Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 25 ՅՈՒԼԻՍ Գ. ԿԻՐԱԿԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՄԱՆ (ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)

ԿԻՐԱԿԻ, 25 ՅՈՒԼԻՍ
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՄԱՆ
(ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)

 

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 5:1-10

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 19:3-12

 

Փարիսեցիներ Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.

Մեր Օրէնքով մէկը իրաւունք ունի՞ ոեւէ պատճառով իր կինը արձակելու:

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

Չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքերուն մէջ, թէ Աստուած սկիզբէն «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը եւ ըսաւ անոնց. “Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան”»: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Ուրեմն ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք, որ Աստուած միացուց:

Փարիսեցիները դարձեալ հարցուցին.

Հապա ինչո՞ւ Մովսէս օրէնք սահմանեց՝ բաժանման թուղթ տալ կնոջ եւ արձակել զայն:

Յիսուս պատասխանեց.

Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով արտօնեց արձակել ձեր կիները, սակայն ստեղծագործութեան ժամանակ արձակելու խօսք չկար: Գիտցէք նաեւ, թէ ո՛վ որ իր կինը կ’արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ’առնէ՝ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ, եւ ով որ արձակուած կինը կ’առնէ՝ ան ալ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ:

Աշակերտները ըսին Յիսուսի.

Եթէ ամուսնութիւնը այդպէս դատապարտութեան պատճառ կրնայ ըլլալ այր մարդուն եւ կնոջ համար, աւելի լաւ է չամուսնանալ:

Յիսուս ըսաւ.

Բայց ամէն մարդ չի կրնար առանց ամուսնութեան մնալ, այլ միայն անոնք՝ որոնց Աստուած կարողութիւն տուած է: Որովհետեւ մարդիկ չեն ամուսնանար ա՛յն պարագաներուն, երբ ծնունդով ներքինի են, կամ՝ մարդոց կողմէ ներքինի եղած են եւ կամ՝ իրենք զիրենք ներքինի դարձուցած են երկինքի արքայութեան համար: Ով որ կրնայ ընդունիլ իմ հաստատումս, թող կատարէ զայն:

 

Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:18-7:11

Հետեւաբար պոռնկութենէ հեռո՛ւ փախէք: Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունին. բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ: Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի: Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց: Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք, որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով:

Ձեր նամակին մէջ ինծի գրած էիք նաեւ այն մասին, թէ մարդ լաւ կ’ընէ՝ եթէ բնաւ չամուսնանայ: Բայց որպէսզի պոռնկութեան մէջ չիյնաք՝ ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ եւ ամէն կին՝ իր ամուսինը, որպէսզի կնոջ պէտքերը այրը գոհացնէ եւ ամուսինին պէտքերը՝ կինը: Որովհետեւ կինը իր մարմինին տէրը չէ, այլ՝ ամուսինը. ո՛չ ալ այրը իր մարմինին տէրն է, այլ՝ կինը: Երկար ատեն հեռու մի՛ մնաք իրարմէ: Եթէ կ’ուզէք աղօթքի նուիրուիլ, կրնաք փոխադարձ համաձայնութեամբ ժամանակ մը իրարմէ հեռու մնալ. բայց յետոյ վերադարձէ՛ք ձեր կենակցութեան, որպէսզի չըլլայ որ Սատանան ձեզ փորձութեան մղէ՝ ձեր անժուժկալութենէն օգտուելով: Հրահանգ մը չէ այս տուածս, այլ պարզապէս՝ ներողամիտ կեցուածք: Որովհետեւ ես պիտի ուզէի որ ամէն մարդ ինծի պէս ապրէր, բայց Աստուած իւրաքան­չիւրին իրեն յատուկ շնորհք մը տուած է. մէկուն՝ այսպէս ապրելու շնորհք, միւսին՝ այնպէս:

Սակայն ամուրիներուն եւ այրիներուն կ’ըսեմ.- Աւելի լաւ կ’ընեն՝ եթէ ինծի պէս մնան. բայց եթէ չեն կրնար տոկալ՝ թող ամուսնանան, որովհետեւ նախընտրելի է ամուսնանալ քան ցանկութեամբ եռալ: Իսկ ամուսնացած զոյգերուն հետեւեալ պատուէրը կու տամ, ո՛չ թէ ես, այլ Տէրը.- Ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի. իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ: Նոյնպէս, ոեւէ այր իր կինը թող չձգէ: