի բան՝ Մայր Բնութեան իր բոլոր տարրերով։ Հաւատարմօրէն ամբողջացնենք մեր առաքելութիւնը։ Եւ եթէ մարդկային մեր տկարութեանց պատճառաւ ձախողինք եւ լրիւ խաւար վիճակի մատնուինք, միշտ դրական լոյսի շողի ու լուծումի մասին մտածենք, քաջ գիտնալով որ՝ ունինք սիրող, հասկցող, ներող Հայր մը, որ իր Միածին Որդւոյն բարեխօսութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով մեզի կը պարգեւէ այն ինչ որ բարին է մեզի համար՝ ներկայիս եւ յաւիտենականութեան մէջ, որով յաւերժ օրհնեալ ըլլայ Իր անունը։ Ամէն։