ԵՂԻԱ՝ ՆԱԽԱԿԱՐԱՊԵՏԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 12 Յունիս)
Այսօր, Հոգեգալուստի տօնի երկրորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը նշուած է Ղկ 4.25-30։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր քարոզութեան ընթացքին կ՛ակնարկէ Եղիա եւ իր աշակերտ՝ Եղիսէ մարգարէներուն։ Յիսուս կը խօսի Եղիա մարգարէի կողմէ Սիդոն-Լիբանանի մէջ այրի կնոջ զաւկի վերակենդանացման, իսկ Եղիսէ մարգարէին Ասորեստանի Նէէմաա զօրավարին բորոտուենէ բժշկութեան մասին։ Սուրբ գրային այս զոյգ վերյիշումները թէպետ որպէս մեղադրանք կ՛ընդունուին Փարիսեցիներու կողմէ, այնուամենայնիւ ինքնաքննութեան հրաւէր մըն էին ուկնդիրներուն, որոնք կը պարծենային Աբրահամի զաւակներ ըլլալուվ։
Եղիա մարգարէն կը նկատուի մեր Տիրոջ Քրիստոսի նախատիպարը, ինչպէս կը կարդանք Մատթէոսի Աւետարանին մէջ (Մտ 16.14)։ Ուստի, Աստուծոյ հետ ունեցած անոր մէկ դիպուկ փորձառութիւնը կ՛ուզեմ վեր առնել, որպէս հոգեւոր կեանքի սնուցման «զհաց մեր հանապազորդ»ը։ Երրորդ Թագաւորաց գրքին մէջ կը կարդանք, թէ Եղիա Աքապ թագաւորի եւ Բահաղի քուրմերուն դէմ տարած փառաւոր յաղթանակէ մը ետք (Ա Թգ 19.9-18), կ՛ապաստանի քառայրի մը մէջ, որովհետեւ Յեզաբէլ թագուհին ամէն գնով կ՛ուզէր զինք սպաննել։ Տէրը կ՛այցելէ մարգարէին եւ կը պատուիրէ որ լերան վրայ Իր ներկայութեան գայ։ Տէրը կ՛անցնի եւ սաստիկ փոթորիկ կը բարձրանայ, ապա՝ երկրաշարժ տեղի կ՛ունենայ, որմէ ետք կրակ կը տեղայ, բայց Տէրը անոնց մէջ չ՚երեւնար։ Ի վերջոյռ մեղմիկ շշնջիւն մը կը լսուի, եւ Եղիա զայն լսածին պէս իսկոյն երեսը կը ծածկէ։ Քարայրի մուտքին ան կը կանգնի եւ Տիրոջ ձայնը իրեն կը հարցնէ. «Ի՞նչ կ՚ընես հոս, Եղիա»։ Ան կը պատասխանէ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյ համար նախանձախնդրութեամբ վարուեցայ, որովհետեւ Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ ձգեցին, սեղաններդ փլցուցին եւ քու մարգարէներդ սպաննեցին, ու միայն ես մնացեր եմ, եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէսզի զայն եւս վերացնեն»։
Այս հրաշապատում հատուածը, անկախ հրաշքէն, հաւատացեալներու համար ներշնչող պատգամ մը կը փոխանցէ, թարմացնելով անոնց հաւատքը, որ կը հիւծի առօրեայ կեանքի տագնապներուն ներքեւ։
ա․ Մարգարէին կեանքը սպառնալիքի կ՛ենթարկուի անուրանալի այն հրաշքէն անմիջապէս ետք, երբ իր ժողովուրդին կը յայտնաբերէ այն իրողութիւնը որ Տէրն է միայն ճշմարիտ Աստուածը, որ կը լսէ եւ պատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Արդարեւ, մեզմէ շատեր կրնան նմանօրինակ տխուր փորձառութեան մէջէն անցած ըլլալ, երբ ազնիւ խօսքերէ, գործերէ ու վերաբերմունքէ ետք իրենց շրջապատը ժխտական կերպով կը հակադարձէ, եւ յուսախաբութեան մէջ կը հարցադրեն Աստուծոյ նախախնամութիւնը։ Ճիշդ է, որ ընկերութիւնը միշտ արդար չէ, ինչպէս հայկական գողտրիկ բանաստեղծութիւն մը կ՛ըսէ․ «Վարդ ցանեցի փուշ բուսաւ», բայց եւ այնպէս երբե՛ք պէտք չէ դադրինք դրական մտածելէ, եւ կրնանք յաջողիլ, երբ անշեղ կերպով Ամենակալ Աստուծոյ կը վստահինք ու յանձնուինք։
բ․ Քարայրը թէեւ որպէս ապաստանարան կը ծառայէ, նաեւ խորհրդանիշ է ներհայեցողութեան։ Արդարեւ, լեռները բարձրութեամբ ու տարածքով որքան ալ իրենց վեհութեամբ եւ գեղեցկութիւններով կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը, նոյնքան եւ քառայրները, որոնք աշխարհէն կտրուած՝ լեռներու յատակը թաքնուած կը մնան, ունին իրենց գեղեցկութիւնը, հարստութիւնն ու խորհուրդը։ Քառայրը նաեւ կը ներկայացնէ մարդուս ներաշխարհը։ Մեր Տէրը Յիսուս ըսաւ. «Աստուծոյ արքայութիւնը ձեր ներսիդին է» (Ղկ17.21)։ Որքան շատ առիթ ստեղծենք աշխարհէն մեկուսանալու եւ թանկագին ժամանակ անցընելու մեր քարայրին՝ ներքին աշխարհին մէջ, այնքան աւելիով կը հարստացնենք մեր կեանքը։
գ․ Եղիայի խօսքը, թէ «առանձին մնացած է», երեւոյթ մըն է, որ կը տեսնուի առհասարակ մարդ էակի մօտ երբ յուսախաբութեան մատնուի։ Իրա՛ւ է, որ կրնանք անտեսուիլ, սխալ հասկցուիլ, եւ նոյնիսկ հալածուիլ, սակայն երբե՛ք պէտք չէ լքուած եւ առանձին զգանք։ Կրնանք առանձնանալ բայց երբե՛ք առանձին չենք մնար, որվհետեւ Ամենակալ Տէրը երկնային Զօրքերուն հետ մեր հետն է։ Յովսէփ փոսի մէջ նետուեցաւ (Ծն 37.12-28), Դանիէլ՝ առիւծներու գուբին մէջ (Դան 6.1-22), երեք երիտասարդները՝ կրակէ հնոցին մէջ (Դան 3.16-30), Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ Խոր Վիրապին մէջ, բայց եւ այնպէս Զօրաց Տէրը զանոնք չլքեց, այլ Իր Հրեշտակին միջոցաւ մխիթարեց, զօրացուց եւ փրկեց, ամբողջացնելու համար իրենց տնօրինուած առաքելութիւնը։
դ․ Աստուած խոստացաւ Եղիային իր ներկայութիւնը վայելել, եւ բնութեան իրերայաջորդ տարբեր երեւոյթներ պարզուեցան՝ փոթորիկ, երկրաշարժ, կրակ, եւ ի վերջոյ մեղմանոյշ շշուկով խօսեցաւ իր հետ։ Ինչպէս Եղիան, նաեւ առհասարակ մարդիկ կ՛ակնկալեն որ Աստուած պիտի յայտնուի իր փառքին համապատասխան աներեւակայելի զօրութեամբ, ինչպէս կը կարդանք Սուրբ Գրքին մէջ երբ Անկէզ մորենիով յայտնուեցաւ (Ելից 3.1-17), կամ երբ Օրէնքը Մովսէսին յանձնեց Սինա լերան վրայ (Ելից 19.18), երբ Գորան, Դադանը եւ Աբիրոնը պատժեց (Թուոց 16.15-40)։ Աստուած, սակայն, Եղիային խօսեցաւ մեղմիկ շշուկով, մեզի յստակ պատգամ տալով որ «իմ խորհուրդներս տարբեր են ձերինէն, ո՛չ ալ ճամբաներս նման են ձեր ճամբաներուն» (Ես 55.8-9)։
Ուստի, Եղիա մարգարէին հետ երբ Աստուծոյ Խօսքը տարածենք եւ աշխարհը մերժէ եւ հալածէ մեզ, երբեք չփորձուինք մտածելու եւ զգալու որ առանձին ենք ու լքուած, այլ վստահ ըլլանք որ ճշմարիտ հետեւորդներն ենք Անոր որ ըսաւ, «Զիս եթէ հալածեցին ձեզ ալ պիտի հալածեն» (Յհ 15.20), եւ մեր վկայութեան ընդմէջէն փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։