Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՀՈՒՐԻԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ (19 Ապրիլ, 1926-23 Նոյեմբեր, 2022)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները խորին ցաւով իմացան Ազգային Առաջնորդարանի երկարամեայ գործակից եւ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի նախկին վարիչ տնօրէն՝ տիկ. Հուրիկ Փափազեան-Սահակեանի մահուան լուրը, 96 տարեկան հասակին, 23 Նոյեմբեր, 2022ին։ Անոր ամուսինը՝ Ռոպըրթ Վահէ Սահակեան, որուն հետ 63 տարի կազմած էր հայաշունչ բոյն մը, մահացած էր 2016ին։

Տիկ. Հուրիկ Սեդա Փափազեան-Սահակեան ծնած էր Նիւ Եորք, 19 Ապրիլ, 1926ին։ Հայրը՝ Վահան Փափազեան, օժտեալ արուեստագէտ մըն էր, որ լայն մասնակցութիւն ունեցած է ամերիկահայ քաղաքական ու մշակութային կեանքին մէջ։ Անոր ընտանիքին մաս կազմած են երկու հոգեւորականներ՝ Տ. Յուսիկ Քհն. Փափազեան եւ Տ. Ներսէս Քհն. Փափազեան, եւ երկու հռչակաւոր դէմքեր՝ գրող Վրթանէս Փափազեան (1866-1920), եւ հօրեղբայրը՝ յեղափոխական գործիչ Վահան Փափազեան (Կոմս, 1876-1973)։ Մայրը՝ Արփի Մելիք-Ստեփանեան, Ղարաբաղի մելիքներու շառաւիղներէն էր եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր ԱՆՉԱյի աշխատանքներուն մէջ Բ. Աշխարհամարտէն ետք։

Վաթսունամեայ կրթական գործունէութեան մէջ, տիկ. Հուրիկ Փափազեան-Սահակեան լայնօրէն նպաստած էր Միացեալ Նահանգներու եւ արտասահմանի հայկական դպրոցներու բարենորոգումին։ 1950ին, Լեւոն Շանթի հրաւէրով, ճամբորդած էր Պէյրութ, ուր «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ մանկապարտէզի բաժանմունքի ստեղծումին մեծապէս սատարած է, ամերիկեան կրթական փիլիսոփայութիւնն ու մեթոտաբանութիւնը մուծելով։ Վերադառնալով Ամերիկա, շարունակած էր երաժշտութեան ուսուցիչի աշխատանքը Նիւ Ճըրզիի մէջ։ 1970ական թուականներու վերջաւորութեան, Նիւ Ճըրզիի հայկական վարժարանի (այժմ «Յովնանեան» վարժարան) տնօրէնութիւնը ստանձնած է։

1960-1970ական թուականներուն, Թեմիս առաջնորդներու՝ Հրանդ Արքեպիսկոպոսի եւ Գարեգին Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, տիկ. Փափազեան-Սահակեան Ազգ. Առաջնորդարանի զանազան ծրագիրներու մէջ աշխատած էր։ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի անդամ դառնալէ ետք, 1980ական թուականներու սկզբանւորութեան, օրուան առաջնորդ՝ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի յանձնարարութեամբ, ստանձած էր Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։

Ան ծրագիրներ ստեղծած է ամերիկահայ պատանիներու եւ չափահասներու համար, դոկտ. Սթիվ Չեքոսկիի հետ համահիմնադիր ըլլալով «Սիամանթօ» լսարանին (1981), որ քառասնամեայ իր գործունէութեամբ երկրորդականի տարիքի աշակերտներու իրերայաջորդ սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբած է՝ յայտնի դասախօսներու եւ հրաւիրեալ դասախօսներու մասնակցութեամբ։ Տիկ. Փափազեան-Սահակեանի ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ, Ուսումնական Խորհուրդի աշխատանքը լայն ծաւալ ստացած է։

Ուսումնական ծրագիր մշակման կողքին, ան երկլեզու «Հայաստանի պատմական ատլաս»ի ստեղծման մղիչ ուժը հանդիսացած է, Արտաշէս Համբարեանի հետ միասնաբար խմբագրելով քանի մը կարեւոր աշխատութիւններ՝ Ռոպըրթ Պետրոսեանի «Հայաստան հին եւ միջնադարեան ժամանակներուն», եւ Թոմըս Սամուէլեանի «Արդի արեւմտահայերէնի դասընթացք» եւ «Տառադարձուած հայերէն բառարան»։ Պէյրութեան տարիներուն, Լեւոն Շանթի հետ մշակած է սկզբնական բնօրինակը մանկական յայտնի «Փոքրիկ Անին» եւ «Պետիկն ու գայլը» դասագիրքերուն։

Որպէս երաժիշտ, թէ՛ դաշնակահար եղած է եւ թէ՛ դասատու։ Իր մօտիկ ընկերուհի Սօսի Գատեանի հետ, Հուրիկ Փափազեան-Սահակեան հայկական երգեր ու պարեր ներկայացուցած է՝ յայտնի երաժիշտներու ընկերակցութեամբ։ Կեանքի վերջին տարիներուն, անոր գործունէութիւնը դադար ունեցած չէ։ Հիմնած է “The Way We Were” թատերախումբը, գրելով ու բեմադրելով երաժշտախառն թատերախաղեր, ուր հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը ներկայացուած են։ «Վարանոտ հարսը», «Բարեւ, Էլիզ Այլընտ» եւ «Հայկական լեգէոն. կամաւորին պատմութիւնը» նման թատերախաղեր էին, որոնք մեծ յաջողութեամբ ներկայացուած են Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ սրահներու մէջ։  2014ին, անգլերէնի թարգմանած է Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի «Ի խորոց սրտի» հատորը, նուիրուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսներուն։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի երեք որդիներուն՝ Տորք, Արիս եւ Կարէն Սահակեաններուն, հարսերուն, եւ ութ թոռներուն, ինչպէս եւ քրոջ՝ Սիրան Գրիգորեանին եւ բոլոր հարազատներուն։

Տան կարգը տեղի կ՚ունենայ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին (այցելութիւն՝ երեկոյեան ժամը 5:00-8:00), Պասրալեան մեռելատան մէջ, Օրատէլ։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պիտի նախագահէ յուղարկաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2ին, առաւօտեան ժամը 10:00ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Այնուհետեւ, թաղումը պիտի կատարուի The Woodlawn Cemeteryի մէջ (Պրոնքս)։

Աստուած թող լուսաւորէ տիկ. Հուրիկի հոգին, մխիթարութիւն պարգեւէ իր սիրեցեալներուն եւ անոր շունչով նորանոր մշակներ պարգեւէ մեր համայնքին ու ազգին։