Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԴՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Վերջին տասնամեակներուն, արդի ընկերութեան գնահատելի ու դրական յաջողութիւններէն  մին եղած է նուէրներ կրկնապատկելու երեւոյթը։ Ընկերութիւններ, հաստատութիւններ, վաճառականական տարբեր ձեռնարկներ նուիրատուներու արշաւը քաջալերած են, կրկնապատկելով անոնց նուէրը, որ կը միտի  բարեսիրական նպատակի։

Մանաւանդ տարեվերջին, բազմազան խնդրանքներ կը ստանանք, որ ըստ կարելւոյն աճապարենք մեր նուէրները ղրկել տուեալ պայմանաժամի աւարտէն առաջ, որպէսզի մեր նուէրը հաստատութեան մը կողմէ կրկնապատկուելով, առիթ ընծայէ ընդարձակելու  բարեգործական ծրագիրները։

Տարեվերջի այս օրերուն, Հոգալու եւ Բաժնեկցելու՝ Caring and Sharingի ոգին երբ իր գագաթնակէտին կը գտնուի, շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ մեր բոլոր Հովիւներուն ու Հոգաբարձութեանց եւ ժողովրդեան, որ ի խնդիր Լիբանանահայութեան բարօրութեան, Նորին Սուրբ  Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի կոչը այնքան դրական կերպով դիմաւորեցին։ Այսօր իսկ, ուրախ եմ յայտնելու, որ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցիէն 30,000 տոլարի վճարագիր մը ստացանք, որով Լիբանանի զօրակցութեան դրամահաւաքը հասաւ 164,558 տոլարի։

Որքան որ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ այս նուէրը բարձրօրէն գնահատելի է, ինծի համար աւելի մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան նախաձեռնութիւնը։ Անոնք կը յուսային տասը հազար հանգանակել, եւ ըստ այնմ խոստացած էին այդ գումարը իրենց կողմէ կրկնապատկելով քսան հազարի բարձրացնել։ Եւ ահա, բարեպաշտ ծխականները ոգեւորուելով եկեղեցւոյ ղեկավարութեան այս գեղեցիկ ու դրական մօտեցումէն, առաւել սրտաբուխ եղած էին իրենց նուիրատուութեան մէջ։

Արեւմտեան Ծննդեան տօնի բարիքներ բաշխելու ոգին կը մաղթեմ որ բնակի մեր սրտերու մսուրին մէջ, որպէսզի միշտ տարածենք բարութիւն եւ գթասրտութիւն համայն աշխարհի մէջ։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ