ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ՝ 2022
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
հոգեւոր դասուն,
Ազգային իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն
2022 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Միաբանութիւնը, Թեմակալ Առաջնորդներն ու Ազգ. Իշխանութիւնները, մեր կեանքէն ներս գործող քաղաքական, կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ համայնքային բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ բացուող Նոր Տարին մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ լեցուի առողջութեան, յաջողութեան եւ երջանկութեան երկնային բարիքներով։
Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միացեալ ուժերով Արցախի վրայ կատարուած անարգ յարձակումին հետեւանքով մեծ թիւով հայորդիներու նահատակութիւնը ու գերեվարումը, հսկայ տարածքներու գրաւումը, հոգեւոր ու մշակութային կառոյցներու քանդումը ու բազմահազար հայորդիներու տեղահանումը խոր ցաւ ու ընդվզում յառաջացուց մեր ժողովուրդին մօտ։ Մեր ողջ ժողովուրդը զանազան կերպերով հակազդեց ստեղծուած այս ողբերգական կացութեան ու իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին։ Մեր կարգին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ծիրէն ներս լուսարձակի տակ բերելով Արցախը, 2021 տարին Հայրապետական Գիրով հռչակեցինք ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ։ Մեր մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները լայն արձագանգ գտան յատկապէս մեր թեմերուն մօտ։ Արցախի Նախագահը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց Մեզի եւ Մեզ հրաւիրեց այցելելու Արցախ։ Արդարեւ, Արցախի անկախութեան ու անվտանգութեան նկատմամբ Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը շարունակուի՝ որպէս մեր Սուրբ Աթոռին համազգային առաջնահերթութիւններէն մէկը։
*
* *
Վերջին տարիներուն, Սփիւռքին առնչուած զանազան խնդիրներուն ու երեւոյթներուն շուրջ գիտաժողովներ տեղի ունեցան, ուսումնասիրութիւններ կատարուեցան ու յօդուածներ ստորագրուեցան։ Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը, մեր ղեկավար մարմինները ու մտաւորականները պէտք է մղէ՝ իրապաշտ ոգիով ու պատասխանատու մօտեցումով տագնապելու, մտածելու, քննելու, խորհրդակցելու, Սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու եւ ապագան հունաւորող ճամբաներ ու միջոցներ որոնելու։
Հետեւաբար, նկատի ունենալով Սփիւռքի պարզած ներկայ պատկերը ու հայ կեանքէն ներս անոր ունեցած առանցքային կարեւորութիւնը, այսու Հայրապետական Գիրով 2022 տարին կը հռչակենք
ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ
Հայերէն լեզուով հրատարակած Մեր վերջին գիրքին տուած ենք Նոր Հորիզոններու Դիմաց խորագիրը։ Պատահական չէ այս խորագիրը։ Հայ ժողովուրդը իր երեք թեւերով՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք բազմաթիւ ու բազմազան մարտահրաւէրներ ու վտանգներ կը դիմագրաւէ. իսկ հայօրէն մաշումի ենթակայ Սփիւռքը՝ աւելի՛ն։ Տեղ մը ան անորոշութեան ալիքներու մէջ կ’օրօրուի, այլ տեղ՝ փոթորիկներու դէմ կը պայքարի. տեղ մը՝ նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է, այլ տեղ՝ տեղայնացումի արագ ընթացքին մէջ։ Արդ. Սփիւռքի վերակազմակերպումը ու վերակենսաւորումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Այս բազմատարած ու բազմերես ծրագիրը իր գործնական ընթացքը կրնայ առնել Սփիւռքի ինքնաքննութեամբ, ինքնարժեւորումով եւ ազգի համայնական կեանքին մէջ անոր իւրայատուկ տեղին ու դերին յստակեցումով։ Այս հսկայածաւալ աշխատանքին հարկ է լծուիլ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ՝ աշխարհի արմատական ու արագ փոփոխութիւններու յորձանուտին մէջ ապրող Սփիւռքին համար։
Ա) ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՐԷԿ՝ ԳՈՅԱՒՈՐՈՒՄ ՈՒ ՀՈԼՈՎՈՅԹ
Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքին բերումով յաճախ ենթակայ եղած է յարձակումներու ու բռնագրաւումներու եւ կորսնցուցած իր պետականութիւնն ու անկախութիւնը։ Հետեւաբար, արտագաղթը մնայուն երեւոյթ եղած է հայոց պատմութեան մէջ։
Բիւզանդական կայսրութեան եւ Հայաստանի միջեւ շփումը եղած է անմիջական ու մնայուն եւ հին ժամանակներէն ի վեր հայեր հաստատուած են կայսրութեան սահմաններէն ներս։ Հայաստանէն դուրս, հայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով հաւաքական ու կազմակերպ ներկայութիւն դարձած է Կիլիկիոյ մէջ, եւ նոյնիսկ պետականութիւն հաստատած։ Կիլիկիոյ հայոց պետութեան (14-րդ դար) եւ Բիւզանդիոնի կայսրութեան (15-րդ դար) անկումէն ետք, հայերը հետզհետէ ուղղուած են դէպի Պալգանեան երկիրներ, ուր ժամանակի ընթացքին գաղութներ կազմաւորուած են։ Առաւելաբար տնտեսական պատճառներով հայեր յարաբերութեան մէջ եղած են Ծայրագոյն Արեւելքի հետ, հոն հաստատած նաեւ փոքր համայնքներ։ Պարսկաստանը Հայաստանի դրացի երկիր ըլլալով, հին դարերէն սկսեալ մեծ թիւով հայեր հաստատուած են հոն։ Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Հայաստանի բաժանումէն ետք (16-րդ դար), հայերը յիշեալ երկիրներէն ներս դարձած են կազմակերպ ներկայութիւն։
Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով, Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայկական հողերու վրայ ապրող հայեր պարտադրաբար արտագաղթած են դէպի Միջին Արեւելք եւ ապա, քաղաքական ու տնտեսական մտահոգութիւններէ մղուած՝ տարիներու ընթացքին դէպի Եւրոպա, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկա ու մինչեւ Աւստրալիա։ Ափրիկէի մէջ հայեր ներկայութիւն դարձած են յատկապէս Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք։ Համաշխարհայնացման ստեղծած պայմանները նոր թափ տուած են հայ ժողովուրդի զաւակներու երկրէ երկիր տեղափոխութեան, նոյնիսկ՝ ցամաքամասէ այլ ցամաքամաս գաղթին։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, նախկին Սովետական երկիրներէն արտագաղթի նոր ալիք մը սկսած է դէպի արեւմտեան երկիրներ։ Վերջապէս, տարօրինակ ու ցաւալի էր Հայաստանի անկախացումէն ետք ծայր առած արտագաղթը հայրենիքէն։
Սփիւռքի յառաջացման հոլովոյթին վրայ նետուած այս հպանցիկ ակնարկի լոյսին տակ, հարկ է ընդգծել հետեւեալ կէտերը.-
ա) Լայնատարած Սփիւռքի գոյաւորումը իր պատմական պատճառները ու հանգրուանները ունի։ Հայերու արտագաղթը Հայաստանէն յաճախ եղած է պարտադրաբար։ Այս ուղղութեամբ հարկ է յիշել Հայաստանէն Կիլիկիա մեծ գաղթը՝ պարտադրուած Բիւզանդական կայսրութեան կողմէ, եւ Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն՝ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Քաղաքական ու ապահովական ազդակներու կողքին, նաեւ տնտեսական պատճառներ հայերը մղած են արտագաղթի։ Այսպէս կարելի է բնորոշել նաեւ վերջին տասնամեակներուն Հայաստանէն արտագաղթը։
բ) Հայերը ուր որ հաստատուած են, փորձած են համայնք կազմել՝ իր ազգային, հոգեւոր, կրթական եւ այլ կառոյցներով, եւ գերագոյն ճիգ թափած՝ պահելու իրենց ազգային դիմագիծը, լեզուն, հաւատքն ու աւանդութիւնները։ Եկեղեցին առաջնորդողի դեր է ունեցած գաղութներու կազմաւորման ու հայապահպանման մէջ։
գ) Իրենց հաստատուած երկիրներուն մէջ հայեր մեկուսացած չեն ապրած։ Անոնք մասնակից դարձած են ընկերութեան կեանքին, եւ նոյնիսկ՝ կարեւոր դիրքեր գրաւած։
դ) Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ գաղութները իրենց կազմակերպ կեանքով եւ բազմաթիւ կառոյցներով, կեդրոնական դեր ունեցած են Սփիւռքի մէջ, յատկապէս՝ հոգեւոր, մշակութային, բարեսիրական ու քաղաքական մարզերէն ներս։
ե) Պայմաններու բերումով, կորսնցնելով իրենց անմիջական կապը մայր հայրենիքին հետ, կարգ մը գաղութներ, յատկապէս Պալգանեան երկիրներու մէջ ժամանակի ընթացքին ձուլուած են՝ միայն աղօտ կերպով պահելով իրենց հայկական ծագումը։
Բ) ՍՓԻՒՌՔԸ ԱՅՍՕՐ՝ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Անհրաժեշտ կը նկատենք ամփոփ գիծերով լուսարձակի տակ բերել ներկայ Սփիւռքը բնութագրող կարգ մը յատկանշական երեւոյթներ.-
1.- Ներկայ Սփիւռքը՝ աւանդական, սովետական ու հայաստանեան սփիւռքներու աններդաշնակ խառնուրդ մըն է։ Ցեղասպանութեան վերապրողներու բեկորներով գոյաւորուած Սփիւռքը կազմակերպման յարաբերաբար արագ ընթացք ունեցաւ։ Եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ վճռորոշ դեր ունեցան Սփիւռքի կազմաւորման ու անոր ինքնութեան պահպանման մէջ։ Սփիւռքը գոյատեւեց համախմբուելով իր ստեղծած կառոյցներուն շուրջ ու դարձաւ արդարութիւն պահանջող եւ ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի երազով ապրող ու պայքարող գաղութներու ամբողջութիւն։ Աւանդական սփիւռքին եկան միանալու, Սովետական երկիրներէն դէպի Արեւմուտք գաղթած հայորդիներ եւ կարճ ժամանակի ընթացքին շաղուեցան իրենց ազգակիցներուն հետ։ Հայաստանի վերանկախացումով շատեր կարծեցին թէ կրնայ ներգաղթ սկսիլ եւ Սփիւռքը շուտով շնչասպառ դառնալ։ Պատահեցաւ հակառակը։ Տնտեսական պատճառներէ մղուած եւ արտասահմանի լայն կարելիութիւններէն հրապուրուած, Հայաստանը սկսաւ պարպուիլ իր բնակչութենէն։ Թուային աճին առընթեր, Սփիւռքը նաեւ ընդարձակուեցաւ միջ-գաղութային տեղաշարժերու հետեւանքով։ Վերոնշեալ երեւոյթները շարունակուելու բազմաթիւ պատճառներ ունին։ Սփիւռքը կայուն իրականութիւն մը չէ, ան մնայուն փոփոխութեան մէջ է։
2.- Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ, ի՞նչ են հայ ըլլալու արժեչափերը։ Ցեղասպանութեան յիշողութեամբ կազմաւորուած աւանդական սփիւռքը իր իւրայատուկ ինքնաճանաչումը ունէր։ Նոր սփիւռքներու յառաջացումը եւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացումը նոր նկարագիր տուաւ Սփիւռքին. իսկ համաշխարհայնացումը նոր իրականութիւններու եւ հորիզոններու դիմաց դրաւ Սփիւռքը՝ զայն մղելով ինքնաճանաչման տարբեր մօտեցումներու, շեշտաւորումներու ու նոյնի՛սկ արժեչափերու։ Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է պատմական տարբեր հոլովոյթ ունեցած, տարբեր փորձառութեամբ թրծուած եւ տարբեր մտածելակերպ, գործելակերպ ու կենցաղակերպ ունեցող սփիւռքներուն միջեւ, յաճախ նոյն գաղութին մաս կազմող, գոյակցութենէ անդին ներքին ներդաշնակում ու համալրում յառաջացնել։ Ցարդ այս ուղղութեամբ ծրագրուած ու հետեւողական քայլեր չեն առնուած. կը թուի թէ կամեցողութեան պակաս կայ։ Բայց նման ճիգ անխուսափելի անհրաժեշտութիւն է։ Ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքի հայուն ինքնաճանաչումը սահմանել՝ հաւաքական արժեչափերու ճշդումով, առանց անտեսելու համաշխարհայնացումին ստեղծած նոր իրականութիւնները ու տեղական պայմանները։
3.- Հայաստանի մէջ հայ մնալը բնական երեւոյթ է. Սփիւռքի մէջ հայ մնալը նախընտրութեան հարց է եւ, հետեւաբար՝ ամէնօրեայ տագնապ ու պայքար։ Մօտիկ անցեալին, Սփիւռքի մէջ ուրիշէն տարբեր ըլլալը չափանիշ էր ու ազդու միջոց՝ հայապահպանման։ Համաշխարհայնացած աշխարհի բազմացեղ, բազմամշակոյթ ու բազմակրօն միջավայրերու մէջ ապրող հայը, ուր այլեւս զինք ուրիշէն բաժնող ցանկապատեր գոյութիւն չունին, ուր ուրիշը իր դրացին է, ընկերը, գործակիցը եւ երբեմն նոյնիսկ տան անդամը, ինչպէ՞ս կրնայ իր ինքնութիւնը պահել անվթար։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ։ Սփիւռքահայը ինքզինք այլեւս գաղթական եւ օտար չի նկատեր. ան իր ապրած երկրին լիիրաւ քաղաքացին է՝ միաձուլուած միջավայրին ու շաղախուած տեղւոյն մշակոյթին հետ։ Հայու ինքնութիւնը տակաւին կը շարունակէ ինքզինք շեշտակի կերպով արտայայտել հոն, ուր հայ կեանքի հաւաքական ու կազմակերպ ներկայութիւն գոյութիւն ունի։ Սակայն, հոն ուր հայաբոյր միջավայր գոյութիւն չունի, հայապահպանման ճիգերը սկսած են իրենց ուժականութիւնը կորսնցնել հետզհետէ տեղայնացող ինքնութեան դիմաց։ Արդ, հայու արմատները առողջ պահելու հեռանկարով, ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքի հայուն մէջ լեզուն, հայրենիքը, կրօնը, աւանդութիւնները, պատմական վճռորոշ դէպքերը, պահանջատիրութիւնը առաւելագոյն չափով եւ նոր մօտեցումով դարձնել մէկ ազգի պատկանելիութեան ամուր յենարանները։
4.- Սփիւռքի կառոյցները ճշդորոշիչ դեր կատարեցին Սփիւռքի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ՝ մեր հոգեւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու կենսագործման գծով։ Այսօր, սակայն, մեր կառոյցները իրենց հմայքն ու ազդեցութիւնը կորսնցնելու եւ ժամանակավրէպ դառնալու վտանգին դիմաց կը գտնուին։ Իրենց ինքնակեդրոն մօտեցումներով, աւանդական գործելաոճերով ու ոչ-այժմէական օրակարգերով, անոնք այլեւս չեն կրնար գոհացնել նոր սերունդներուն պահանջները։ Այլ խօսքով, գաղութներ չեն կրնար իրենց կազմակերպչական ուժականութիւնը ամուր պահել եւ հայօրէն շնչել շնչասպառ դարձած եւ ներկայ իրականութիւններուն անհաղորդ կառոյցներով։ Արդ, կառոյցներուն վերանորոգումը ու այժմէականացումը աւելի քան հրամայական է՝ նկատի ունենալով անոնց կեդրոնական տեղն ու առանցքային դերը հայ կեանքէն ներս։
5.- Արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է։ Անոր գործածութեան հետզհետէ շեշտուող նուազումն ու աղաւաղումը դարձած են համատարած ու ակնյայտ երեւոյթներ։ Պատճառները յստակ են իսկ հետեւանքը՝ վտանգալից։ Լեզուն ազգի մը ինքնութեան զօրեղ կռուաններէն մէկն է, մանաւանդ փոքր եւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ ապրող ազգի մը համար։ Արեւմտահայերէնի նահանջին առաջքը առնելու յանձնառութենէն մղուած, մեր Սուրբ Աթոռը դիմեց գործնական քայլերու։ Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է նոր մղում տալ այս յոյժ կարեւոր ծրագրին եւ գործնապէս մասնակից դարձնել հայակերտումի առաքելութեան լծուած մեր կրթական ու մշակութային կառոյցները ու մտաւորականները։
6.- Մեր կառոյցներուն կողքին մեր մտածելակերպերն ու գործելակերպերը եւս սկսած են ժանգ կապել։ Մեր շուրջ տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն ու յառաջացող մարտահրաւէրներուն անտեսումը մեր գաղութները կրնան առաջնորդել դէպի ինքնամեկուսացում։ Սփիւռքը այլեւս չի կրնար գործել կարծրատիպերով։ Հայապահպանման գործիքները եւ չափանիշերը, փաստօրէն, չեն համապատասխաներ ներկայ աշխարհի պայմաններուն ու նոր սերունդի մօտեցումներուն ու սպասումներուն։ Նոր սերունդը սկսած է հեռանալ մեր կառոյցներէն, եւ նոյնիսկ անոնց կողմէ ծով զոհողութեամբ պահուած եւ սակայն հոն բանտարկուած մեր արժէքներէն ու աւանդութիւններէն եւ իր հայութիւնը ապրիլ տարբեր մօտեցումներով ու կերպերով։ Նոր սերունդին մօտ հայու ինքնութիւնը ենթակայ է աղօտելու վտանգին։ Հո՛ս է տագնապը, որովհետեւ նոր սերունդն է, որ նոր շունչով պիտի վերակենսաւորէ Սփիւռքը եւ կերտէ անոր ապագան։ Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել հայու ինքնութեան երեք տարածքներուն՝ տեղայնականին, հայկականին ու համաշխարհայինին միջեւ, խուսափելով հակասութիւն ու բեւեռացում յառաջացնող մտածելակերպերէ ու կենցաղակերպերէ։ Յաճախ շեշտած ենք նոր սերունդը մեր շուրջ համախմբելու եւ լուրջ երկխօսութիւն ունենալու կարեւորութիւնը։
7.- Սփիւռքը տարբեր մտածողութիւններու հանդիսարան է, երբեմն զիրար հակասող ու երբեմն համընկնող՝ յաճախ պայմանաւորուած թէ՛ ներ-Հայաստանեան եւ թէ տեղական ընկերա-քաղաքական ազդակներէ։ Սա անխուսափելի երեւոյթ է։ Անհրաժեշտ է, սակայն, Սփիւռքի գաղութները իրենց տեղայնական, ինքնակեդրոն ու բաժանարար մտածողութենէն դուրս բերել եւ համասփիւռքեան մտածողութիւն հունաւորել։ Արդարեւ, անցնող տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ գումարուած համասփիւռքեան, երբեմն նաեւ համահայկական, կրթական, մշակութային, պատմական, պահանջատիրական, տեղեկատուական եւ այլ բնոյթի համագումարները, անոնց ճշդած ուղեգիծերը ու կատարած եզրայանգումները արդէն իսկ հունտերը ցանած են համասփիւռքեան մտածողութեան ձեւաւորման։ Անոնք նաեւ մասնակիցներու ներկայացուցչական հանգամանքով ու որակով կրնան առանցքը դառնալ համասփիւռքեան ղեկավարութեան ստեղծման։ Նման գործընթաց կ’ենթադրէ կառոյցներու միջեւ ներ-գաղութային ու միջ-գաղութային սերտ ու համապարփակ գործակցութիւն՝ համասփիւռքեան օրակարգի մը շուրջ։ Նման նախաձեռնութիւն մը մեծապէս պիտի նպաստէ Սփիւռքի կեանքին վերաշխուժացման, մօտեցումներու ներդաշնակման եւ անոր համահայկական դերակատարութեան առաւել շեշտաւորման։
8.- Սփիւռքը զգոյշ պէտք է ըլլայ թէ՛ Հայաստանակեդրոն եւ թէ Սփիւռքակեդրոն մտածողութեան մէջ ինքզինք բանտարկելէ. իր կիզակէտը պէտք է դառնայ հայակեդրոն մտածողութեան զարգացումը, որ կրնայ տարբեր հայեցակէտերու երկխօսութեան լայն տարածք ստեղծել։ Արդարեւ, իր իւրայատուկ շեշտաւորումներով ու հարուստ փորձառութեամբ Սփիւռքը կրնայ իր կարեւոր նպաստը բերել համահայկական մտածողութեան մշակման՝ համահայկական օրակարգի մը ենթահողին վրայ։ Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է մէկ եւ նոյն հայութեան պատկանելիութիւնը իր արժէքներով ու տեսլականով դարձնել հիմքը ու հէնքը համահայկական մտածողութեան՝ պահելով հանդերձ տեղական պայմաններու ու ազդակներու ազդեցութեան ենթակայ Սփիւռքին մօտեցումները, ինչպէս նաեւ՝ համասփիւռքեան առաջնահերթութիւններուն կարեւորութիւնը։ Առաջինը հրամայական է. իսկ երկրորդը՝ անխուսափելի։
9.- Սփիւռքը ունի մշակութային, հոգեւոր, տնտեսական, մասնագիտական, յարաբերական թէ փորձառական հսկայ ներուժ։ Սակայն, տեղ մը՝ համակերպումը ու տեղայնացումը, այլ տեղ՝ անտարբերութիւնը ու անտեսումը սկսած են հայ կեանքէն հեռացնել իր սեփական ներուժը։ Փաստօրէն, Սփիւռքը չէ կրցած իր ներուժին տէր դառնալ եւ զայն ճիշդ ու ամբողջական կերպով օգտագործել։ Այս ուղղութեամբ փորձեր կատարուած են թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի կարգ մը կառոյցներուն կողմէ. սակայն անոնք եղած են մասնակի ու պարագայական։ Սփիւռքի ներուժին կազմակերպումը ու օգտագործումը անհրաժեշտութիւն է։ Նման ծրագիր կ’ենթադրէ հաւաքական ու հետեւողական աշխատանք։
10.- Հայաստանի վերանկախացումով սպասելի էր որ հանգրուանային կերպով հայրենադարձութիւն տեղի ունենար։ Պատահեցաւ հակառակը։ Հայաստանը չկրցաւ, չէր կրնար, տնտեսական զարգացման լայն կարելիութիւններ ստեղծել, եւ հայրենադարձութեան ծրագիրներ մշակել։ Սփիւռքի հայերուն քաղաքացիութիւն տալը քաջալերական քայլ մըն էր, անկասկած. սակայն, ան հայրենիքին նկատմամբ զգացական կապը ամրացնելէ անդին չանցաւ։ Վերջին տասնամեակներուն Հայաստանէն հեռացած հայերուն պարագային՝ հայրենադարձութիւնը անհրաժեշտութիւն է. իսկ աւանդական սփիւռքին համար՝ ներկայ հանգրուանին, ան իրատեսութեան սահմաններէն դուրս կը նկատուի։ Սակայն, հարկ է զայն պահել համազգային օրակարգի վրայ, որպէս ազգային պատկանելիութեան էական տարրերէն մէկը։ Եթէ հայրենադարձութեան գաղափարը՝ ամբողջական Հայաստան ամբողջական հայութեամբ տեսլականով ամրագրուած, թէկուզ վախճանական հորիզոնի վրայ, անհետանայ հայ կեանքէն, Սփիւռքը պիտի կորսնցնէ իր նպատակասլաց ուղղուածութիւնը եւ ինքնամաշումը պիտի ընթանայ արագ։ Տուեալները ցոյց կու տան, թէ Սփիւռքը երկար ժամանակ պիտի շարունակէ իր գոյութիւնը՝ ենթակայ գունաթափումի վտանգին։ Արդ, ընդհանուր հայութեան թիւի աճը եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ հայութեան ֆիզիքական ներկայութեան պահպանումը առանցքային կարեւորութիւն ունին։ Այս նպատակը կարելի է իրագործել Հայաստանի մէջ՝ տնտեսութեան զարգացումով, անվտանգութեան երաշխաւորումով եւ Սփիւռքի փոքր ու մեկուսացած գաղութները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով ենթակայ են արագ ձուլման վտանգին, Հայաստան ուղղելով. իսկ Սփիւռքի մէջ՝ ծնունդներու թիւը բազմապատկելով եւ այլ ազդու միջոցներու դիմելով։
11.- Հզօր Հայաստան–հզօր Սփիւռք տեսլականը պէտք է դառնայ ազգային ռազմավարութեան հիմքը ու նպատակակէտը։ Առաւել քան երբեք Հայաստան եւ Սփիւռք իրարու կարիքը ունին։ Հետեւաբար, Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը պէտք է մնայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի կեանքին կենսական տարածքներէն մէկը։ Ճիշդ չէ՛ Սփիւռքը նկատել Հայաստանի կցորդ, ո՛չ ալ Հայաստանէն անջատ ինքնակեդրոն ու ինքնավախճան գոյութիւն։ Ճիշդ չէ նաեւ Սփիւռքը նկատել սոսկ Հայաստանի մէջ բարեսիրական ծրագիրներու սատարող ու տնտեսական ծրագիրներ մշակող գաղութներու ամբողջութիւն։ Սփիւռքը անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմէ նոյն եւ մէկ հայութեան։ Արդարեւ, Հայաստանը հայրենասիրութիւն առթող հայրենիք ըլլալէ անդին՝ ցարդ չկրցաւ դառնալ վստահութիւն ու յոյս ներշնչող, եւ աշխարհացիր հայութիւնը իր շուրջ համախմբող հաւաքական տուն։ Վերջին տասնամեակին շեշտը դրուեցաւ տնտեսական ներդրումներու եւ թուրիստական այցելութիւններու վրայ։ Յատկապէս Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրները ու ընկերա-տնտեսական ծրագիրներուն օժանդակութիւնը կարեւոր տեղ գրաւեցին սփիւռքահայութեան կեանքի մայր էջին վրայ, յաճախ լուսանցքի մէջ ձգելով Սփիւռքին առաջնահերթութիւնները։ Հայ ժողովուրդի երկու բեւեռներուն միջեւ գործակցութիւնը պէտք է դառնայ համապարփակ, ծրագրուած եւ հետեւողական, հիմնուած՝ փոխադարձ վստահութեան վրայ։ Սփիւռքի վերակենսաւորման մէջ էական է դերը Հայաստանին, մասնաւորաբար մշակութային ու կրթական մարզերուն մէջ։ Միւս կողմէն՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան շրջագծէն ներս, անհրաժեշտ կը նկատենք Հայաստանի կառավարման ինչպէս նաեւ համահայկական խնդիրներու ու ծրագիրներու քննարկման մէջ Սփիւռքի գործօն մասնակցութիւնը։
Գ) ԴԷՊԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ՝ ՄԱՐԶԵՐ
ԵՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔ
Մեր մատնանշած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները կը կարօտին խոր, իրատես ու համապարփակ քննարկման։ Աւելի քան երեսուն տարի Հայաստանը եւ Արցախը դարձան Սփիւռքի կեանքին կիզակէտը։ Անկասկած, մեր ազգին այս երկու բեւեռները իրենց խնդիրներով ու հրամայականներով Սփիւռքին համար պէտք է միշտ մնան առաջնահերթութիւն։ Սփիւռքը ինքնավախճան իրականութիւն մը չէ. ան իր տեսլականը պէտք է միշտ սեւեռած պահէ Հայաստանի ուղղութեամբ, որ ողնասիւնը կը կազմէ հայ ազգի ներկային ու երաշխիքը՝ անոր ապագային։ Այս խոր գիտակցութեամբ Սփիւռքը կոչուած է ինքզինք վերակազմակերպելու։ Այսօր մեր ազգին մեծամասնութիւնը կ’ապրի Սփիւռքի մէջ։ Հետեւաբար ժամանակն է, որ մեր ազգի պատմութեան այս հանգրուանին ինքնակազմակերպումը դառնայ Սփիւռքին առաջնահերթութիւնը։
Կ’ուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ այլեւս չենք կրնար հիւծած կառոյցներով, զմռսուած մտածողութեամբ, կաղապարուած մօտեցումներով, հնամաշ օրակարգերով Սփիւռքը վերակազմակերպել ու վերակենսաւորել։ Սփիւռքը իր կառոյցներով ու օրակարգով, իր կանոնագրութիւններով ու գործելակերպերով պէտք է դառնայ համահունչ նոր ժամանակներուն ու մարտահրաւէրներուն։ Ինչպէ՞ս կարելի է ձեռնարկել այս հսկայ աշխատանքին։ Սփիւռքին պարզած ներկայ գոյավիճակին իրապաշտ արժեւորումը եւ ապա ծրագրումը պէտք է դառնան մեկնակէտը ու մղիչ ուժը մեր աշխատանքներուն։ Այս ուղղութեամբ առանցքային է դերը գաղութին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն, ինչպէս նաեւ զանազան մարզերու մասնագէտ ու փորձառու մտաւորականներուն։
ա) ԹԵՄԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ
Աւանդական սփիւռքի կեանքը կազմակերպուած է եկեղեցւոյ շուրջ։ Իւրաքանչիւր գաղութ եկեղեցին նկատած է իր հաւաքական կեանքին կեդրոնը եւ անոր շուրջ հիմնած զանազան մարզերու առնչուած իր հաստատութիւնները։ Եկեղեցին, իր կարգին, չէ կրցած քայլ պահել կեանքի յարափոփոխ պայմաններուն հետ։ Եկեղեցւոյ բարեկարգումը նոյնպէս հրամայական է։ Եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւնը նոր որակ ու ոճ պէտք է ստանայ ու եկեղեցին դառնայ ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ուստի, նկատի ունենալով եկեղեցւոյ կեդրոնական դերը գաղութի մը կեանքին մէջ, գաղութի վերակազմակերպումը հարկ է որ սկսի թեմական կեանքէն։
Վերջին Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին (5-8 Դեկտեմբեր 2017) թէ՛ Մեր պատգամին եւ թէ ժողովի որոշումներուն մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձած էինք յատկապէս թեմերու վերակազմակերպման եւ ապա այս ուղղութեամբ յատուկ ուղեցոյց մը ճշդած։ Սակայն, համաճարակը դանդաղեցուց մեր թեմերուն կողմէ կատարուելիք ծրագրումի աշխատանքները։ Հոս կ’ուզենք ամփոփ գիծերով պարզել թեմերու շրջագծէն ներս ձեռնարկուելիք աշխատանքին ուրուագիծը.-
Թեմի վերակազմակերպման մէջ կարեւոր դեր ունի Հոգեւորականը։ Կոչումի գիտակցութիւն ունեցող եւ ներկայ ժամանակնե րու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հոգեմտաւոր պատրաստութիւն ունեցող հոգեւորականներու կազմաւորումը էական է։ Ծուխը, որպէս հիմքը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան, պէտք է դառնայ վերակազմակերպման գործընթացին կիզակէտը։ Հարկ է եկեղեցւոյ վարչակազմակերպչական կեանքին մէջ գործող մարմինները վերաթարմացնել՝ պաշտօնի կոչելով ուսեալ եւ գործունեայ տիկիններ ու երիտասարդներ։ Անհրաժեշտ է առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայել ա) քրիստոնէական դաստիարակութեան՝ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերաշխուժացումով, հայկական վարժարաններէն ներս կրօնական նիւթերու դասաւանդումով ու հայ ընտանիքէն ներս հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործումով։ բ) ընկերային ծառայութեան, զայն դարձնելով եկեղեցւոյ առաքելութեան էական մարզերէն մէկը։ գ) Հայ դպրոցին, վերաշեշտելով անոր հայակերտումի առաքելութիւնը։
բ) ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ
Թեմը գաղութէն անկախ միաւոր մը չէ. թեմը ինքնին ժողովուրդն է։ Այս առումով, համայնքի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն ու թեմին միջեւ ներդաշնակ գործակցութիւնը, վստահաբար, պիտի նպաստէ գաղութի վերակազմակերպման։ Արդ, թելադրելի է, որ համագործակցութիւնը սկսի ծրագիրներու պատրաստութեան ընթացքին։ Համայնքային կառոյցները մասնակից են թեմական մարմիններու գործունէութեան, սակայն անոնք ունին իրենց յատուկ կանոնագրութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները։ Մեր կառոյցները սկսած են մարդուժ կորսնցնել. քանակին առընթեր նշմարելի է նաեւ որակի նահանջ։ Նոր աւիւն հարկ է ներարկել անոնց, ապահովելով երիտասարդութեան, արական թէ իգական, տիրական ներկայութիւնը՝ նաեւ ղեկավարութեան մակարդակի վրայ։ Կառոյցներու կանոնագրութիւններուն այժմէականացումը եւ տեղական պայմաններուն պատշաճեցումը, պահելով հանդերձ անոնց համասփիւռքեան ու համահայկական բնոյթն ու նպատակը, անխուսափելի է։ Կառոյցներու միջեւ սերտ գործակցութիւն ու անոնց գործունէութեանց միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելը մեծապէս պիտի նպաստէ գաղութի կեանքին առաւել ծաղկման եւ Սփիւռքի աշխուժացման։
Սփիւռքի վերակազմակերպումը բարդ ու երկարաշունչ ծրագիր է։ Նման հսկայածաւալ ծրագիրի մը իրագործումը կ’ենթադրէ հաւաքական հաւատք ու նուիրում, ղեկավարութիւն ու յանձնառութիւն։ Ան կը պահանջէ նաեւ մասնագիտական մօտեցում ու համապարփակ ծրագրում՝ հանգրուանային կերպով իրագործելի։ Յիշեալ գործընթացին մէջ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ տարբեր միջավայրերու մէջ ապրող գաղութներուն ներքին դրուածքը, գործող կառոյցներու իւրայատկութիւնները ու շրջապատը, եւ համապատասխան մօտեցում որդեգրել։
Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է յիշեալ հսկայ աշխատանքին ձեռնարկել.-
1) Մթնոլորտի պատրաստութիւնը նախապայման է։ Մեր կառոյցները, անոնց պատասխանատուները ու անդամները պատրաստ ու յանձնառու պէտք է ըլլան վերակազմակերպումի անյետաձգելի անհրաժեշտութեան։ Այս ուղղութեամբ յօդուածներու պատրաստութիւնը, հրապարակային քննարկումներու ու համագումարներու կազմակերպումը կրնան օգտակար դառնալ տեսակէտներու փոխանակման, մտքերու պատրաստութեան ու դրական միջավայրի ստեղծման։
2) Իւրաքանչիւր կառոյց ինք պէտք է նախաձեռնէ իր վերակազմակերպման, նկատի ունենալով Մեր արծարծած մտահոգութիւններն ու մատնանշած երեւոյթները, եւ ապա, անհրաժեշտութեան պարագային, իր կատարած աշխատանքը համադրելով այլ կառոյցներու հետ։
3) Ծրագրումին հարկ է յաջորդէ գործադրումը։ Սա բնականաբար ամենէն դժուար հանգրուանն է։ Գործադրումը պէտք է կատարուի յառաջատուական ընթացքով եւ ծրագրուած հետեւողականութեամբ։
Հաւատարիմ իր անցեալին, հայ ժողովուրդը կոչուած է ինքզինք յարատեւօրէն վերարժեւորման ու վերանորոգման ենթարկելու՝ համահունչ փոխուող ժամանակներուն, պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Ա՛յս տեսլականով ու յանձնառութեամբ Սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպէ ու վերաշնչաւորէ ինքզինք։ Սփիւռքը իր ներկայ վիճակին թողուլ, կը նշանակէ անոր ինքնամաշումը արագացնել։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝ անոր հզօրացումն է, իսկ Սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանին ու Արցախին հզօրացումն է. եւ սա համազգային առաջնահերթութիւն է ու մարտահրաւէր։ Հարկ է անյապաղ լծուիլ աշխատանքի։
Կը թելադրենք մեր Սուրբ Աթոռի թեմերուն անմիջապէս ձեռնարկել ծրագրումին, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն ամբողջացնել յառաջիկայ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովէն առաջ։
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 Յունուար, 2022
Անթիլիաս, Լիբանան