Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՏԱԼ՝ ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ՎԱՅԵԼ Է ՏԱԼ

Աղեքսանդր Մեծ ծանօթ է որպէս աշխարհակալ, որ իր իշխանութիւնը տարածած է Յունաստանէն մինչեւ Փոքր Ասիա, Պարսկաստան եւ Աֆղանիստան։ Զինուորական բացառիկ տաղանդով օժտուած այս իւրայատուկ հրամանատարը նաեւ արժէքներու հաւատացող անձնաւորութիւն մըն էր, որպէս աշակերտ մեծ փիլիսոփայ Արիստոտէլի։ Աւելի՛ն. Եկեղեցւոյ Հայրերը կապակցութիւն մը տեսած են Աղեքսանդր Մեծի եւ Յիսուս Քրիստոսի միջեւ։ Ներկայ յայտագրին մէջ, ես պիտի բաւականանամ դէպք մը բաժնելով ձեր հետ, որ լաւագոյնս կը ցոլացնէ հին աշխարհի այս մեծ տիրակալին անհատականութիւնը։

Օր մը, աղքատ մը՝ մօտենալով Աղեքսանդրին, ողորմութիւն կը խնդրէ։ Երիտասարդ հրամանատարը, ի զարմացումն իր զօրակիցներուն, քսակ մը ոսկի կու տայ անոր։ Բարեկամները ապշած հարց կու տան իրեն, թէ երբ աղքատը օրապահիկ խնդրած էր, ինչպէ՞ս կ՛ըլայ որ ինք շօշափելի հարստութեամբ կ՛ողողէ զինք։ Աղեքսանդր, դարձեալ ի զարմացումն անոնց, կը պատասխանէ․ «Աղքատը կը խնդրէ այն ինչին կարիքը ունի, իսկ Աղեքսանդրը կու տայ այն ինչ որ վայել է, որ Աղէքսանդրը տայ»։

Ի՜նչ սքանչելի հասկացողութիւն եւ իւրայատուկ վերաբերում։ Տա՛լ այն ինչ որ ո՛չ թէ կը խնդրուի, այլ ինչ որ վայել է տալ մեր ունեցած բարիքներէն։

Վստահ եմ, որ Աղեքսանդր Մեծի այս արարքը աւելիով կը մեծցնէ զինք, դառնալով օրինակելի՝ բոլոր ժամանակներու սերունդներուն։

Անցեալի այս գողտրիկ պատմուածքը բաժնելով ձեր հետ, այնքան ուրախ եմ յայտնելու, որ Ուոթըրթաուն-Ջրաւանի Սուրբ Ստեփաննոս եկեղեցւոյ զօրակցութամբ, Լիբանանահայ Օժանդակութեան ֆոնտը հասաւ 100.025 տոլարի։

Սիրելի ծխականներ եւ բարեկամներ, խոնարհաբար կ՛ըսեմ․ իրա՛ւ որ պարծանք առթող ուրախութեամբ զիս կը վարձատրէք։ Արդարեւ, քանի մը շաբաթ առաջ, երբ յայտնեցի որ կը յուսամ, թէ շուտով բարեսիրական մեր ֆոնտը վեց թուանշաններու կը հասնի, ահա այսօր սրտի այդ փափաքը իրականութեան վերածեցիք ձեր առատաձեռնութեամբ։

Բարեգութն Աստուած թող մեզ լիացնէ իր անբաւ բարիքներով, որպէսզի մեր սրտէն հոսին բարութեան գետեր եւ ոռոգեն կեանքերը կարիքաւորներուն, յատկապէս մերօրեայ Լիբանանահայ եղբայրներուն ու քոյրերուն։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ