ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ՝ ՄՏՔԻ ԵՒ ՄԱՐՄՆԻ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 7 Օգոստոս)
Այսօրուան մեր Աւետարանի ընթերցումը, Մարկոս Աւետարանիչէն՝ 2.1-12, մեզի կը հրամցնէ Յիսուսի հրաշագործութիւնը անդամալոյծի մը։ Չորս մարդիկ անդամալոյծ մը կը տանին այն տունը, ուր Յիսուս կը գտնուէր։ Տեսնելով որ խռնուած բազմութեան պատճառաւ անկարելի պիտի ըլլար մօտենալ Քրիստոսի, աննահանջ կամքով դարբնուած, կը համարձակին բարձրանալ տանիքը, առաստաղը կը քակեն եւ հիւանդը պատգարակով կ՛իջեցնեն վար։ Յիսուս, անոնց հաւատքը տեսնելով, անդամալոյծին կ՛ըսէ. «Որդեա՛կ, մեղքերդ ներուած են»։ Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որ հոն էին, մտովի կը քննադատեն զայն՝ հայհոյութիւն համարելով, որովհետեւ կը հաւատային թէ Աստուած միայն կրնայ մեղքերը ներել։ Քրիստոս գիտնալով անոնց մտածումը, կը հարցնէ անոնց. «Ինչպէ՞ս կը համարձակիք ասանկ բան ըսել։ Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել՛, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա» ըսելը: Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու»: Ու դառնալով անդամալոյծին, կ՛ըսէ. «Քեզի կ’ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա»: Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելլելով, մահիճը կը վերցնէ եւ դուրս կ՛ելլէ: Ժողովուրդը ականատես ըլլալով այս բոլորին, կը փառաւորէ զԱստուած։
Այս հատուածը, որքան ալ հիացումի արժանի է կատարուած հրաշքով, որ ոմանց կողմէ փառաբանուեցաւ, իսկ այլոց կողմէ քննադատութեան ենթարկուեցաւ, յամեայն դէպս, երկու հազար տարի ետք մեզ կը պարուրէ երկիւղալից սքանչացումով, հրաշքին մէջ տեսնելով աւելի խոր հրաշք մը, որ կ՛անդրանցնի անդամալոյծին շնորհուած հրաշքը։ Այս ընթերցումէն կ՛ուզեմ հետեւեալ մտածումները բաժնել։
ա. Արարիչ Աստուծոյ վերագրուած մակդիրներէն մին է Ամենագիտութիւնը։ Սուրբ Գիրքը ըստ պատշաճի վկայութիւններ կը հայթայթէ մեզի այս մասին, թէ՝ «Աստուած սրտերը կը քննէ» (Ա Մնաց 29:17), «Տէրը գիտէ մարդու խորհուրդները» (Սղ 94:11), «Քեզի համար գաղտնիք չէր իմ կազմութիւնս: Երբ տակաւին ես նոր սկիզբ կ’առնէի, մարդոցմէ ծածուկ՝ խնամքով կը կազմաւորուէի մօրս որովայնին մէջ: Քու աչքերդ տեսան զիս՝ երբ դեռ նոյնիսկ կազմաւորուած չէի. եւ ինծի տրուած կեանքի բոլոր օրերը քու գիրքիդ մէջ գրուած էին՝ նոյնիսկ դեռ սկիզբ չառած» (Սղ 139.15-16), նաեւ՝ «քեզ ճանչցայ նախքան որ որովայնին մէջ կազմաւորեցի» (Եր 1.5)։ Աստուած ամենագէտ է, Ի՛նք է աղբիւր եւ Ա-Ք իմաստութեան, գիտութեան եւ հասկացողութեան։ Ամէն բան ստեղծագործութենէն առաջ մինչեւ յաւիտեանները ներկայ են իր առջեւ։
բ. Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս՝ անդամալոյծին մեղքերուն նախ թողութիւն տալով, մեզ իրազեկ կը դարձնէ որ հոգիի առողջութիւնը առաջնահերթ է։ Ո՛չ մէկ կասկած որ առողջ մարմնի պէտք ունինք, ուր միտքն ու հոգին իրենց անհամար բարիքները կը դրսեւորեն, սակայն միաժամանակ պէտք է գիտակցինք թէ մարմնին նման միտքն ու հոգին եւս կրնան հիւանդ ըլլալ եւ անդամալուծուիլ։ Դժբախտաբար, մինչ առաջնոյն անհրաժեշտութիւնը կը շեշտենք, վերջնոյնը կ՛անտեսենք։ Որպէս արդիւնք, մեզի անյայտ թուացող պատճառներէ կը տառապինք, առանց գիտնալու աղբիւրը։ Կը փնտռենք մեր թշուառութեան արմատները եւ չենք գտներ, որովհետեւ չենք թակեր Ճշմարիտ Դուռը եւ չենք դիմեր Ճշմարիտ Բժիշկին։
Այսօրուան մեր ընկերութիւնը, ափսո՜ս, որեւէ ժամանակէ աւելի կը տառապի ո՛չ թէ անդամալոյծներէ, որոնք տարբեր պատճառներով՝ ըլլայ նեարդային հիւանդութեանց կամ արկածներու պատճառաւ, զրկուած կը մնան բնական շարժումներէ, այլ անոնցմէ որոնք մտաւոր հիւանդութեանց պատճառաւ կը սպաննեն անմեղներ՝ դպրոցներու, շուկաներու, փողոցներու եւ տարբեր հաւաքավայրերու մէջ, եւ հոգիի կուրութեան պատճառաւ անհանդուրժողութենէ մղուած կը պախարակեն, կը վիրաւորեն բոլոր անոնք, որոնք տարբեր կենցաղ, ըմբռնում կամ հաւատք ունին։ Առողջ հոգին, զուգորդուելով առողջ մտքի հետ, մարմինը կ՛առաջնորդէ առողջ քայլերու՝ իրագործելու այնպիսի երազներ, զորս մարմինը առանձինն կարող չէ։
Մեր երկնաւոր Բժիշկին կողմէ հրամցուած այս ձրի եւ բուժիչ դեղատոմսը ստանալով, բոլորս ալ ամենայն զգաստութեամբ զգոյշ ըլլանք մեր հոգիներու առողջութեան՝ կենսունակ ու մղիչ ներոյժը առողջ մտքի ու մարմնի, որպէսզի արդարացնենք արարչագործ մեր երկնաւոր Հօր ակնկալութիւնը գործակից ըլլալու Իրեն, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։