Հայ լեզուի անկիւնը

ԱՒԱԶՆ ՈՒ ԱՒԱԶԱՆԸ ՄՕ՞Տ ԵՆ ԻՐԱՐՈՒ, ԹԷ՞ ՈՉ

Բառերու հնչիւնները միշտ խաբուսիկ տպաւորութիւն կը ձգեն։ Այսինքն՝ մէկէ աւելի իմաստներ ունեցող նոյն բառը, կամ հնչիւնով իրարու շատ մօտիկ բառեր կրնան սխալ կողմնորոշել հեղինակը, թէ մէկն ու միւսը իրարու հետ կապ ունին։ Երբեմն կրնան կապ ունենալ, իսկ երբեմն՝ ոչ։

Ահա «աւազ» եւ «աւազան» բառերը։ Աւազանը այն տեղն է, ուր ջուրը կ՚ամբարուի, եւ ունինք, օրինակ, մկրտութեան աւազան կամ լողաւազան։ Գետ մը ու իր վտակները կամ լիճ մը ու իր մէջ թափուող գետերը ընդգրկող տարածութիւնը եւս «աւազան» կը կոչուի։ Իսկ արդեօք «աւազ»ը, որ կրնայ գտնուիլ աւազանի մը մերձակայքը, կապ ունի՞։

Թերեւս այո, թերեւս ոչ։ Արդարեւ, «աւազան» իրանական ծագում ունի, եւ անոր նախնական ձեւը *avazana ըլլալու է։ Աստղանիշ կը գործածենք, քանի որ ենթադրեալ բառ մըն է, անոր գրաւոր վկայութիւնը գտնուած չէ։ Սակայն, լեզուաբանները վերականգնած են բառի ձեւը, ըստ լեզուական օրէնքներու։ Անոնք իբրեւ հիմք գործածած են իրանական հին լեզուի մը (այժմ՝ անհետացած)՝ սոկտիերէնի մէջ պահպանուած *awaza («լիճ») բառը, որմէ բխած է նաեւ պարսկերէն awaze ։

Հապա՞ «աւազ»ը։ Այս բառը սովորաբար համեմատուած է նախագերմաներէն *samdaz («աւազ») բառին հետ, որմէ կու գայ նաեւ անգլերէն sand բառը եւ որուն ծագումը պէտք է փնտռել նախահնդեւրոպական *sabʰ («կոխել, մանրացնել») արմատին մէջ։ Սակայն, հայրենի լեզուաբան Հրաչ Մարտիրոսեան առաջարկած է զայն կապել նոյն սոկտիերէն *awaza («լիճ») բառին, բացատրելով, որ բառին իմաստը կրնայ փոխուած ըլլալ ժամանակի ընթացքին կամ մէկ լեզուէն միւսը, «լիճ» իմաստէն անցնելով «տիղմ»ի եւ ապա՝ «աւազ»ի։

Լեզուաբանութիւնը, ինչպէս ամէն գիտութիւն, կը հիմնուի յառաջընթացի վրայ, եւ մանաւանդ բառերու ծագումն ու իմաստները կրնան տարբեր բացատրութիւններ ունենալ ժամանակի ընթացքին։ Ահա թէ ինչո՞ւ դեռ պէտք է սպասենք, որ կարենանք հաստատել, թէ աւազն ու աւազանը, ձայնով նման ըլլալէ զատ, նաեւ նոյն աղբիւրը ունին։