«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
«Սիամանթօ» լսարանը՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի հովանաւորած պատանիներու շաբաթօրեայ ձեռնարկը, կը շարունակէ իր առցանց հանդիպումները՝ մէկտեղելով Ամերիկայի արեւելեան հատուածի պատանիներ։ Երկու ժամուան այս հանդիպումները ամէն շաբաթ մեր նոր սերունդը հաղորդակից կը դարձնեն իրենց լեզուին եւ մշակոյթի տարբեր երեսներու հարստութեանց։
Աշակերտները Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթը, Թարգմանչաց Տօնին առիթով, գողտրիկ աշխատանոց մը ունեցան իրենց լեզուի ուսուցիչներուն ուղեկցութեամբ։ Հաւաքական աշխատանքով, հոն ծանօթացան թարգմանական աշխատանքի էութեան, ինչպէս եւ գրերու գիւտին։
Անցնող երկու տարեշրջաններուն, տարեկան երեք անգամ կը կազմակերպուէին հանդիպումներ Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակին հետ, պատանիներու մտքերուն մէջ յստակացնելու հայրենի եւ սփիւռքեան իրավիճակը։
Այդ հանդիպումներուն յաջողութիւնն ու ներկայիս տիրող վիճակի խառն ու շփոթեցուցիչ բնոյթը պատճառ դարձան, որ այս հանդիպումներուն պարբերականութիւնը աւելնայ։ Այսպէս, Յանձնախումբի գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ պրն. Արամ Համբարեան, Հոկտեմբերին այցելութիւն մը տուաւ, յստակ ծանօթութիւններու փոխանցումով նաեւ պատանիի դերին ու իրաւունքներուն անդրադառնալով։
Նոյեմբեր ամիսը ըլլալով ամերիկեան ընտրութիւններու ժամանակը, Էլիզապէթ Չուլճեան, որ Յանձնախումբի հաղորդակցութեան բաժնի վարիչն է, լսարան կատարած իր այցելութեամբ արժէքաւոր տեղեկութիւններ տուաւ հայազգի անձերու մասին, որոնք կենսական դեր ունեցած են կառավարութեան մէջ եւ որոնց հայ ինքնութեան ծանօթ չէին պատանիները։ Ապա, Է․ Չուլճեան մանրակրկիտ կերպով ներկայացուց իւրաքանչիւր թեկնածուի արժեւորումը մեր՝ ամերիկացի հայու մտահոգութիւններէն մեկնելով, ինչ որ տարբեր դիտանկիւն մը բացաւ անոնց աչքին։
Այսպիսի հանդիպումներով մեր առջեւ օրը օրին կը հասուննան մեր պատանիները՝ ըլլա՛յ որպէս հայ, ըլլա՛յ որպէս ամերիկեան քաղաքացի։
Այս երկու հանդիպումներուն ներկայ էին նաեւ Շիքակոյի «Դանիէլ Վարուժան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները, որ երբեմն կը մասնակցի լսարանի նիստերուն, իրենց տնօրէնուհի՝ տիկ. Թալին Արթինեանի ուղեկցութեամբ։