Մեր ծուխերէն

ԵՐԻՏԱՍԱՐԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 9 Հոկտեմբերին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 15-22 տարեկան պատանիներու եւ երիտասարդներու հաւաքոյթ մը՝ եկեղեցւոյ առաջին երիտասարդական ծրագրի բացումը նախապատրաստելու եւ այդ առիթով մտքերու փոխանակում ունենալու համար։

Ժողովը վարեցին Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, մեթր Արմէն Մորեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ, եւ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ փոխատենապետ, ներկայացնելով ծրագրի մանրամասնութիւնները, ինչպէս եւ այն մտքերը, որոնք ծնունդ տուած էին այս գաղափարին։

Մասնակիցներէն շատեր երկար տարիներ եկեղեցի յաճախած էին, մասնակցելով Կիրակնօրեայ դպրոցին եւ այլ յայտագիրներու, իսկ ուրիշներ նորեկներ էին։ Անոնք բազմաթիւ շինիչ ու շահեկան առաջարկներ բերելով, որոնց նպատակը մէկ էր՝ վայր մը ստեղծել, ուր մեր երիտասարդութիւնը մեր հաւատքը, մեր մշակոյթն ու մեր պատմութիւնը արծարծէ։ Մասնակիցները յոյս արտայայտեցին, թէ ծրագրի նոր ու թարմ բնոյթը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքերով, մեր երիտասարդութեան ապագային մէջ ներդրում մը կը կատարէ։