Հայ լեզուի անկիւնը

ԱՄԷՆ ՏԵՂ ՆՈՅՆ ՊԱԼԱՏԸ ԿԱՅ

Անգլերէն palace եւ հայերէն պալատ բառերը միայն իմաստով չեն նմանիր, այլ նաեւ՝ հնչողութեամբ գրեթէ նոյնական են։ Ի վերջոյ, երկուքն ալ նոյն աղբիւրէն կու գան։

Աղբիւրը հռոմէական է։ Հռոմի եօթը բլուրներէն մէկը կը կոչուէր Palatinum (Պալատինում՝ դասական հայերէնի տառադարձութեամբ), ուր կառուցուած էր Հռոմի առաջին կայսեր՝ Օգոստոսի պալատը, եւ ապա՝ Ներոնի պալատը։ Այդտեղէն եկած է լատիներէն palatium, ապա՝ միջին լատիներէն palacium բառը՝ «պալատ, արքունիք» իմաստով, որմէ բխած է ֆրանսերէն palais բառը, որ հիմք դարձած է անգլերէն այժմեան բառին։

Սակայն, հայերէնի պարագային, միջնորդը տարբեր եղած է։ Թէեւ հայ-հռոմէական յարաբերութիւնները քանի մը դար տեւած են, լատիներէնի ազդեցութիւնը հայերէնի վրայ չնչին եղած է։ Լատիներէն palatium յունարէնի մէջ մտած է՝ palation ձեւով, ուրկէ, կորսնցնելով իր յունական վերջաւորութիւնը, պալատ ձեւով (որ գրաբար palat հնչուած է) արձանագրուած է հայերէնի մէջ 5րդ դարուն։

Մէկ խօսքով՝ հայերէնն ու անգլերէնը միեւնոյն բառը կը բաժնեն՝ «թագաւորական բնակարան, արքունիք» գաղափարը արտայայտելու համար։ Սակայն, անոնք լեզուներուն մէջ մտած են տարբեր ճանապարհներով։ Անշուշտ, հայերէնի մէջ պալատը արդէն կար անգլերէնէն շուրջ հազարամեակ մը առաջ, քանի որ հաւանաբար Մեսրոպ Մաշտոցէն առաջ արդէն մտած էր հայերէնի բառապաշարին մէջ։