Առաջնորդարանէն

“CROSSROADS”Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ | ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՈՒՉ ՀՈԳՇ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆԻ ՀԵՏ

Յունուարի առաջին շաբաթներուն, Նիւ Եորք ժամանած էր Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի դպրեվանքի տեսուչ, որ ներկայիս իր դոկտորայի ուսման կը հետեւի տեղւոյս Ֆորտհըմ համալսարանին մէջ։ Մեկնումէն առաջ, Հայր Սուրբին հետ ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը։

– Հոգեշնորհ Հայր Սուրբ, կրնա՞ք քանի մը տեղեկութիւններ տալ ձեր մասին։ 

Աւազանի անունով՝ Յարութիւն, ծնած եմ Լիբանան, Ամանոսի շրջան։ Նախնական ուսումս ստացած եմ ազգ. Աբգարեան Վարժարանէն ներս։ 2004 թուականին ընդունուած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանք: Դպրեվանքի ութամեայ  ուսումնական շրջանը աւարտելէ  ետք, շրջանաւարտ դարձած եմ եւ ձեռնադրուած կուսակրօն քահանայ, վերակոչուելով՝ Հայր Պարոյր։ Ձեռնադրութենէս ետք,  յաջորդ երեք տարիներուն վարած եմ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսչութեան պաշտօնը, որ ինծի առիթ ընծայած է ձեռագիրներով զբաղելու, յատկապէս՝ հմայիլներով։ Միաժամանակ, վարած եմ նաեւ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց Բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։ 2015ին ստացած եմ վարդապետութեան աստիճանը, իսկ յաջորդ տարին, Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, ծառայութեան մեկնած եմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմ, իբրեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Այդ շրջանին, հետեւեցայ աստուածաբանական դասընթացքներու՝ Պըրքլիի Graduate Theological Union համալսարանէն ներս, եւ ստացայ մագիստրոսի աստիճան։ 2019ին, հովուական ծառայութեանս տարիները աւարտելէ ետք, վերադարձայ Լիբանան եւ վերստանձնեցի «Կիլիկիա» թանգարանի տեսչութիւնը, որուն ընթացքին անոր վերանորոգման աշխատանքները իրենց աւարտին հասան։ 2021 Յունուարին, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, ստանձնեցի Դպրեվանքի տեսուչի պաշտօնը, միաժամանակ առցանց հետեւելով Նիւ Եորքի Ֆորտհըմ համալսարանի (Fordham University) հովուական աստուածաբանութեան դոկտորայի ծրագրին (Doctor of Ministry)։ Այս մարզէն ներս, կը սիրեմ խորանալ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին մէջ եւ զայն լուսաբանել մեր ժողովուրդին։

Դպրեվանքի աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմի թուական վիճակը ի՞նչ է։

Դպրեվանքը բախտաւորութիւնը ունի վայելելու Վեհափառ Հայրապետի ներկայութիւնը իբրեւ ուսուցչապետ, որ աւարտական դասարանի սարկաւագներուն կը դասաւանդէ տեսական եւ հովուական աստուածաբանութիւն։ Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ, Դպրեվանքէն ներս կը դասաւանդեն 14 հոգեւորական եւ 14 աշխարհական ուսուցիչներ, որոնք նուիրումով կը բարձրանան Դպրեվանք եւ իրենց մտքէն ու հոգիէն ուսում եւ դաստիարակութիւն կը ջամբեն մեր սաներուն։ Այս տարի, Դպրեվանքէն ներս ունինք 46 սաներ, որոնք եկած են Լիբանանի զանազան շրջաններէն, Սուրիայէն, Հայաստանէն եւ Գալիֆորնիայէն։ Դպրեվանքէն ներս, բոլորն ալ մէկ ընտանիքի զաւակ կը դառնան, դպրեվանեցի կոչումը ստանալով։

Ուսումնական ծրագիրը ի՞նչ բովանդակութիւն ունի։ Բարեփոխման կարիքը կը տեսնէ՞ք։

Դպրեվանքի նպատակն է մեր պատանի եւ երիտասարդ սաները պատրաստել իբրեւ ապագայի հոգեւորականներ եւ ազգային կառոյցներէ ներս գործող ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ ղեկավարներ։  Հետեւաբար, այս նպատակին համահունչ, Դպրեվանքի ուսումնական ծրագրի նպատակն է փոխանցել քրիստոնէական, կրօնական, հայագիտական եւ պատմական նիւթեր։ Այս տարի, վերի կարգի դասարաններու ծրագիրներուն մէջ, շեշտը դրինք Արցախի հիմնահարցին, Սփիւռքի պատմութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային նիւթերու եւ մշակոյթներու պատմութեան վրայ, որպէսզի ուսանողները աւելի համապարփակ պատրաստութեամբ մտնեն եկեղեցական եւ ազգային կեանքի մարզերէն ներս։ Բնականաբար, բարեփոխումները միշտ անհրաժեշտ են, սակայն առողջ եւ տեղին կատարուող բարեփոխումները կ՚իրագործուին ժամանակի ընթացքին եւ ըստ սերունդներու կարիքներուն ։

Անտարակոյս, Լիբանանի ներկայ տագնապը իր ազդեցութիւնը ունի Դպրեվանքի աշխատանքներուն վրայ եւս։ Ի՞նչ ձեւերով կը դրսեւորուի այդ ազդեցութիւնը։

Լիբանանի տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ առողջապահական տագնապները անխուսափելիօրէն կ՚ազդեն Լիբանանի բոլոր հաստատութիւններուն, ժողովուրդին, եւ բնականաբար նաեւ հայ գաղութին ու կազմակերպութիւններուն վրայ։ Շնորհիւ Վեհափառ Հայրապետի ջանքերուն, Դպրեվանքը կարելի եղած չափով զերծ կը մնայ այս խնդիրներէն, սակայն մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները տակաւին առկայ են։ Յատկապէս վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան դժուարութիւնները ամէնօրեայ տագնապ դարձած են։ Սակայն, Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող անձնաւորութիւններ եւ բարեկամներ իրենց նուիրատուութիւններով կ՚օգնեն մեզի, որպէսզի այս դժուարութիւնները թեթեւնան եւ մենք մեր առաքելութիւնը կարենանք շարունակել։

Դպրեվանքը իր 90ամեայ պատմութեան մէջ անգնահատելի դեր կատարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի կրօնական ու մտաւորական կեանքի զարգացման մէջ։ Ինչպէ՞ս կը տեսնէք այդ դերակատարութիւնը ապագային։

Իրողութիւն է, որ բոլոր գաղութներէն ներս, մեր կրօնական, ազգային եւ մշակութային մարզերը զգալիօրէն կը նահանջեն, որովհետեւ անոնց դէմ ցցուող հոսանքները զօրաւոր են։ Անցնող 90 տարիներու ընթացքին, Դպրեվանքի առաքելութիւնը յստակօրէն պարզուած է մեր ժողովուրդին առջեւ, գրեթէ բոլոր գաղութներէն ներս: Ակնբախ է, թէ ինչպէս շրջանաւարտները, անոնք ըլլան հոգեւորական թէ աշխարհական, իրենց մեծ ներդրումը բերած են մեր գաղութներու վերակազմակերպման եւ վերակազմաւորման մէջ։ Նոյն յանձնառութեամբ, Դպրեվանքը անխափան կը շարունակէ իր ուղին եւ պատրաստ է դիմագրաւելու այդ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ամէն գնով աշխատելու, որ նահանջը կանգ առնէ եւ մեր գաղութները վերաշխուժանան։ Այսօր, զգալի կարիքը կայ անձնուէր ծառայողներու, որպէսզի մեր քրիստոնէական հաւատքը վառ մնայ եւ մեր ազգային դիմագիծն ու արժէքները անխաթար պահպանուին։ Դպրեվանքը այդ առաքելութեան լծուած է եւ իր երթը կը շարունակէ նորոգուած ուխտով եւ արդիւնաւէտ կերպերով։