Տ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՔՀՆ. ԹԷԼՖԷԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳԸ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Շաբաթ, 20 Մարտին, Տ. Կարապետ Քհն. Թէլֆէեան իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)՝ քահանայական ձեռնադրութենէն եւ 40-օրեայ պահեցողութեան շրջանը աւարտելէն ետք։ Սուրբ Պատարագին նախագահեց թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցութեամբ Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) հոգեւոր հովիւ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ ագապէ՝ սիրոյ ճաշ մը «Բաշալեան» սրահին մէջ, եւ ներկաները շնորհաւորեցին Տէր Հայրը՝ յաջողութիւն մաղթելով եկեղեցական ծառայութեան մէջ։
Ստորեւ կու տանք Տ. Կարապետ Քհն. Թէլֆէեանի անդրանիկ քարոզը.
Սիրելի հաւատացեալներ,
Նախքան իմ հոգեւոր խօսքս, կ՚ուզեմ իմ գոհաբանական սրտի ձայնս բարձրացնել առ Աստուած, որ այս կեանքը պարգեւեց ինծի, ծնողացս միջոցաւ, որոնք իրենց հաւատքով ու սիրով եւ կեանքի օրինակով զիս դաստիարակեցին եւ քայլերս առաջնորդեցին առ Աստուած, Քրիստոսի ընդհանրական Մարմինին՝ Հայ եկեղեցւոյ ընդմէջէն։
Նոյնպէս, որդիական խորին երախտագիտութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ եւ հոգեւոր հօրս՝ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու անդամներուն, որոնք ընդառաջելով քահանայութեան թեկնածութեանս, զիս առաքեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան, ուր վայելեցի Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական ջերմ հոգածութիւնն ու Միաբանութեան սիրալիր ընդունելութիւնը, եւ ուր քահանայական դասընթացքը հարստացուց իմ հոգեմտաւոր պաշարս։
Նաեւ, շնորհակալութիւն եկեղեցական եւ աշխարհական իմ բոլոր դաստիարակներուս, որոնք անցնող երկու տարիներուն, հեռակայ կարգով, իրենց գիտութիւնը, իմաստութիւնը եւ փորձառութիւնը բաժնեցին հետս։
Եւ վերջապէս, սրտագին շնորհակալութիւնս ընտանիքիս բոլոր անդամներուն, որոնք զօրավիգ եղան կոչումիս իրագործման՝ քահանայական սուրբ կարգով ծառայելու Քրիստոսի եւ մեր ժողովուրդին։
Կը խնդրեմ որ զիս միշտ յիշէք ձեր աղօթքներու մէջ, որպէսզի ըլլամ մշակ առանց ամօթոյ եւ իմ համեստ ծառայութիւնս բերեմ Աստուծոյ՝ Հայ Եկեղեցւոյ պայծառացմամբ։
Յանուն Հօր եւ Որդոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Ամէն։
«Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ»։
Այսօր Հայաստեանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքը։ Սուրբ Գրիգոր բառացիօրէն իր խաչը կրեց տանջանքներու ենթարկուելով յանուն Քրիստոսի սիրոյն։ Անոր հրաշալի ազատումը լուսաւորեց թագաւորը, որպէսզի ան ապաշխարէ եւ իր ժողովուրդին հետ դառնայ դեպի Աստուած։
Երրորդ դարու վերջը, Սուրբ Գրիգոր կը ծառայէր Տրդատ արքայի բանակին մէջ, որ գրաւելով իր հայրական գահը Պարսիկներէն, յաղթանակի տօնակատարութիւն կատարեց, եւ այդ առթիւ պատիւ տուաւ Գրիգորին զոհ մատուցելու Անահիտ աստուածուհիին։ Սուրբ Գրիգոր մերժելով այս պատիւը, եւ որպէս Քրիստոնեայ իր ինքնութեան բացայայտումով, ան չարչարանքներու ենթարկուեցաւ եւ Խոր Վիրապ նետուեցաւ, խաւարի ու կեղտի մէջ լեցուն սողացող օձերով եւ խայթող կարիճներով։
Խոր Վիրապ կը նշանակէր ստոյգ մահ՝ սովէն եւ առանձնութենէն։ Սակայն, հրեշտակ մը այցելելով իրեն, զինք զօրացուց իր հաւատքին մէջ եւ Վիրապը անվնաս դարձուց։ Գրիգորի գոյատեւման հրաշքը պատճառ դարձաւ Թագաւորին բուժման, որ մահացու հիւանդութենէ կը տառապէր, որով ինք եւ Հայ ժողովուրդը հեթանոսական վարքէն դարձան Աստուծոյ Լոյսին։
Այս նոյն հրաշքը կը յայտնուի աստուածաշնչական այլ պատմութիւններու մէջ։ Երեք Սուրբ Երիտասարդներ նետուեցան կրակէ հնոցի մէջ, իրենց հաւատքին պատճառով։ Սակայն, հրեշտակ մը գալով, կրակը անվնաս դարձուց։ Դանիէլ առիւծներու գուբը նետուեցաւ իր հաւատքին պատճառով։ Դարձեալ հրեշտակ մը գալով փակեց առիւծներու բերանները։
Երկու կէտեր կ՚ուզեմ ընդգծել հոս։ Առաջին. Դանիէլ եւ Երեք Երիտասարդները ուրացան իրենց անձերը եւ, ընդունելով իրենց մահուան դատավճիռը, հետեւեցան Աստուծոյ, որ փրկեց զիրենք Իր հրեշտակներուն միջոցով։ Երկրորդ. այս հրաշքներուն հետեւանքով զանոնք հալածողներն ու չարչարողները լուսաւորուեցան, ապաշխարեցին ու ճանչցան ճշմարիտ Աստուածը։
Գրիգոր Հայրապետ, այս սուրբերուն նման, իր չարչարանքներով փառաբանելով Աստուած, իր խաչը վերցնելով, հետեւեցաւ Յիսուսին։ Հակառակ որ դատապարտուած էր սովի, չարչարանքի ու մահուան, ան վերապրեցաւ, քանի որ Աստուծոյ հրեշտակը իր հետն էր։ Մեծ սուրբը պաշտպանող Աստուծոյ հրաշքը պատճառ դարձաւ որ դուրս գայ Վիրապէն, բուժէ թագաւորը իր մահացու հիւանդութենէն եւ լուսաւորէ հայ ժողովուրդը Քրիստոնէութեան լուսաւոր հաւատքով։
Սուրբ Գրիգոր եւ այս սուրբերը անտեսեցին այս նիւթական կեանքի ժամանակաւոր դժուարութիւնները եւ դէպի իրենց յաւիտենական հոգեւոր կեանքերը նայեցան, ինչպէս Պօղոս Առաքեալը կ՚ըսէ Կորնթացիներուն, «նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները՝ յաւիտենական» (Բ. Կր 4.17-18)։
Այսօր, պսակաձեւ ժահրի պատճառով, մենք ալ նորօրեայ խոր գուբի մը մէջ նետուած ենք։ Դժբախտաբար, զրկուած ըլլալով անձնական շփում ունենալէ, ստիպուած ենք արհեստագիտութեան միջոցներով միայն հաղորդակցիլ իրարու հետ։ Կը վախնանք ձեռնուելէ։ Մինակ կ՚ուտենք, մինակ կը տառապինք, կը հիւանդանանք ու կը մնանք մինակ՝ առանց այցելուներ ունենալու։ Եթէ հարազատ մը կորսնցնենք, չկայ մէկը որ անձնապէս այցելէ եւ սփոփէ մեզ։ Այս բոլորը կը վիրաւորէ ու կը վշտացնէ մեր հոգիները։
Աւելին, համաճարակի պատճառով մենք չենք կրնար միմեանց ողջունել Խաղաղութեան Սուրբ Համբոյրով։ Մենք ի վիճակի չենք համբուրելու սուրբ Աւետարանը եւ սուրբ խաչը, եւ կամ սրտի խաղաղութեամբ մեր հոգեւոր հօր ձեռքէն ստանալ Քրիստոսի Սուրբ եւ Անմահ մարմինն ու Արիւնը։ Համաճարակը նման է Խոր Վիրապին, որ մեզ, լրիւ զրկելով բնականոն կեանքի բարիքներէն, սովամահ կը դարձնէ։
Մենք ստեղծուած ենք Աստուծոյ կողմէ մտերմութեան համար—մեր նմաններուն եւ անձամբ Աստուծոյ հետ ըլլալու համար։ Այս մտերմութիւնը աւելի է, քան այն, ինչ որ համակարգիչները կրնան ապահովել։ Իրարու եւ Աստուծոյ հետ կապուելու համար մեզի հարկաւոր է ֆիզիկապէս դպչիլ, հաւաքուիլ մէկ տեղ՝ որպէս մէկ մարմին, ֆիզիքապէս հոգեւոր հաց բաժնել, որպէսզի ստանանք Քրիստոսի մարմինը՝ կեանքի հացը։ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը չի կրնար փոխարինուիլ մեքենաներով։ Մտերիմ ու սրտակից երկկողմանի փոխյարաբերութիւնը իրարու եւ Աստուծոյ հետ կենսական է։ Ան կ՚արտայայտուի միասին բաժնելով Կենարար Հացը, եւ անով միանալով մեր Արարիչ երկնաւոր Հօր։
Համաճարակը մեզ կը բանտարկէ մտերմութենէն սոված՝ փոսի մը, վիրապի մը մէջ, բայց Աստուծոյ Հրեշտակը երբեք Սուրբ Գրիգորը կամ սուրբերը իրենց փոսերուն մէջ մինակ չթողուց։ Հրեշտակը եկաւ եւ իւրաքանչիւրին տուաւ այն բոլորը, ինչ անհրաժեշտ էր իւրաքանչիւրին վտանգը վերցնելու համար—վիրապին մէջ՝ հաց հայթայթեց, հրդեհէն պաշտպանեց եւ առիւծներուն բերանները փակեց։
Այսօր, Քրիստոս կանգնած է մեր վիրապի գագաթին։ Իր ձեռքը կ՚երկնցնէ դէպի մեզի։ Ան մեզի հետ է, իր Խօսքով, իր հրեշտակներով, իր լոյսով ու յոյսով։ Ան կը պաշտպանէ մեզ եւ հրաշքեր կը գործէ մեզմով, այնպէս ինչպէս Սուրբ Գրիգորով։ Աստուած կրնայ մեզ դուրս հանել այս համաճարակային վիրապէն։ Մեզի կը մնայ միայն հաւատքով եւ իր զօրութեամբ մեր խաչը կրել, դէպի վեր նայիլ, ձեռք երկարել, մեր կեանքը դնել անոր ձեռքին մէջ, հաւատալ՝ որ կրնայ ապահովել մեր կարիքները։ Եւ վստահ ըլլանք որ, Սուրբ Գրիգորին եւ բոլոր սուրբերուն նման, Քրիստոս մեզ դուրս պիտի բերէ մեր կեանքի վիրապէն, վայելելու ո՛չ միայն այս անցաւոր կեանքի, այլ յաւիտենական կեանքի յաւերժական բարիքները, որոնց արժանի ըլլանք ամէնքս։ Անոր փառք յաւիտեանս։ Ամէն։