Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԻՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 19 Դեկտեմբեր, 1906)

Արտաշէս Շահինեան կը համարուի հիմնադիրը Հայաստանի թուաբանութեան դպրոցին, որ արդէն միջազգային ճանաչման հասած էր 1940ական եւ 1950ական թուականներուն։

Շահինեան ծնած է Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Գիւմրի), 19 Դեկտեմբեր, 1906ին։ 1930 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը (ԵՊՀ), ուր դասախօսած է գրեթէ կէս դար՝ 1929-1978 թուականներուն։ Համալսարանին մէջ եղած է երկրաչափութեան (1938-1944), թուաբանութեան վերլուծման եւ գործառոյթներու տեսութեան (theory of functions) ամպիոններու վարիչ (1944-1978), իսկ 1939-1942ին՝ բնագիտութեան եւ թուաբանութեան ճիւղի տեսուչ։

1944ին բնագիտութեան եւ թուաբանութեան դոկտորական աստիճան ստացած է Լենինկրատի (այժմ՝ Ս. Փեթերպուրկ) համալսարանէն եւ նոյն տարին՝ փրոֆեսորի տիտղոսը։ 1945ին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից ընտրուած է, իսկ 1947ին՝ ակադեմիկոս։ Համալսարանական դասաւանդութեան զուգահեռ, պաշտօններ վարած է Ակադեմիայի մէջ. թուաբանութեան եւ մեքենագիտութեան բաժանմունքի վարիչ (1945-1955), թուաբանութեան եւ մեքենագիտութեան հիմնարկի տնօրէն (1955-1959) եւ բնագիտական ու թուաբանական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար (1950-1963)։ 1961ին ստացած է Հայաստանի վաստակաւոր գիտնականի տիտղոսը։ 1967-1975ին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր եղած է։

Շահինեանի աշխատանքներով, թուաբանութեան կալուածի համակարգուած գիտական հետազօտութիւններուն հիմքը դրուած է։ Ան զբաղած է թուաբանական վերլուծման տեսական հարցերով, իսկ անոր ներդրումները միջազգային ճանաչում ստացած են։ Իր մասնագիտական գիտելիքներուն կողքին, գիտնականը նաեւ բանաստեղծութեան, պատմութեան եւ արուեստներու մասին հիմնաւոր գիտելիքներ ունէր, որոնք հաղորդած է իր աշակերտներուն։ Անոնց կարգին էին յայտնի անուններ, ինչպէս Սերգէյ Մերգելեան, Մխիթար Ջրբաշեան, Ռաֆայէլ Ալեքսանդրեան, Ալեքսանդր Տալալեան եւ Նորայր Առաքելեան, որոնք դարձած են հռչակաւոր ուսողագէտներ, ակադեմիկոսներ, եւ Հայաստանի թուաբանութեան դպրոցի յաջորդ ղեկավարները։ Շահինեանի որդին էր բնագէտ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի ակադեմիկոս Արամ Շահինեանը (1938-2020)։

Ակադ. Արտաշէս Շահինեան մահացած է 14 Մայիս, 1978ին։ Անոր անունով կոչուած են Երեւանի պետական համալսարանին կից՝ իր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած եւ բնագիտութեան ու թուաբանութեան թեքումով դպրոցը (1978), ինչպէս եւ փողոցներ Երեւանի ու Գիւմրիի մէջ։ 1978ին ԵՊՀ-ի մէջ Շահինեանի անունով կրթաթոշակ սահմանուած է։ 1999ին յուշակոթող կանգնեցուած է Գիւմրիի մէջ։