Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

24-29 Հոկտեմբերին, Արեւելեան Ուղղափառ-Անկլիքան Եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբը իր տարեկան հաւաքը կայացուց Անգլիոյ մէջ, Ղպտի Եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմի հիւրընկալութեամբ։ Ժողովը գումարուեցաւ Էսէքսի Պռէյնթրի աւանը գտնուող Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ «Պեթել» կեդրոնին մէջ։ Անոր ներկայ էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը՝ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վարդապետ Թահանեան։

Յանձնախումբը շարունակեց 2019 թուականին՝ Անկլիքան Եկեղեցւոյ կողմէ հիւրընկալուած Գահիրէ ժողովին սկիզբ առած «Տիեզերական ժողովներուն ժառանգութիւնը» թեմայով թղթածրարի աշխատանքները։ 2020 եւ 2021 թուականներուն կարելի չէր եղած ժողով գումարել համավարակին պատճառով։ Այս թեմային վերաբերեալ բանաձեւը վերատեսութեան ենթարկուեցաւ եւ վերջնական ձեւ ստանալէ ետք որդեգրուեցաւ։ Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ «Եկեղեցիներու ընտանիք» նիւթը եւ մանրամասնօրէն ուսումնասիրուեցան յառաջիկայ տարուան աշխատանքները, հիմնական օրակարգի վրայ դնելով «Եպիսկոպոսներ Եւ Սինոտներ» թեմային թղթածրարը։

27 Հոկտեմբերին յանձնախումբը հիւրը եղաւ Սուրբ Ալպանի վանքի տեսուչին։ Տեղի ունեցաւ աղօթք՝ Ս. Ալպանի եւ Ս. Ամփիպալոսի մասունքներուն առջեւ։ Ժողովականները այցելեցին Ղպտի Եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին եւ Սթիվնէճի Ս. Գէորգ մայրավանքը, ուր յանձնախումբին համա-ատենապետները ստորագրեցին «Տիեզերական ժողովներուն ժառանգութիւնը» բանաձեւը՝ յանուն ժողովականներուն։

Յանձնախումբը բաղկացած է տարբեր երկիրներէ ու մշակոյթներէ եկած հոգեւորականներէ։ Այս համաշխարհային ծիրին մէջ, եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաճախ նոյնանման են։ Քննարկումներու եւ աղօթքներու մէջ ամէնէն շատ յիշատակուեցաւ Միջին Արեւելքը։ Յանձնախումբի անդամները իրենց փորձառութիւնը բաժնեցին Լիբանանի, Սուրիոյ ու Իրաքի տագնապներուն եւ հակամարտութիւններուն լոյսին տակ։ Յանձնախումբը յատկապէս ուշադրութիւն դարձուց վերջին հանդիպումէն մինչեւ օրս Կովկասի մէջ տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւններուն, ի մասնաւորի Արցախի ժողովուրդին դէմ ազերի-թրքական յարձակումներու լոյսին տակ։

Յանձնախումբը իր յաջորդ ժողովը պիտի գումարէ Հոկտեմբեր 2023ին Յորդանանի թագաւորութեան Անկլիքան Եկեղեցւոյ Երուսաղէմի թեմին մէջ։