ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահոց հոգեւոր ուխտագնացութեան հինգերորդ կայանը ծանօթ է Դատաւորի Կիրակի անունով, ի հետեւումն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի այն առակին, զոր կը կարդանք Ղուկասու Աւետարանին մէջ ( 18 1-8)։ Պատմութեան հերոսները հակասական երկու անձնաւորութիւններ են։ Դատաւոր մը եւ այրի մը։ Երկար ժամանակ վերջնոյս դատը կ՚անտեսուի դատաւոին կողմէ, բայց զարմանալի կերպով վարագոյրը կը փակուի այրիին յաղթանակով, շնորհիւ իր յարատեւութեան։
Մեր Տէրը դիտաւորեալ կերպով այս զոյգ նկարագիրները վերցուցած էր ցոյց տալու համար յարատեւութեան հրամայականը, զայն գործածելու համար երկրաւոր կեանքի անհրաժեշտութեանց համար, ինչպէս նաեւ Աղօթքի պարագային։ Միաժամանակ սորվեցնելու համար որ եթէ դատաւոր մը գիտէ ի վերջոյ տեղի տալ այրիի մը յարատեւ դիմումներուն, որքան աւելի մեր Երկնաւոր Հայրը ընթացք պիտի տայ մեր պաղատանքներուն։
Աղօթքը խիստ կարեւոր դերակատարութիւն ունի ընկերութեան կեանքին մէջ։ Հին եւ Նոր Կտակարանները լի են աղօթքի զօրութեան դրուագներով։ Երրորդ Թագաւորաց 17րդ գլխուն մէջ կը կարդանք թէ ինչպէս Եղիա մարգարէի աղօթքով ամբողջ վեց ամիս զրկուեցաւ երկիրը անձրեւէ, եւ դարձեալ նոյն մարգարէին աղօթքով բնութեան ընթացքը բնականոն դառնալով, յորդառատ անձրեւ պարգեւեց։
Նոր Կտակարանի մէջ Աղօթողի գերագոյն կերպարը մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսն է, որ միշտ աղօթեց, նոյնիսկ իր երկրաւոր կեանքի վերջին շնչառութիւնը՝ Խաչին վրայ։
Եկեղեցւոյ Պատմութեան մէջ կը հանդիպինք անթիւ հայրերու որոնց առօրեան աղօթքով ողողուած էր։ Յիշելու համար անոնցմէ մէկ քանին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սուրբ Եփրեմ Ասորի, Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի, Սուրբ Կիպրիանոս, Սուրբ Յովհաննէս Դամասկացի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, Սուրբ Յովհաննէս Գառնեցի, Սուրբ Ֆրանսիս Ասիզի, եւն։
Աղօթքի պարգեւները կը տեղան ո՛չ միայն աղօթողին այլ նաեւ հաւաքականութեան, ազգին եւ համայն մարդկութեան վրայ։ Աղօթքը, եթէ կարելի է մերօրեայ պատկերացումով նկարագրել՝ բանակի մը օդուժն է, որ կը պաշտպանէ մեզ ո՛չ միայն երեւելի այլ նաեւ աներեւոյթ փորձութիւններէ ու թշնամիներէ։
Աղօթքի մասին կրնանք ժամեր ու ամիսներ խօսիլ, սակայն մեր այսօրուան խորհրդածութեան ծիրէն ներս պիտի բաւականանամ միայն երկու կէտերու վրայ անդրադառնալով։
Առաջին՝ Աղօթքը անվերապահ վստահութիւն է Ամենակալ Աստուծոյ հանդէպ, քաջ գիտնալով ու հաւատալով որ Ան երբեք ամօթով չի ձգեր իրեն յուսացողները, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ կրկնելով Սաղմոսի խօսքը (Հռ. 10.11/Սաղ. 25.3)։ Արդարեւ, Այրին վստահութեան իր ուխտագնացութեան մէջ երբե՛ք ու երբե՛ք չվհատեցաւ։ Ան չյուսալքուեցաւ եւ տեղի չտուաւ հակառակ բոլոր անտեսումներուն եւ ուրացումներուն։ Ներքին ոյժ մը զինք մի՛շտ յառաջ մղեց դատաւորին դուռը բախելու։
Երկրորդ՝ Աղօթքը բացարձակ անվերապահութիւն կը նշանակէ։ Աւետրանիչը մեզի չ՚ըսեր թէ այրին քանի անգամ իր դատը փորձեց ներկայացնել, սակայն Դատաւորին վերաբերումէն կ՚իմանանք որ անհամար էր։ Ահա թէ ինչ կ՛ըսէր ան․«Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չե՛մ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չ՛անհանգստացնէ» (Ղկ. 18.5)։ Հետեւաբար, մեր համբերութիւնը, յարատեւութիւնը երբեք պէտք չէ ենթակայ ըլլայ սահմանափակումի, այլապէս լրիւ կը կորսնցնէ իր ուժականութիւնը։ Այս ուղղութեամբ աւելորդ պիտի չըլլայ եթէ նշենք թէ, վայելելով հանդերձ ներկայ արհեստագիտութեան բարիքները, մարդոց համբերութիւնը անզգալաբար սկսած է տկարանալ։ Այլ խօսքով, այնքան վարժուած ենք կոճակի մը սեղմումով կամ հեռաձայնային կապով ակնթարթի մը մէջ մեր ուզածը ունենալ, որ երբեմն կարճ կամ յարաբերաբար երկար ուշացում մը մեզ ջղագար կը դարձնէ, եւ այնպիսի ընթացք կամ վերաբերում կ՚ունենանք որ յաճախ մենք եւս կը զարմանանք։ Այս հասկացողութեամբ, երբ աղօթենք եւ մեր հասկացողութեամբ անմիջապէս պատասխան չստանանք, պէտք չէ տարակուսինք եւ փորձութեան մատնուինք ըսելով՝ «աղօթքներս պարապի են», եւ կամ՝ «Աստուած չի լսեր զիս», չըսելու համար դեռ աւելին։ Ընդհակառակը, անվերապահ կերպով ու ամբողջ սրտով պէտք է յանձնուինք Աստուծոյ նախախնամութեան, որպէսզի Իր ժամանակին վայելենք մեր ակնկալածը։
Կը հաւատամ, որ մեր այսօրուան Աւետարանի պատգամը որեւէ ժամանակէ աւելի մեզի ուղղուած է։ Ինչպէս որ անցեալ Չորեքշաբթի Միջինքի խորհրդածութեանս մէջ մատնանշեցի, երեք ամիսներէ ի վեր համայն մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ բոլորիս ծանօթ համատարած պսակաձեւ ժահրի (corona virus) աննախընթաց սպառնալիքը։ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդ արարածը օժտուած է անզուգական երկու պարգեւներով՝ Բանականութեամբ եւ Հաւատքով։ Անվերապահ կերպով պէտք է հետեւինք Պետական եւ Առողջապահական հաստատութեանց ցուցմունքներուն։ Միաժամանակ պէտք է դիմենք եւ ապաւինինք Աստուծոյ նախախնամութեան։ Այրիին նման, որ առանց յուսահատելու դիմեց երկրաւոր դատաւրին եւ ի վերջոյ ստացաւ իր ակնկալածը․ մենք եւս աղօթքով անդադար թակենք երկնաւոր Դատաւորին ու մեր Հօր դուռը, որովհետեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ՛ըսէ. «Զարկէք, բախեցէք ու պիտի բացուի» (Մտ. 7.7)
Այս հաւատքով ու հասկացողութեամբ աղօթենք այս ժահրէն վարակուածներու բժշկութեան համար։ Աղօթենք բոլոր պետութիւններու համար որպէսզի ոչինչ խնայեն մարդկութեան թշնամի մանրադիտակային այս աննշան ժահրի առաւել տարածման արգիլումին համար։ Աղօթենք բոլոր բժիշկներու, հիւանդապահուհիներու եւ հանրային ու ընկերային ծառայողներու անսահման զոհողութեան համար։ Աղօթենք գիտնականներու համար որպէսզի շուտափոյթ դարմանը գտնեն մարդկութեան այս անսովոր թշնամի ժահրին։ Եւ վերջապէս, աղօթենք որ Ամենաբարին Աստուած գործէ այս բոլոր անհատներուն ու պատուական կազմակերպութիւններու միջոցաւ, որպէսզի փարատին ամպերը, սուգի, ցաւի ու տագնապի, եւ փոխարէն ճառագայթէ ուրախ եւ խաղաղ կեանքի լոյսը։
Այսօրուան խորհրդածութիւնս կ՛ուզեմ փակել հայկական առածով որ կը վերյիշեցնէ մարդկային տխուր տկարութիւն մը։ Առածը կ՛ըսէ․ «Երբ փոթորիկը անցնի Սուրբը կը մոռցուի»։ Այլ խօսքով, երեխաներու չնմանինք որոնք երբ իրենց ծնողքէն ստանալէ ետք այնքան թախանձանքով ձեռք բերուած նուէր մը, ամբողջութեամբ կը տարուին իրենց ստացածով եւ կը մոռնան պարգեւ տուողը: Քաւ լիցի, եղբայրներ եւ քոյրեր, որ այսպիսի ահաւոր փորձառութենէ ետք նման փորձութեան ենթարկուինք: Միակ բարիք մը եթէ պիտի ծնի այս դառնագոյն աղէտէն, թող ըլլայ ա՛յն, որ մեր հաւատքին մէջ ամէնքս ալ վերածնինք: Աղաչելով կ՚աղաչեմ, սիրելիներ, որ երախտագիտութեամբ եւ ջերմագինս մի՛շտ աղօթենք, մի՛շտ խօսակցինք մեր երկնաւոր Հօր հետ՝ տագնապի թէ խաղաղութեան ժամանակ, տխրութեան թէ ուրախութեան մէջ, ձախողութեան թէ յաջողութեան պարագային, որովհետեւ երկնաւոր մեր Հայրը կը լսէ մեզ եւ եւ պատեհ առիթով կ՚օրհնէ մեզ ներկայի եւ յաւիտեաններու մէջ: