Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ – Դ․ ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 38:1-8

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 17:1-10

Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ’իյնան: Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր: Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք: Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն: Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ «Կը զղջամ», պէտք է ներես իրեն:

Առաքեալները ըսին Տիրոջ.

Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը:

Տէրը ըսաւ.

Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թթենիին. «Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ», պիտի հնազանդի ձեզի:

Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը ծառայ մը ունի, որ հողագործ է կամ հովիւ: Երբ ծառան դաշտէն դառնայ եւ տուն մտնէ, տէրը իրեն կ’ըսէ՞. «Անմիջապէս գնա՛, ճաշդ կեր»: Բնականաբար ո՛չ: Ընդհակառակը, անոր կ’ըսէ. «Ընթրիքս պատրաստէ եւ գոգնոցդ կապելով սպասարկէ՛ ինծի, մինչեւ ընթրիքս վերջացնեմ, անկէ ետք կրնաս ուտել ու խմել»: Կը կարծէ՞ք որ տէրը իր ծառային երախտապարտ պէտք է ըլլայ իր հրահանգները կատարելուն համար: Չեմ կարծեր: Դուք ալ նոյնպէս, երբ կը կատարէք ինչ որ հրամայուած է ձեզի, ըսէք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»:

 

ՆԱՄԱԿ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-14

Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ իր Որդիին միջոցաւ: Աստուած զինք ամէն բանի ժառանգորդ կարգեց եւ անոր միջոցաւ էր որ տիեզերքը ստեղծեց: Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան, աջ կողմը:

Անիկա շատ աւելի բարձր է հրեշտակներէն, ինչպէս Աստուծմէ իրեն տրուած գերազանց անունը ցոյց կու տայ. որովհետեւ ո՞ր մէկ հրեշտակին երբեւիցէ Աստուած ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես, այսօր քեզ ծնայ»: Կամ ո՞ր մէկ հրեշտակին ըսաւ. «Ես անոր Հայր պիտի ըլլամ եւ անիկա՝ ինծի Որդի»: Դարձեալ, երբ իր անդրանիկ Որդին աշխարհ կը ղրկէր, ըսաւ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակները թող պաշտեն զայն»:

Աստուած իր հրեշտակներուն մասին խօսած ատեն, կ’ըսէ.

«Աստուած իր հրեշտակները ստեղծեց

որպէս պատգամաւոր հոգիներ,

եւ իրեն ծառայողները՝ կրակի բոցի պէս»:

 

Մինչդեռ Որդիին կ’ըսէ.

«Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտենական է.

արդարութեամբ կ’իշխես թագաւորութեանդ վրայ:

Արդարութիւնը կը սիրես

եւ անիրաւութիւնը կ’ատես:

Ահա թէ ինչու, ո՛վ Աստուած,

քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ,

քու ընկերներէդ աւելի»:

 

Դարձեալ, ուրիշ տեղ մը Որդիին կ’ըսէ.

«Դուն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն ստեղծեցիր երկիրը:

եւ երկինքը քու ձեռագործդ է:

Անոնք պիտի կորսուին.

բայց դուն կաս եւ կը մնաս:

Անոնք հագուստի պէս պիտի մաշին.

վերարկուի մը պէս պիտի ծալլես զանոնք

եւ հագուստի մը պէս փոխես:

Բայց դուն միշտ նոյնն ես

եւ քու տարիներդ վերջ պիտի չունենան»:

 

Բայց հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք.

«Աջ կողմս նստէ,

մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ

որպէս պատուանդան»:

 

Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն: