Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ԻՆՏԻԸՆ ՕՐՉԸՐՏԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 1 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս), եկեղեցւոյ 88րդ տարեդարձին առթիւ։ Սրբազան Հայրը, իր քարոզի նիւթը այժմէականցնելով, յայտնեց, թէ այս համայնքը գոյատեւած է իր 88ամեայ առաքելութեան մէջ շնորհիւ Եկեղեցւոյ կենդանի Քարեր՝ հաւատացեալներու հաւատքին ու նուիրումին։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ տօնախամբութիւն։ Հոգաբարաձութեան ատենապետուհի՝ տիկ. Թանիա Ղարիպեան, ներկայացուց համավարակի ընթացքին եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւնները։ Հովիւ եւ Հոգաբարձութեան կողմէ պարգեւատրուեցան պրն․ Նիք Փանասեան եւ տիկ. Արտեմիս Պապաեղեան իրենց բազմամեայ ծառայութեան համար։ Ապա եկեղեցւոյ ծխական եւ արուեստագէտ լուսանկարիչ՝ պրն․ Արմէն Թաշճեանը, որուն ծննդեան հարիւրամեակը տօնուած էր քանի մը շաբաթ առաջ,  հրաւիրուեցաւ իր սրտի խօսքը ուղղելու ներկաներուն։

Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի աշխատանքը, եւ խրախուսեց ներկաները իրենց հաւատարմութեան եւ նուիրուածութեան համար, քաջալերելով որ իւրաքանչիւրը, որպէս Կենդանի Քար Եկեղեցւոյ, իր իւրայատուկ դերին գիտակցի եւ իր ծառայութիւնը շարունակէ անձնուիրաբար։

Գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ երէցկին Մարինէ Շիթիլեան, որ հայկական դասական գործեր նուագեց դաշնամուրի վրայ։ Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով։

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի, երէցկին Մարինէ Շիթիլեանի եւ պրն. Արմէն Թաշճեանի հետ

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի, տիկ. Արտեմիս Պապաեղեանի եւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ տիկ. Թանիա Ղարիպեանի հետ

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի, պրն. Նիք Փանասեանի եւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ տիկ. Թանիա Ղարիպեանի հետ