ՅԻՇԱՏԱԿ ՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Շաբաթ, 11 Սեպտեմբերին, պիտի նշուի 2001ի Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի եւ Փենսիլվանիայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքներուն 20ամեակը։ Որպէս Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ ու բնակիչներ, այդ ողբերգական օրուան ցնցումը եւ անմեղ զոհերուն յիշատակը դեռ մինչեւ օրս կ՚ապրին մեր մէջ։ Քսան տարի ետք, նոյն մթին ամպերը նորէն կը կուտակուին հորիզոնին վրայ։ Անհրաժեշտ է մնալ զգաստ, լի յոյսով ու վերանորոգ հաւատքով, յանձնառու ըլլալով ամերիկեան անկախութեան յայտարարութեան հռչակած արժէքներուն հանդէպ՝ կեանք, ազատութիւն եւ երջանկութեան հետապնդում։ Ամերիկան իր մեծութիւնը կը պարտի այս արժէքներուն։