Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՅՈՒՆԻՍ Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՏՈՒՓԻ ԳԻՒՏԻՆ ՏՕՆԸ

ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՅՈՒՆԻՍ
Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՏՈՒՓԻ ԳԻՒՏԻՆ ՏՕՆԸ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 2:5-11

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ, 13:24-30

Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.

Մարդ մը լաւ սերմեր ցանեց իր արտին մէջ: Գիշեր մը, երբ ամէն մարդ քնացած էր, անոր թշնամին եկաւ եւ որոմ ցանեց ցորենին մէջ ու գնաց: Երբ սերմերը աճեցան եւ սկսան հասկ կազմել, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ: Տանտիրոջ ծառաները եկան եւ ըսին անոր. «Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը»: Անիկա պատասխանեց. «Ասիկա թշնամի մարդու գործ է»: Ծառաները ըսին. «Կ’ուզե՞ս որ երթանք եւ որոմը քաղենք»: «Ո՛չ,- պատասխանեց տէրը,- որպէսզի չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեն ցորենն ալ միասին արմատախիլ ընէք: Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակը. այն ատեն հնձուորներուն կ’ըսեմ.- Նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ»:

 

ԹՈՒՂԹ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 9:30-10:4

Ուրեմն ի՞նչ կ’եզրակացնենք: Հեթանոսները, որոնք Աստուծոյ արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարացան, որովհետեւ Քրիստոսի հաւատացին. մինչդեռ Իսրայէլի ժողովուրդը չարդարացաւ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ, որ տրուած էր՝ մարդիկը արդարացնելու համար: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ չհաւատաց Քրիստոսի, եւ կը կարծէր թէ Օրէնքին գործադրութեամբը պիտի արդարանայ: Ատիկա իսկ պատճառ եղաւ որ գլորին «գայթակղութեան առիթ հանդիսացող քար»ին վրայ, այսինքն՝ Քրիստոսի, որուն համար մարգարէութեան մէջ գրուած է.-

«Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ քար մը՝

որ գլորումի առիթ պիտի ըլլայ, ժայռ մը՝

որ գայթակղութեան առիթ պիտի հանդիսանայ:

Բայց անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»:

Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը մաղթեմ եւ կ’աղօթեմ որ Աստուած փրկէ Իսրայէլացիները, որովհետեւ կրնամ իրենց մասին վկայել, թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ: Անոնք չհասկցան, թէ Աստուած ի՛նչ ձեւով կ’ուզէր արդարացնել մարդիկը: Արդարանալու իրենց հասկցած ձեւին կառչեցան եւ ուստի չընդունեցին Աստուծոյ արդարութեան ուղին: Մինչդեռ Քրիստոսով Օրէնքը իր վախճանին հասած է եւ միայն Քրիստոսի հաւատացողը կ’արդարանայ: