Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՍՈՐԻ ԵՒ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ

Հոկտեմբեր 17-19ին, Գահիրէէն (Եգիպտոս) քիչ անդին գտնուող Անպա Պիշոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Անտիոքի Պատրիարքութեան եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

1996 թուականին, Վեհափառ Հայրապետին, Ասորի Եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. Պատրիարքին եւ Ղպտի Եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքին կողմէ հաստատուած միջ-եկեղեցական գործակցութեան յանձնախումբը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցած էր Անթիլիասի մայրավանքին, Գահիրէի եւ Դամասկոսի մէջ։ Յանձնախումբին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մաս կազմեցին Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։

Համավարակին հետեւանքով թէ՛ յիշեալ յանձնախումբի անդամները եւ թէ՛ երեք հոգեւոր պետերը առիթ չէին ունեցած շարունակելու իրենց հանդիպումներն ու հաւաքական աշխատանքները։ Առաջին երկու օրերուն, յանձնախումբի անդամները հանդիպեցան Անպա Պիշոյ վանքին մէջ եւ քննարկեցին միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ծիրէն ներս Կաթողիկէ, Ուղղափառ եւ Անկլիքան եկեղեցիներուն հետ շարունակուող աստուածաբանական երկխօսութիւնները, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին մեր եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ յիշեալ եկեղեցիներուն առնչուած յատկանշական դէպքեր ու կարեւոր ծրագիրներ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ։

Երրորդ օրը տեղի ունեցաւ յանձնախումբին եւ հոգեւոր պետերուն միջեւ հանդիպում։ Յանձնախումբը զեկոյց ներկայացուց իր կատարած աշխատանքներուն մասին, տեղի ունեցան անհրաժեշտ քննարկումներ եւ ապա հոգեւոր պետերը հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան կարեւորութիւնը։

Յանձնախումբին եւ հոգեւոր պետերուն յաջորդ հանդիպումը 2023ին տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։