Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՐԳԵՐ ՀԱՅ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբերին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) «Աղ եւ լոյս» երիտասարդական առաքելութեան խումբը Ս. Ծննդեան երգերու տարեկան ձեռնարկը կատարեց, նուիրուած՝ հայ երէցներու։ Պատանիները եւ իրենց ընտանիքները համայքի հայ երէցներու տուները այցելեցին՝ դռնէ դուռ երթալով եւ հայերէն ու անգլերէն Ս. Ծննդեան երգեր երգելով՝ սրբազան տօնին խանդավառութիւնը սփռելով ամէնուրեք։