Առաջնորդարանէն

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆ) ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐԷ ԻՐ ՆՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԸ՝ ԱՐԺՊ. Տ. ՍԱՄՈԻԷԼ ՔՀՆ. ԱՃԷՄԵԱՆԸ

Կիրակի, 16 Հոկտեմբերին, Քընէթիքըթի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ տարեգրութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ, եռեակ գեղեցիկ առիթներու զուգորդութեամբ։ Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եկեղեցւոյ 97րդ տարեդարձին առթիւ պատարագեց ու քարոզեց եւ ներկայացուց եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանը։ Սրբազան Հայրը՝ Սամուէլ մարգարէի օրինակը մէջբերելով, յայտնեց թէ Տէր Սամուէլը, տարիքով թէեւ շատ երիտասարդ, սակայն Աստուծոյ շնորհքով առատապէս զարդարուած, լաւագոյնս պիտի արդարացնէ իր ծառայութիւնը։ Միաժամանակ, ծխականներէն խնդրեց իրենց ամբողջական աջակցութիւնը, օրինակ բերելով թէ ինչպէս թռչունը շնորհիւ իր թեւերուն կը թռչի, նմանապէս հոգեւոր հովիւին թեւերը ժողովուրդն է, որ իր անակարկ աջակցութեամբ հովիւին ծրագիրներուն թռիչք կուտայ։

Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները դիմաւորեցին Սրբալոյս միւռոնը եւ վայելեցին Ջրօրհնէքի սրբապարար արարողութիւնը։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն ի պատիւ նորանշանակ հոգեւոր Հովիւին եւ երէցկնոջ։

Յայտագրի ընթացքին, խօսք առին տիար Յակոբ Խաչատուրեան՝ Ազգ․ Վարչութեան ատենապետ, եւ Տօքթ․ Ռաֆֆի Մանճիկեան, Ազգ․ Վարչութեան ներկայացուցիչը գաղութին քով։ Իր սրտի խօսքը ուղղեց Արժպ․ Տէր Սամուէլ քահանան, որ յայտնեց.

«Ամէն բանէ առաջ փառք եւ գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս առիթը կ՚ընծայէ ծառայելու իր հաւատացեալ ժողովուրդին եւ այս անգամ այս ծառայութեան դաշտը կ՚ըլլայ Քընէթիքըթի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին։ Եկեղեցի մը, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հնագոյն Հայ Առաքելական եկեղեցիներէն մին է։ Եկեղեցի մը, որ ունի 97 տարուան հարուստ պատմութիւն, 97 տարիներու վերիվայրումներ եւ 97 տարուան աղօթող եւ իրեն փառաբանող շրթներ։

Շնորհակալութիւն Սրբազան Հօր, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան նուիրեալ անդամներուն, որոնք հովուութիւն ընելու պարտականութիւնը վստահեցան ինծի եւ առիթը տուին, որպէսզի արդէն 100 տարեկանի մօտեցող եկեղեցւոյ մը պատմութեան արձանագրութեան մէջ, ես ալ իմ կարգիս խոնարհ ծառայութիւնս աւելցնեմ։

Վերջապէս խօսքս ուղղելով ձեզի, սիրելի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հաւատացեալներ, այս պահէս սկսեալ մենք կ՚ըլլանք մէկ ընտանիք։ Մեզմէ մէկուն ցաւը բոլորիս ցաւն է, մեզմէ մէկուն ուրախութիւնն ու յաջողութիւնը բոլորիս յաջողութիւնը եւ ուրախութիւնն է։ Բոլորս միասին, որպէս մէկ բռունցք, այս եկեղեցւոյ նաւը պիտի առաջնորդենք դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։ Բոլորս միասին այս եկեղեցին պիտի շէնցնենք եւ լեցնենք։ Այդ բոլորը ես մինակս չեմ կրնար իրագործել, այդ բոլորը իրագործելու համար ձեր աջակցութեան պէտք ունիմ, որպէսզի բոլորս միասին, հարազատ եւ անկեղծ սիրով դարձեալ այս եկեղեցին շէնցնենք ի փառս Աստուծոյ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ»։

Ձախէն աջ՝ տոքթ. Ռաֆֆի Մանճիկեան՝ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ, տիար Յակոբ Խաչատուրեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Եդուարդ Ա. Սրկ. Վարժապետեան, Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան, եւ օր. Թամար Քանարեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենադպիր։

Այնուհետեւ Տէր Հայրը ներկայացուց եկեղեցւոյ Ս․ Խորանին վեց տասնամեակներ հաւատարմօրէն սպասարկող Եդուարդ Ա․ Սրկ. Վարժապետեանը։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Բարեշնորհ Սարկաւագին գովելի նուիրումը եւ անոր ներկայացուց «Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագ»ի գնահատագիրը։

Տէր Սամուէլի «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ օրուան յայտագիրը։

Կենսագրութիւն Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանի

Ծնած է Հալէպ, 3 Յունուար, 1996-ին, աւազանի անունով Սարգիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի ազգ. Սահակեան վարժարանը եւ ապա Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ուր յաճախած է մէկ տարի։ 2008-2009 տարեշրջանին ընդունուած է Դպրեվանք, ուր աւարտելէ ետք Ժառանգաւորացի քառամեայ բաժինը, յաջողութեամբ անցած է Ընծայարանի բաժինը։ Կիսասարկաւագի կարգ ստացած է 2 Յունիս, 2013-ին, ձեռամբ հոգելոյս Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի, իսկ 1 Յունիս, 2014-ին, Սարկաւագ ձեռնադրուած է ձեռամբ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի։ 2016-ին աւարտած է Դպրեվանքեան ութամեայ տարեշրջանը։

Միաժամանակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմ քահանայութեան դիմելով, ընդունուած է որպէս քահանայացու։ 2018-ին աւարտելով երկու տարուան խտացեալ դասընթացքներու շրջանը, Յուլիս 29-ին պսակուած է Փաթիլ Արապաթլեանի հետ։ Իսկ 2018-ի Հոկտեմբեր 7ին, ձեռամբ հոգելոյս Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի, քահանայութեան կարգ ստացած է, վերանուանուելով Տ. Սամուէլ Քահանայ։ Նոյեմբեր 2018էն մինչեւ Հոկտեմբեր 2020 Թրիփոլիի (Լիբանան) Սուրբ Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւ եղած է, իսկ Հոկտեմբեր 2020էն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ մեկնումը Նոյեմբեր 2021ին՝ Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ։

Միացեալ Նահանգներ ժամանումէն ետք, Տէր Հայրը սկզբնական պատրատութեան շրջան մը բոլորեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի վերահսկողութեան տակ։ Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին, Ուոթըրթաունի համայնքը ողջերթի երեկոյ մը կազմակերպեց Արժպ. Տ. Սամուէլի, երէցկին Փաթիլի եւ փոքրիկն Բարտիի համար։